Յափշտակուածին վերատիրանալու ուրախութիւնը

4Նոյեմբեր 2023 շաբաթ օրը, յատուկ նշանակութիւն մը պի­տի պա­հէ մեր օրե­րու պատ­մագրու­թեան մէջ։ Այդ օր կա­յացաւ Թուզլա­յի «Քամփ Ար­մէն» ճամ­բա­րի երկրորդ հիմ­նադրու­մը։

Առա­ջինը կա­տարո­ւած էր մօտ վեց տաս­նա­մեակ­ներ առաջ, երբ Կէ­տիկ­փա­շայի Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ պա­տուե­լի Հրանդ Կիւ­զե­լեան իր նոր գնած հո­ղատա­րած­քին մէջ թե­րահաս սա­ներու բազ­կի ու­ժով փո­րուած հիմ­քին կը թա­փէր առա­ջին շա­ղախը։

Քա­ղաքի հե­ռու մէկ արո­ւար­ձանն էր Թուզլա եւ այդտեղ կը բարձրա­նար նոր ճամ­բար մը։ Սա այն տա­րիներն էր, երբ Առա­քելա­կան եկե­ղեցին ալ կը ծրագ­րէր Գը­նալը Կղզիի բար­ձունքին հաս­տա­տել այ­սօ­րուայ «Կազ­դուրման Կա­յան»ը։ Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն այդ իմաս­տութեան տա­ճարը զո­հը դար­ձաւ երկրի կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու կա­լուած­նե­րը յափշտա­կելու ռազ­մա­վարու­թեան։ 2015 թո­ւին, երբ այդ յափշտա­կուած տա­րած­քի վրայ փոր­ձե­ցին փլել ճամ­բա­րի շէն­քե­րը, «Նոր Զար­թօնք» հար­թա­կի երի­տասարդ գոր­ծիչներն էին, որ փու­թա­ցին Թուզլա, կան­խե­ցին փլու­զումը, եւ ապա բռնիօրէն գրա­ւեցին տա­րած­քը։ «Նոր Զար­թօնք»ի այդ դի­մադ­րութիւ­նը պսա­կուե­ցաւ յա­ջողու­թեամբ եւ հո­ղատա­րած­քը վե­րադար­ձո­ւեցաւ իր տի­րոջ՝ Կէ­տիկ­փա­շայի Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ վար­չութեան։ Ար­դա­րեւ շա­բաթօ­րեայ հիմ­նադրու­թեան հան­դէ­սին Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լո­ւի կող­քին էին Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. եւ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքի վի­ճակա­ւոր Ար­հիապա­տիւ Գե­րապայ­ծառ Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Շի­նու­թեան աւար­տին ճամ­բա­րը պի­տի կա­րենայ ըն­դունիլ 100 երա­խաներ, որոնց 50-ը պի­տի պատ­կա­նի իգա­կան սե­ռին։ Այստեղ պի­տի գոր­ծեն երաժշտու­թեան ու ձե­ռագոր­ծի աշ­խա­տանոց­ներ, 200 հո­գի տա­րողու­թեամբ լսա­րան, ու­սուցիչ­նե­րու սե­նեակ­ներ եւ այլ յար­մա­րու­թիւններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ