Թրքական բանակին Սուրիոյ քրտաբնակ հիւսիսային հատուածի ուղղեալ զինեալ գործողութիւնը արդէն լրացուցած է շաբաթը եւ այս միջոցին համաշխարհային հանրային կարծիքը ամբողջովին դէմ կանգնած է Թուրքիոյ մշակած քաղաքականութեան։
Այսօր այս զարգացումներուն տեղի տուող ԱՄՆ արդէն իսկ որդեգրած է հակառակ ուղղութիւն եւ կը պատրաստուի Թուրքիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկելու։
Արտակարգ վիճակը իր հետ կը բերէ քաղաքական եւ դիւանագիտական նոր զարգացումներ։ Անոնց մէջ կարեւորագոյնն է Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ որոշ ինքնավարութիւն ձեռք բերած քրտական միաւորումներու Էսատի հետ համաձայնութիւն կնքելը։
Միւս կողմէ, թէ ԱՄՆ եւ թէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ ճնշում կը բանեցնեն նախ զինադադար ապահովելու եւ ապա Սուրիոյ օրինական կառավարութեան հետ բանակցութիւններու նստելու համար։ Այս պահուն նախագահ Էրտողան կը մերժէ զինադադարի առաջարկը, իսկ բանակցութիւնները կը տանի պաշտօնակատարներու միջոցաւ։
Նշենք որ պատերազմի ընթացքը հիասթափութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներուն։ Իշխանութեան համակիր մամուլը դեռ երկու օր առաջ շռնդալից տողերով կը յայտարարէր Մեմպիչ քաղաքի մօտակայ գրաւումը, մինչ այդ Էսատի բանակը արդէն իսկ մտաւ եւ ստանձնեց քաղաքի անվտանգութիւնը։