Լոռի. թանգարան՝ բաց երկնքի տակ

Միշտ հա­մոզուած եմ, որ մեր տա­րածաշրջա­նի բնու­թեան պէս ներ­դաշնակ ու գե­ղեցիկ ոչ մի տեղ չկայ։ Լո­ռուայ բնաշ­խարհը կ՚առանձնա­նայ իր իւ­րա­յատուկ կա­նա­չով ու վսեմ լեռ­նե­րով։ Շատ ան­գամներ տա­տիս ձեռ­քը բռնած ան­ցած եմ մեր հին փո­ղոցով, ու ան պատ­մած է աքա­սիանե­րու մա­սին, երբ անոր ծա­ղիկ­նե­րու բոյ­րը զգա­ցած ենք։ Յե­տոյ, շատ յե­տոյ, միայն ծա­նօթա­ցայ նաեւ մեր պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան, որով­հե­տեւ փոքր տա­րիքին առանձնա­պէս հե­տաքրքրուած չէի եկե­ղեցի­ներով ու յու­շարձան­նե­րով։

ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Միշտ հա­մոզուած եմ, որ մեր տա­րածաշրջա­նի բնու­թեան պէս ներ­դաշնակ ու գե­ղեցիկ ոչ մի տեղ չկայ։ Լո­ռուայ բնաշ­խարհը կ՚առանձնա­նայ իր իւ­րա­յատուկ կա­նա­չով ու վսեմ լեռ­նե­րով։ Շատ ան­գամներ տա­տիս ձեռ­քը բռնած ան­ցած եմ մեր հին փո­ղոցով, ու ան պատ­մած է աքա­սիանե­րու մա­սին, երբ անոր ծա­ղիկ­նե­րու բոյ­րը զգա­ցած ենք։ Յե­տոյ, շատ յե­տոյ, միայն ծա­նօթա­ցայ նաեւ մեր պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան, որով­հե­տեւ փոքր տա­րիքին առանձնա­պէս հե­տաքրքրուած չէի եկե­ղեցի­ներով ու յու­շարձան­նե­րով։

Մեր տա­րածաշրջա­նը յատ­կա­պէս աչ­քի կ՚իյ­նայ իր հնա­մեայ եկե­ղեցի­ներով։ Թու­մա­նեանի բնօր­րա­նը հա­րուստ է եր­կու տաս­նեակ սրբա­վայ­րե­րով, որոնցմէ նշա­նաւոր վա­նական հա­մալիր­ներն են Օձու­նի, Սեդ­վու, Արդվու, Հո­ռոմայ­րի, Քո­բայ­րի, Դսե­ղի, Սա­նահի­նի ու Հաղ­պա­տի վան­քե­րը։

Ինձ հա­մար կ՚առանձնա­նայ յատ­կա­պէս Հաղ­պա­տավան­քը՝ իր հե­տաքրքրական պատ­մութիւ­նով ու իւ­րա­յատուկ գե­ղեց­կութիւ­նով։ Առա­ջին ան­գամ մտած եմ Հաղ­պա­տավանք 10 տա­րեկա­նիս։ Տա­տիս պատ­մութիւննե­րով իմա­ցայ, որ Հաղ­պա­տավան­քի մէջ ծա­ռայած է նաեւ Սա­յաթ-Նո­վան, ուշ միջ­նա­դարի մե­ծագոյն հայ աշուղ-բան­սա­տեղ­ծը։

Հաղ­պատ անուան­ման հետ կա­պուած են բազ­մա­թիւ առաս­պելներ, անոնցմէ մէ­կին հա­մաձայն Սա­նահի­նի իշ­խաննե­րէն մէ­կը կը հրա­ւիրէ իր մօտ համ­բա­ւաւոր մի վար­պետ՝ վանք կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Վար­պե­տը կը ներ­կա­յանայ իշ­խա­նին որ­դու հետ։ Աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին վէճ կ՚առա­ջանայ հօր եւ որ­դիի մի­ջեւ։ Որ­դին ալ մի ու­րիշ իշ­խա­նին վար­ձով մէկ այլ վանք կ՚առու­ցել կը սկսի։ Հայ­րը կ՚այ­ցե­լէ որ­դին՝ տես­նե­լու որ­դիի շի­նարա­րու­թիւնը, կը մօ­տենայ կի­սասարք վան­քի պա­տին եւ եր­կար կը զննէ այն։ Կը հրէ շա­րուած­քի քա­րը ու կ՚ըսէ. «Ախ Պատ»։ Այստեղ հայր եւ որ­դին կը գրկա­խառ­նուին եւ կը հաշ­տուին, իսկ վան­քին կը մնայ «Հաղ­պատ» անուանու­մը։ Որ­քան ալ իրա­ւացի չի թուի, վան­քի անու­նի մա­սին ամե­նատա­րածուն պա­տումնե­րէն մէկն է այս։

Հաղ­պա­տավան­քը Հա­յաս­տա­նի խո­շորա­գոյն եւ նշա­նաւոր վան­քա­յին հա­մալիր­նե­րէն է, ուր առա­ւել շեշ­տուած են միջ­նա­դարի հայ ճար­տա­րապե­տու­թեան առանձնա­յատուկ գծե­րը. գե­ղատես­լութիւն, տա­րած­քա­յին հա­ւասա­րակշռուածու­թիւն ու շրջա­կայ մի­ջավայ­րի հետ ներ­դաշնա­կու­թիւն։ Շրջա­պարսպի ներ­սը կը գտնուին Սուրբ Նշան, Սուրբ Գրի­գոր, Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեցի­ները, գա­ւիթը, ժա­մատու­նը, գրա­տուն-մա­տենա­դարա­նը, զան­գա­կատու­նը, սե­ղանա­տու­նը, մա­տուռ-դամ­բա­րան­նե­րը ու խաչ­քա­րերը։ Հաղ­պա­տավանքն այ­ցե­լու­նե­րու պա­կաս չու­նե­նար բո­վան­դակ տա­րին։ Հաղ­պա­տավան­քը Սա­նահի­նի վա­նական հա­մալի­րի հետ միասին կը հան­դի­սանան ԵՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան նմոյշ։ Այս եր­կու վա­նական հա­մալիր­նե­րը պատ­մա­կան միեւ­նոյն ժա­մանա­կաշրջա­նի ու­ղերձն ու ոգին կը կրեն, սա­կայն անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը ու­նե­ցած է առանձնա­կի դե­րակա­տարու­թիւն՝ ըլ­լա­լով նշա­նաւոր գի­տակրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեւոր կեդ­րոն։

Սա­նահի­նի վա­նական հա­մալի­րը կը գտնուի հա­մանուն գիւ­ղի տա­րած­քին՝ Ալա­վեր­դի քա­ղաքի շրջա­նին։ Հին ժա­մանակ­նե­րէն ի վեր մաս կազ­մած է Մեծ Հայ­քի Գու­գարք աշ­խարհի Տա­շիր գա­ւառին։ Աւան­դութեան հա­մաձայն վան­քը հիմ­նադրուած է Սուրբ Նշա­նի յի­շատա­կու­մով։ Սա­նահին անուանումն ալ ու­նի դժուար հա­ւատա­լի բա­ցատ­րութիւն, ըստ որու «Աս անոնցմէ հին է» ար­տա­յայ­տութիւ­նով, այ­սինքն՝ Սա­նահի­նը հին է Հաղ­պա­տէն։

Եթէ Լո­ռու պատ­մութիւ­նը զիս տա­րաւ դէ­պի հե­ռաւոր ան­ցեալ, Լո­ռեցիի յա­տուկ սրամ­տութիւնն ալ կը սթա­փեց­նէ, կը բե­րէ ներ­կայ ժա­մանակ­նե­ր։ Ես իմ քա­ղաքիս կեն­սունա­կու­թիւնը կը զգամ իր հիանա­լի լա­ւատե­սու­թեամբ, որուն ժո­ղովրդա­կան բար­բա­ռի մէջ արտացոլումն է «Դըպա լաւը» հաստատումը։

Լոռու մարզ. «դըբա լաւը»

-Թէ արդար ես, միտքդ բարի,

Վեր կաց, արի մեր Լոռի,

Վեր կաց, թէկուզ թոռ ու ծոռով,

Ճամբայ ընկի ու արի:

Ձորում ըլնես, թէ հանդերում,

Դու ճամբին չես մոլորվի,

Ամէն մարդու բախտ չի բերում,

Ղոնախ գայ չքնաղ Լոռի:

Առաջ արի, ըմանչիլ մի,

Վեր կալ թասով արաղը,

Օրհնանք ասա, կենաց ասա.

Մոռացի տարտն ու ցաւը:

Դըբա լաւը, դըբա լաւը,

Դըբա լաւը, դըբա լաւը,

Մոռացի տարտն ու ցաւը…

Եւ իսկապէս ամէն մարդու բախտը չի բերեր հիւր գալ չքնաղ Լո­ռի։ Ինչպէս Սա­մուէլ Խա­լաթեանի կող­մէն գրուած եր­գին մէջ կ՚ըսուի՝ Լո­ռուայ չքնաղ բնու­թիւնը ու լո­ռեցի­ներու առատ հիւ­րա­սիրու­թիւնը մարդկանց մոռցնել կու տայ տարտ ու ցա­ւը։ Տա­րիներ առաջ «Լո­ռուայ Աշուն» տօ­նակա­տարու­թեան հա­մար գրուած «Դը­բա լա­ւը» եր­գը դար­ձած է Լո­ռուայ իւ­րօ­րինակ հիմ­նը, իսկ «Հո­րովել» եր­գի-պա­րի հա­մույթի՝ ամե­նատա­րածուած կա­տարումնե­րէն մէ­կը։ Լո­ռեցի­ներու բար­բա­ռով «Դը­բա լաւ»ը՝ կը նշա­նակէ դէ­պի լա­ւը. սա անոնց որ­պի­սու­թեան հար­ցի պա­տաս­խանն է։ Վաճառանիշային այս ար­տա­յայ­տութիւ­նը յայտնուած է նաեւ մար­զի խա­նութնե­րէն քա­նի մը հա­տի ցու­ցա­նակ­նե­րուն, դար­ձել գո­վազ­դա­յին վա­հանակ ու քննարկման առիթ՝ սո­ցիալա­կան ցան­ցե­րուն։ «Դը­բա լա­ւը» գու­ցէ այդքան լայն տա­րածում չու­նե­նար, եթէ չլի­ներ ան­յայտ կա­տակա­սէրը, ով Լո­ռու մար­զի մուտքը ազ­դա­րարող ցու­ցա­նակի պե­թոնա­սալին ար­դէն մօտ 16 տա­րի սպի­տակի վրայ սե­ւով, սե­ւի վրայ՝ սպի­տակով կը մա­կագ­րէ. «Դը­բա լա­ւը»։ Ցու­ցա­նակը կը գտնուի Ջրա­շեն եւ Ծիլ­քար գիւ­ղե­րու հա­րեւա­նու­թեամբ գտնուող լեռ­նանցքի բար­ձունքին՝ Լո­ռու եւ Արա­գածոտ­նի մար­զերու սահ­մա­նագ­ծին։

Ճա­նապար­հը սպա­սար­կող կազ­մա­կեր­պութեան աշ­խա­տակից­նե­րը տաս­նեակ ան­գամներ ներ­կած-ջնջած են ան­յայտ մար­դու այդ գրու­թիւնը, սա­կայն վեր­ջինս ան­կոտրում եռան­դով ամէն ան­գամ վե­րականգնած է գրու­թիւնը։ Ճա­նապար­հը սպա­սար­կող կազ­մա­կեր­պութեան եւ ան­յայտ կա­տակա­սէրի մի­ջեւ տաս­նեակ տա­րիներ ձգուող պայ­քա­րը, կար­ծես, աւար­տուած է՝ կա­տակա­սէրի յաղ­թա­նակով։ Ար­դէն եր­կար ժա­մանակ է, որ գրութիւնը չի մաքրուիր։ Լոռու մարզ մուտք գործող մեքենաներու վարորդներու դէմքին ամէն անգամ ժպիտ կ՚առաջանայ՝ «դըբա լաւը» տեսնելով։ Միամիտ, սակայն անշառ հումորով օժտուած լոռեցիք լաւատես են եւ այդ յատկութիւնը չեն թաքցնէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ