Համահայկականին գերազանց մասնակցութիւնը Թուրքիայէն

1999-ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացող Համահայկական խաղերը 2007-էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուիլ։ Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն։ Նախապէս միայն Իսթանպուլի անունով մասնակցող թուրքիացի խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն։

ԱՐԹՕ ԹԷԶԷԼ

artotezel@gmail.com

1999-ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ կայացող Համահայկական խաղերը 2007-էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուիլ։ Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն։ Նախապէս միայն Իսթանպուլի անունով մասնակցող թուրքիացի խումբերը այս տարի աւելի զանազանութիւն կը ներկայացնեն։ Առաջին անգամ 2011-ի խաղերուն Իսթանպուլի հաւաքականի կողքին բաւական մեծ թիւով մասնակցած էր նաեւ Սասունի Հայրենակցական Միութիւնը։ Այդ մասնակցութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած էր յատկապէս բացման արարողութեան տողանցքի պահուն։ Սասունցիներու այդ յաղթական համարձակութիւնը բարի նախանձ յառաջացուց այլ հայրենակցական միութիւններու մօտ ալ, եւ այս տարի բացի Իսթանպուլի եւ Սասունի հաւաքականներէն Պիթլիս, Տիյարպէքիր, Տէրսիմ, Վաքըֆլըգիւղ եւ Սամաթիա թաղամասերն ալ զատ խումբերով կը մասնակցին մրցումներուն։ Ներկայ դրութեան մէջ Թուրքիայէ մասնակցողներու թիւը կը հասնի 730-ի, որոնց 400-ը մարզիկներ եւ մարզիչներ են, իսկ մնացեալը կազմակերպիչներ եւ համակիրներ։

Նշենք որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներու համար մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր։ Արդարեւ Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Մաժակ Չաքըր Օհանեան Ժամանակ թերթի մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը։ Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի դիմէ կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Իսթանպուլէ զատ խումբի մը մասնակցութիւնը։ Ըստ երեւոյթի Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած եւ բոլոր խումբերն ալ արդար հպարտութեամբ կը ժամանեն Երեւան։

Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան մի այլ երեւոյթ է սիրուած երգչուհի Սիպիլի բացման արարողութեան մասնակցութիւնը։ Շնորհալի երգչուհին ինչպէս նախորդ խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով կը ժամանէ Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Գետաշէն» երգը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ