Տալը դիւրին էր վերատիրանալը դժուար

Կատա­րեալ գայ­­թակղու­­թիւն մըն էր Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքին սե­­փակա­­նու­­թիւնը եղող եւ «Կո­­վերու պար­­տէզ» անու­­նով ծա­­նօթ հո­­ղատա­­րած­­քին 99 տա­­րուայ ժամ­­կէ­­­տով իս­­րա­­­յէլեան ըն­­կե­­­րու­­թեան մը վար­­ձա­­­կալե­­լու դէպ­­քը։

Փակ դռնե­­րու ետին կա­­տարո­­ւած հա­­մաձայ­­նութեան հրա­­պարա­­կու­­մէն ետք առար­­կութեան առա­­ջին ալի­­քը բարձրա­­ցաւ Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքէն։ Վա­­նական հա­­մալի­­րը միաժա­­մանակ կը նե­­րառէ քա­­ղաքի հա­­յոց թա­­ղամա­­սը։ Ար­­դա­­­րեւ հայ հա­­մայնքի ան­­դամներ բո­­ղոքի ցոյց կա­­տարե­­ցին Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիարք Նուրհան Սրբա­­զանի դէմ։

Ապա վրայ հա­­սաւ թէ Յոր­­դա­­­նանի Թա­­գաւո­­րու­­թեան եւ թէ Պա­­ղէս­­տի­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թեան խիստ բո­­ղոքա­­գիր­­նե­­­րը, ուղղո­­ւած Նուրհան Պատ­­րիար­­քին։ Նա­­մակա­­գիր­­նե­­­րը կը յայտնէին թէ յետ այ­­սու չեն ճանչնար Նուրհան Պատ­­րիար­­քի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։

Միւս կող­­մէ Պատ­­րիարք սրբա­­զան իրեն ուղղո­­ւած մե­­ղադ­­րանքնե­­րը կը վե­­րագ­­րէր ար­­դէն իսկ կար­­գա­­­լոյծ եղած վար­­դա­­­պետի մը, որ նա­­խապէս վա­­րած էր կա­­լուած­­նե­­­րու պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան պաշ­­տօ­­­նը։ Նուրհան Պատ­­րիարք կը պնդէր թէ այս վեր­­ջի­­­նը զինք խա­­բելով է որ ապա­­հոված է ստո­­րագ­­րութիւ­­նը։

Դէպ­­քը նոր փուլ մը մտաւ, երբ Նուրհան Պատ­­րիարք յայ­­տա­­­րարեց թէ չե­­ղեալ հա­­մարո­­ւած է 99 տա­­րուայ վար­­ձա­­­կալու­­թեան մա­­սին հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը։

Յա­­ջոր­­դող դէպ­­քե­­­րու մա­­սին կը լսենք պատ­­րիար­­քա­­­րանի հրա­­պարա­­կու­­մէն, որ մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք ստո­­րեւ։

«Երու­­սա­­­ղէմի Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քութիւ­­նը այ­­սու կը տե­­ղեկաց­­նէ, որ «Կո­­վերու պար­­տէզ» անու­­նով յայտնի կա­­լուա­­ծի վար­­ձա­­­կալու­­թիւնը չե­­ղեալ նկա­­տելու նա­­մակէն յե­­տոյ երկրորդ կող­­մը, փո­­խանակ նա­­մակին պա­­տաս­­խան տա­­լու, ար­­ձա­­­գան­­գած է կա­­լուա­­ծի վրայ առ­­կայ պարսպի եւ կա­­յանա­­տեղե­­րու քան­­դումով, աս­­ֆալտի հե­­ռացու­­մով եւ շատ աւե­­լի մեծ վնաս պատ­­ճա­­­ռելու սպառ­­նա­­­լիքով։

Երէկ երկրորդ կող­­մը նոյ­­նիսկ զէն­­քով զի­­նուած անվտան­­գութեան աշ­­խա­­­տակից­­ներ եւ վար­­ժեցրած շներ բե­­րած էր կա­­լուած՝ պա­­հան­­ջե­­­լով ազա­­տել կա­­լուա­­ծը հայ­­կա­­­կան ներ­­կա­­­յու­­թե­­­նէ։ Ի պա­­տաս­­խան այս պա­­հան­­ջի՝ Երու­­սա­­­ղէմի Հայ Պատ­­րիար­­քը, Սրբոց Յա­­կոբեանց Միաբա­­նու­­թեան ան­­դամնե­­րը եւ Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը հա­­ւաքո­­ւած էին հոն՝ խա­­ղաղ կեր­­պով իրենց դժգո­­հու­­թիւնը եւ ան­­հա­­­մաձայ­­նութիւ­­նը յայտնե­­լու եղած պա­­հան­­ջին։

Քա­­նի մը ժամ յե­­տոյ կող­­մե­­­րը պայ­­մա­­­նաւո­­րուե­­ցան հե­­ռանալ կա­­լուա­­ծէն եւ ոչինչ ձեռ­­նարկել այնքան ժա­­մանակ, մին­­չեւ Պատ­­րիար­­քութիւ­­նը չստա­­նայ հա­­մաձայ­­նա­­­գիրը չե­­ղեալ նկա­­տելու իր ղրկած նա­­մակին պա­­տաս­­խա­­­նը»։

Ու­­շագրաւ է որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­­միած­­նի մէջ գու­­մա­­­րուող հո­­գեւոր խոր­­հուրդը որե­­ւէ ար­­ձա­­­գանգ չէ ու­­նե­­­ցած առ­­կայ գայ­­թակղու­­թեան եւ անոր հե­­տեւանքնե­­րուն շուրջ։

Յայտնի է որ խնդի­­րը հետզհե­­տէ պի­­տի ու­­նե­­­նայ նոր զար­­գա­­­ցումներ, յա­­ճախ գլխա­­ցաւանք պատ­­ճա­­­ռելով ոչ միայն Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքին, այլ հա­­մընդհա­­նուր հա­­յու­­թեան եւ մաս­­նա­­­ւորա­­պէս հայ հո­­գեւո­­րակա­­նու­­թեան մօտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ