Երազային Օրեր

Շաբաթ օր երբ որ ժամանեցինք Փարիզ բոլորիս մէջ կար յուզում մը, որ «Կոմիտաս» թատերախաղը առաջին անգամ Եւրոպայի մէջ պիտի ներկայացուէր: Կարճ պտոյտէ մը վերջ հասանք Մարի Պէլ Թատերասրահ:

Կեանքի մէջ այնպիսի պահեր կ'ունենաս որ մտքիդ եւ հոգիիդ մէջ կը դրոշմուի ու երկար ատեն ազդեցութենէն չես կրնար ելլել:

Այդ պահերէն մէկը ապրեցայ Լուսաւորիչ երգչախումբի փարիզ շրջապտոյտի ճամբորդութեան: Շաբաթ օր երբ որ ժամանեցինք Փարիզ բոլորիս մէջ կար յուզում մը, որ «Կոմիտաս» թատերախաղը առաջին անգամ Եւրոպայի մէջ պիտի ներկայացուէր: Կարճ պտոյտէ մը վերջ հասանք Մարի Պէլ Թատերասրահ: Հոն անհամբեր սպասեցինք մեր ներկայացման ժամը: Ներկայացման աւարտին բուռն ծափահայութիւններով թնդաց սրահը:

Այդ պահուն մեր բոլորին ապրած զգացումը անբացատրելի էր: Հանդիսատեսը այնքան տպաւորուած էր որ գնահատանքները ծափահարութեամբ խառնուելով մեր հոգիները լեցուցին: Իսկ մենք ալ ուրախութեամբ , հպարտութեամբ ու յուզման գագաթնակէտին հասած էինք եւ մեր զգացումները միայն արցունքներով ու ժպիտով կրցանք բացատրել: Վստահ էի որ Կոմիտասի ոգին ճիշդ այդ պահուն սրահն էր եւ բոլորս այդ ազդեցութիւնով տոգորուած էինք: Այդ պահը իսկապէս շատ կախարդական էր:

Յաջորդ առաւօտ մեզ համար շատ կարեւոր երկրորդ հանդիպման համար ճամբայ ելանք դէպի Առնովիլի Վարագայ Սուրբ Խաչ Եկեղեցի . ուր պիտի կատարէինք Ծաղկազարդի պատարագը: Պատարագը սկսաւ եւ մենք արդէն շատ զգացուած էինք թէ Արէտ Թահմիզեանի մտերմութենէն եւ թէ եկեղեւոյ բազմութենէն: Կարծէս հայութիւնը կը հոսէր դէպի եկեղեցի: Մարդոց դէմքերուն ժպիտը անպակաս էր եւ մենք այդ յուզումով ու ոգեւորութեամբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցինք: Յետոյ մեզ ի պատիւ « Հրանդ Տինգ » վարժարանի սրահին մէջ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ: Հոն Մարդոց այդ վերաբերմունքը մեր հոգիները կշտացուց լիովի ու մենք այդ սիրոյ օղակով շրջապատուեցանք եւ երգեցինք ու պարեցինք միասնաբար:

Գիտէ՛ք , այդպիսի մթնոլորտներ այլեւս շատ դժուար կ'ստեղծուի: Լուսաւորիչ երգչախումբին ապրած դժուար օրերէն վերջ այսպիսի պահերը կանթեղի մը ուղի նման է որպէս 95 ամեայ երգչախումբս լուսաւորելու շարունակէ նոր սրտեր...

Կուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս ուխտագնացութեան իրականացման համար ամէն ջանքը ի գործ դնող Լուսաւորիչ երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին, Հոգեշնորհ Հայր Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանին , «Եօլճու» թատերախումբին եւ բոլոր անոնց , որոնց շնորհիւ բոլորս ապրեցանք երազային օրեր: Անշուշտ իմ ամենամեծ շնորհակալութիւնս Պարոն Յակոբ Մամիկոնեանին է եւ պոլսահայութիւնը շատ հարուստ է , քանի որ ունի Յակոբ Մամիկոնեանը, վարիչ մը որ երգչախումբի անդամները մէկզմէկու կը կապէ անտեսանելի սակայն շատ ամուր կապերով։ Յակոբ Մամիկոնեանին ցուցաբերած ջանքը , աշխատութիւնը , մտերմութիւնը ու երաժշտութեան սէրը բոլորս կը կապէ անխզելի կապով մը: Ես վստահ եմ որ երբ կողքդ ունիս հզօր վարիչ եւ կայուն գիտելիքի անձ մնացած խնդիրները այլեւս չեն դառնար խոչնդոտներ:

Յակոբ Մամիկոնեանը վարիչէ մը աւելին...

Իսկ

Լուսաւորիչը երգչախումբէ մը աւելին....

Ու երաժշտութեան հայելին...



Yazar Hakkında

Թամար Մանկասար