Նէօ-լիպերալ քաղաքը եւ քաղաքս կերտելու իրաւունքը

Սոյն գրու­թեանս նպա­տակը ող­ջոյնի խօսք մը փո­խան­ցել է օր ու գի­շեր Քամփ Ար­մէ­նի ցուրտ պա­տերը ջեր­մացնող երի­տասար­դութեան։

ՎԻԳԷՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ

vickenashkarian@gmail.com

Սոյն գրու­թեանս նպա­տակը ող­ջոյնի խօսք մը փո­խան­ցել է օր ու գի­շեր Քամփ Ար­մէ­նի ցուրտ պա­տերը ջեր­մացնող երի­տասար­դութեան։

«Մի­ջին Արե­ւելք–ը կ՚ապ­րի օր­հա­սական պա­հեր։ Աւե­լի քան չորս տա­րուան Սու­րիոյ թո­հու­բո­հին եւ անոր ըն­կե­րացող նո­րանոր վայ­րա­գու­թիւննե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք՝ Լի­բանան հա­սած են մի­լիոնա­ւոր սու­րիացի գաղ­թա­կան­ներ (պաշ­տօ­նական աղ­բիւրնե­րու փո­խան­ցած մէկ մի­լիոնին վրայ հարկ է աւելցնել բո­լոր անոնք որոնք անօ­րէն եւ գաղ­տա­գողի մտած են Լի­բանան)։ Սա ար­դէն 10 տա­րի տե­ւած երկրի քա­ղաքա-տնտե­սական ճգնա­ժամա­յին իրա­վիճա­կին վրայ աւել­ցուցած է նոր տի­պի ըն­կե­րային (նաեւ՝ այ­լա­մեր­ժութեան եւ ցե­ղապաշ­տութեան մա­կար­դա­կի հաս­նող) յո­ռի երե­ւոյթներ։ Նաեւ՝ «Իս­լա­մական Պե­տու­թեան» հրո­սակ­նե­րը, որոնք Մօ­սու­լը երեք օրուան մէջ կա­րողա­ցած էին գրա­ւել եւ Իրա­քի եւ Սու­րիոյ մի­ջեւ լայ­նա­ծիր տա­րածքներ իրենց հա­կակ­շ­ռին տակ առ­նել, ար­դէն տե­ղաւո­րուած են Սու­րիոյ եւ Լի­բանա­նի սահ­մա­նամերձ շրջան­նե­րու մէջ։ Իրենց ան­մարդա­վայել գա­զանու­թիւննե­րու եւ բար­բա­րոսու­թիւննե­րու նմոյշնե­րուն ընդմէ­ջէն, անոնք չեն խնա­յեր ոչ մարդ, ոչ քար, ոչ եկե­ղեցի, ոչ մզկիթ, ոչ պատ­մամշա­կու­թա­յին կո­թող, ոչ հա­ւաքա­կան յի­շողու­թիւն։

Այս բո­լորը ճշմար­տութիւն է։ Սա­կայն ասոր կող­քին գո­յու­թիւն ու­նի մէկ այլ հո­սանք կամ «տի­նամիք», որ նոյնքան վտան­գա­ւոր է տա­րածաշրջա­նի հա­սարա­կու­թեանց հա­մար եւ նոյնքան եթէ ոչ աւե­լի աղի­տալի անոնց եր­կա­րաժամ­կէտ կեն­ցա­ղին նկատ­մամբ։ Եթէ օրի­նակ վերցնենք Լի­բանա­նը, ապա այդ վտան­գը կը գտնուի Լի­բանա­նեան ըն­կե­րու­թեան մէջ հետզհե­տէ խո­րացող դա­սակար­գա­յին տար­բե­րու­թեանց ծի­րին մէջ. ասոր մարմնա­ւոր­ման օրի­նակ­նե­րէն է՝ Պէյ­րութի հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ երեւ­ցող հա­րիւ­րա­ւոր շի­նարա­րական բեռ­նա­բարձ մե­քենա­ներու գո­յու­թիւնն ու հա­սարակ քա­ղաքա­ցին իր ապ­րած մի­ջավայ­րէն վտա­րուե­լու մեծ հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Այլ խօս­քով՝ եթէ «Իս­լա­մական Պե­տու­թեան» սու­րը տա­կաւին իրենց վզին չէ հա­սած որ­պէսզի անոնք գաղ­թեն, ապա անոնք ստի­պուած կ՚ըլ­լան իրենց տու­նը-տե­ղը կորսնցնե­լու դրա­մատի­րական նո­րազա­տակա­նու­թեան հա­մակար­գին տա­րած պա­տերազ­մին իբ­րեւ ար­դիւնք։

Դրա­մատի­րական այս հա­մակար­գը Քա­ղաքը եւ քա­ղաքա­յին մի­ջոցը (urban space) ընտրած է որ­պէս մար­տա­դաշտ, եւ հոն է որ կը մղէ իր պա­տերազ­մը իր հետ չհա­մակեր­պող կամ քայլ պա­հել չկրցող խա­ւերուն դէմ։ Այս իմաս­տով՝ Քա­ղաքը կը հան­դի­սանայ ամե­նէն շա­հաւէտ մի­ջավայ­րը, ուր կա­րելի է ար­տադրել եւ կլա­նել աւե­լորդ դրա­մագ­լուխ։ Ամէն մի­ջոց ի գործ կը դրուի շա­հոյ­թի ապա­հով­ման եւ յա­ւեր­ժացման ի խնդիր (ար­տադրո­ղական ծախսի նուազում եւ եկա­մու­տի բարձրա­ցում), որու իբ­րեւ ար­դիւնք կը տու­ժեն ըն­կե­րու­թեան ամե­նէն խո­ցելի խա­ւերը։ Այս հա­մակար­գի կար­գա­խօսը կը թուի ըլ­լալ «քա­ղաքա­յին վե­րափոխ­ման/ վե­րանո­րոգ­ման ընդմէ­ջէն դրա­մագ­լուխի կլա­նում»։ Իսկ անոր ամե­նավստա­հելի դաշ­նա­կիցը՝ նո­րազա­տական սիս­տե­մի թե­լադ­րած հա­սառու տնտե­սու­թեան մի­ջոց­նե­րը (դրա­մատէ­րերու իշ­խա­նու­թիւն, պան­քա­յին հա­մակար­գի գե­րակ­շիռ դեր, սե­փակա­նաշ­նորհում, եւայ­լըն)։ Ի դէպ, Լի­բանա­նի տնտե­սու­թեան կա­րեւոր հի­մերէն են դրա­մատ­նա­յին ինչպէս նաեւ ան­շարժ գոյ­քի ոլորտնե­րուն մէջ ներդրումնե­րը։ 1975-1990-ի արիւ­նա­լի պա­տերազ­մէն ետք, իր վե­րակեն­դա­նաց­ման միակ դե­ղատոմ­սը յա­մարե­լով սոյն հա­մակար­գի որ­դեգրու­մը, Լի­բանան վե­րաշի­նու­թեան նոր եղա­նակ մը թե­ւակո­խեց։ Ասոր ամե­նայստակ օրի­նակը կը հան­դի­սանայ մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի կեդ­րո­նական տա­րած­քը ամ­բողջու­թեամբ պար­պե­լու եւ սե­փակա­նաշ­նորհե­լու ծրա­գիրը, 1992-1994 տա­րինե­րուն։ Այ­նուհե­տեւ այս եղա­նակը դար­ձաւ սո­վորու­թիւն եւ քա­ղաքիս տար­բեր թա­ղամա­սերը սկսան հետզհե­տէ ակա­նատես ըլ­լալ վե­րափոխ­ման / վե­րանո­րոգ­ման լայ­նա­ծաւալ աշ­խա­տանքնե­րու։ Մին­չեւ այ­սօր, Պէյ­րութի բազ­մա­թիւ հին թա­ղամա­սերու մէջ, շէն­քեր փուլ կու գան եւ կը փո­խարի­նուին բարձրա­յարկ շէն­քե­րով եւ «շո­փինկ մօլ»երով (առանց նկա­տի առ­նե­լու անոնց ըն­կե­րային հիւ­սուածքը կամ անոնց իմաս­տը որ­պէս մշա­կու­թա­յին աւան­դա­կան ար­ժէք), ան­կախ այն հան­գա­ման­քէն թէ այդ երկնա­քերը օր մը բնա­կելի պի­տի դառ­նա՞ն թէ պի­տի մնան պա­րապ։ Աւե­լին՝ դրա­մատի­րական այս ներդրումնե­րը չեն վա­րանիր յափշտա­կելու քա­ղաքիս խորհրդա­նիշը դար­ձած ծո­վեզե­րեայ հան­րա­յին զբօ­սավայ­րե­րը, զա­նոնք փա­կելով ժո­ղովրդա­յին եւ աղ­քատ խա­ւերուն դի­մաց։ Իսկ այս բո­լորը կը պա­տահի պե­տական-պաշ­տօ­նական հաս­տա­տու­թիւննե­րու առանց թոյզն իսկ մի­ջամ­տութեան, եւ քա­ղաքա­կան էլի­թի ուղղա­կի թէ անուղղա­կի մաս­նակցու­թեամբ։ Էլիթ, որ պե­տական հան­րա­յին հա­մակար­գը, իր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րով եւ հիմ­նարկնե­րով, վե­րածած է կար­կանդա­կի մը, որ­մէ բո­լորը (այ­սինքն՝ թէ սիւննի, թէ շիի, թէ տիւրզի, թէ քրիս­տո­նեայ ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը) կը փոր­ձեն ու­նե­նալ իրենց բա­ժինը։

Ան­շուշտ այս քա­նի մը տո­ղերու սահ­մաննե­րուն մէջ կա­րելի պի­տի չըլ­լայ թուել այն ահա­գին շի­նարա­րական ծրա­գիր­նե­րու գայ­թակղե­ցու­ցիչ օրի­նակ­նե­րը, որոնք կը սրեն դա­սակար­գա­յին տար­բե­րու­թիւննե­րը Լի­բանա­նի մէջ։ Սա­կայն հարկ է նշել, որ այս երե­ւոյ­թը սահ­մա­նափա­կուած չէ մէկ երկրով, այլ հա­մաշ­խարհա­յին տա­րողու­թիւն ու­նի, սկսած Հիւ­սի­սի եր­կիրնե­րէն մին­չեւ այն եր­կիրնե­րը որոնք կը ջա­նան հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքա-տնտե­սական հար­թա­կին վրայ տեղ մը գրա­ւել։ Հար­կաւ հոս «հիւ­սիս» եւ «հա­րաւ» հաս­կա­ցողու­թիւննե­րը զուտ աշ­խարհագ­րա­կան բնո­րոշում չու­նին, այլ կը վե­րագ­րուին հա­րուստ եւ աղ­քատ եր­կիրնե­րուն, հա­մեմա­տու­թիւն մը, որ նոյ­նինքն դրա­մատի­րական հա­մաշ­խարհա­յին հա­մակար­գը կը բնո­րոշէ իրեն յա­տուկ չա­փանի­շերու հի­ման վրայ եւ իր իսկ «գոր­ծիքնե­րով» (World Bank, International Monetary Fund, …)։

Այն ինչ որ կը տես­նենք Պէյ­րութի մէջ, կա­րելի է կա­պել միեւ­նոյն այն փո­փոխու­թեանց հո­սան­քին որուն ակա­նատես կ՚ըլ­լան Երե­ւանի Հիւ­սի­սային պո­ղոտա­յի նախ­կին բնա­կիչ­նե­րը, եւ նոյն մղձա­ւան­ջը կ՚ապ­րին Երե­ւանի Քոնտ թա­ղամա­սի տե­ղացի­ները։ Նոյ­նը կա­րելի է ըսել ան­շուշտ Իս­թամպու­լի Պա­շըպիւ­յիւք կամ Թար­լա­պաշը թա­ղամա­սերուն եւ TOKİ-ի ու­նե­ցած պար­տա­կանու­թեան մա­սին։ Առանց մոռ­նա­լու Կէ­զի զբօ­սայ­գին կեր­պա­րանա­փոխե­լու փոր­ձե­րը, եւ իշ­խող էլի­թի դե­րակա­տարու­թիւնը այն հսկա­յական շի­նարա­րական ծրա­գիր­նե­րուն մէջ որոնք կը կեր­պա­րանա­փոխեն քա­ղաքը։

Ինչպէս մարքսիստ աշ­խարհագ­րա­գէտ եւ ըն­կե­րային տե­սաբան Տէյ­վիտ Հար­վին կը նշէ, Քա­ղաքին մէջ գո­յու­թիւն ու­նի եր­կու հա­կոտ­նեայ հո­սանքնե­րու պայ­քար մը. անոնցմէ մէկն է այն որու հա­մար Քա­ղաքը հա­ւաքա­կան մար­մին է, ուր առա­ջադի­մական ըն­կե­րային շար­ժումներ կը յայտնուին, իսկ միւսը՝ որուն հա­մար Քա­ղաքը մար­մին կը ստա­նայ գոր­ծա­ռու խա­ւերուն մի­ջոցաւ որոնց թի­կունք կը կանգնին ֆի­նան­սը եւ ըն­կե­րու­թիւննե­րու դրա­մագ­լուխը։ Ինչպէս որ դրա­մատի­րական հա­մակար­գը իր պայ­քա­րը կը մղէ հա­մաշ­խարհա­յին մա­կար­դա­կի վրայ, դի­մելով սե­փակա­նու­թեան իրա­ւունքէ զրկման, եւ հարկ եղած ժա­մանակ բիրտ ու­ժի եւ բռնու­թեան կի­րառման, որ­դեգրե­լով նո­րազա­տական ճար­տա­սանու­թիւն, ապա ու­րեմն կը սպա­սուի նաեւ որ անոր դէմ մղուած պա­տերազ­մը ու­նե­նայ հա­մաշ­խարհա­յին բնոյթ։ Ի վեր­ջոյ, այ­սօր մեր ան­մի­ջական մի­ջավայ­րը՝ Քա­ղաքը կեր­տե­լու եւ վե­րափո­խելու ազա­տու­թիւնը կը հան­դի­սանայ մարդկա­յին իրա­ւանց ամե­նէն ար­ժէ­քաւոր, սա­կայն ամե­նէն ան­տե­սուած իրա­ւունքը։

Նէօ-լի­պերալ քա­ղաքի պա­տերէն ներս գո­յու­թիւն չու­նին հա­ւաքա­կան յի­շողու­թիւն, ժա­ռան­գութիւն, Քամփ Ար­մէն կամ Քամփ Սանճաք եզրերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ