Արտակարգ օրեր երկրի տարածքին

Մեկ­նա­բանու­­թիւննե­րը որ­­քան ալ զա­նազան ըլ­­լան, իրո­ղու­­թիւնը յստակ է, Թուրքիա կ՚ապ­­րի մտա­հոգիչ օրեր, որոնք դիւ­­րաւ կրնան վե­րածուիլ ներ­­քին պա­տերազ­­մի փոր­­ձանքի մը։ Ժո­ղովուրդի մէկ մա­սը զար­­մանքով կը դի­տէ պա­տահած­­նե­րը եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէս եկանք այս վի­ճակին։ Սա­կայն քա­ղաքա­կան ան­­ցուդար­­ձե­րուն հե­տեւող­­նե­րուն հա­մար անսպա­սելի չէր այս պատ­­կե­րը։ Այդ իսկ պատ­­ճա­ռաւ ալ մար­­դիկ սկսած են սար­­սա­փազ­­դու այս ըն­­թացքը անուանել «400 պատ­­գա­մաւոր­­նե­րու պա­տերազմ»։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մեկ­նա­բանու­­թիւննե­րը որ­­քան ալ զա­նազան ըլ­­լան, իրո­ղու­­թիւնը յստակ է, Թուրքիա կ՚ապ­­րի մտա­հոգիչ օրեր, որոնք դիւ­­րաւ կրնան վե­րածուիլ ներ­­քին պա­տերազ­­մի փոր­­ձանքի մը։ Ժո­ղովուրդի մէկ մա­սը զար­­մանքով կը դի­տէ պա­տահած­­նե­րը եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէս եկանք այս վի­ճակին։ Սա­կայն քա­ղաքա­կան ան­­ցուդար­­ձե­րուն հե­տեւող­­նե­րուն հա­մար անսպա­սելի չէր այս պատ­­կե­րը։ Այդ իսկ պատ­­ճա­ռաւ ալ մար­­դիկ սկսած են սար­­սա­փազ­­դու այս ըն­­թացքը անուանել «400 պատ­­գա­մաւոր­­նե­րու պա­տերազմ»։

Իրաւ ալ 7 Յու­­նի­սի ընտրու­­թիւննե­րու ար­­դիւնքը տես­­նե­լով նա­խագահ Էր­­տո­ղան մեծ հիաս­­թա­փու­­թիւն ապ­­րե­ցաւ եւ առա­ջին վայրկեանէն սկսեալ հո­լովեց ընտրու­­թիւննե­րը կրկնե­լու վար­­կա­ծը։ Այս հիաս­­թա­փու­­թեան գլխա­ւոր ազ­­դակն էր ՀՏՓ կու­­սակցու­­թիւնը, որ տա­սը տո­կոսի ար­­գելքը յաղ­­թա­հարե­լէ զատ ար­­գելք եղաւ ԱՔՓ-ի միահե­ծան կա­ռավա­րու­­թիւն մը կազ­­մե­լուն։ Էր­­տո­ղան գի­տէ որ միայն ՀՏՓ-ի խորհրդա­րանէն դուրս մնա­լու պա­րագա­յին պի­տի տի­րանայ իր կու­­սակցու­­թեան առան­­ձին կա­ռավա­րու­­թիւն կազ­­մե­լու հնա­րաւո­րու­­թեան։ Հա­զիւ այդպէս կա­րելի պի­տի ըլ­­լայ երկրի ներ­­կայ վար­­չա­ձեւը փո­խել եւ անցնիլ նա­խագա­հական դրու­­թեան։ Այդ առու­­մով ալ խո­չըն­­դո­տեց այ­­լա­խոհա­կան կա­ռավա­րու­­թեան մը հիմ­­նադրու­­թիւնը եւ եր­­կի­րը տա­րաւ դէ­պի քաօս։ Քաօս բա­ռը ինքնին ամե­նայստակ բա­ցատ­­րութիւնն է երկրի ներ­­կայ կա­ցու­­թեան։ Ար­­դա­րեւ 120 հա­զար բնակ­­չութիւ­­նով Ճէ­զիրէ քա­ղաքը մատ­­նուած է շրջա­փակու­­մի եւ կա­րելի չէ քա­ղաքէն դուրս գալ նոյ­­նիսկ ամե­նաանհրա­ժեշտ կա­րիք­­նե­րու հա­մար։ Օրեր առաջ ոս­­տի­կանա­կան բռնու­­թիւնով սպա­նուած 12 տա­րեկան աղջնա­կի դիակը կը մնայ իր տան մէջ, պա­տան­­քուած ու ապա սառ­­նա­դարան դրուած ձե­ւով։ Քա­ղաքի մէջ կան 73 երի­կամի հի­ւանդներ, որոնք կը կա­րօտին տիալի­զի դրու­­թեան։

Ի դէմ փո­ղոց ել­­լե­լու ար­­գելքին ժո­ղովուրդը թա­ղամա­սերու մէջ փո­ղոց­­ներն են եւ յա­րատեւ աղմկե­լով կը փոր­­ձեն վառ պա­հել անհնա­զան­­դութիւ­­նը։ Մինչ այդ ոս­­տի­կան­­նե­րը որոշ հեր­­թա­կանու­­թեամբ կը խու­­ժեն թա­ղամաս եւ զրա­հապատ ինքնա­շար­­ժե­րու մէ­ջէն կը կրա­կէն ժո­ղովուրդի վրայ։ Շրջա­փակ­­ման օրե­րու տե­ւողու­­թեան մա­հացած­­նե­րու թի­ւը 9 Սեպ­­տեմբե­րին հա­սած էր տաս­­նի։ Նոյն 9 Սեպ­­տեմբե­րին ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­մաւոր­­նե­րը կ՚ու­­զեն Ճէ­զիրէ եր­­թալ, բայց ոս­­տի­կանա­կան ար­­գելքը իրենց հա­մար ալ կը փա­կէ անցքը։ Նա­խապէս քա­ղաք մտնել յա­ջողած պատ­­գա­մաւոր­­նե­րէն Այ­­ճան Իմ­­րէս «Ակօս»ին կը տե­ղեկաց­­նէ թէ իրա­վիճա­կը շատ ծանր է, քա­նի որ ոս­­տի­կան­­նե­րը չեն ար­­տօ­ներ շտա­պօգ­­նութեան ինքնա­շարժնե­րուն եր­­թե­ւեկու­­թեան։ Իսկ քա­ղաքի պե­տական հի­ւան­­դա­նոցն ալ խղճա­լի վի­ճակի մէջ է, ուր կ՚աշ­­խա­տի միայն մէկ ոչ մաս­­նա­գէտ բժիշկ։

Ժո­ղովուրդը լուրջ դժուարու­­թիւն ու­­նի նաեւ ամե­նօրեայ կեն­­ցա­ղի առու­­մով։ Ելեկտրա­կանու­­թիւնը խզուած է։ Ջու­­րի մա­տակա­րար­­ման ցան­­ցը խան­­գա­րուած, հե­ռախօ­սակա­պը խզուած։ Հա­ցափու­­ռե­րը, դե­ղարան­­նե­րը եւ խա­նութնե­րը առ­­հա­սարակ փակ են։ Իսկ շէն­­քե­րու տա­նիք­­նե­րուն դիրք բռնած են դի­պու­­կա­հար­­ներ, որոնք ընդմիշտ պատ­­րաստ են շար­­ժող ամէն ին­­չի վրայ կրա­կելու։

Սա­կայն դի­տելով բո­լոր երկրին տա­րածուած բռնու­­թիւննե­րը, արե­ւելեան այս քա­ղաքը իր ար­­տա­կարգ ապ­­րումնե­րով հան­­դերձ դուրս կը մնայ հա­սարա­կու­­թեան ու­­շադրու­­թե­նէն։ 8 Սեպ­­տեմբեր երե­կոյեան բո­վան­­դակ երկրի տա­րած­­քին ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան աւե­լի քան 130 շէն­­քեր հրկի­զուե­ցան կամ թա­լանուեցան։ Պոլ­­սոյ Քա­ղըթ­­հա­նէ թա­ղի մէջ 23 ամեայ երի­տասարդ մը դա­շունա­հարուեցաւ բջջա­յին հե­ռախօ­սով քրտե­րէն խօ­սելուն հա­մար։ Միւս կող­­մէ ՓՔՔ-ի յար­­ձա­կումներն ալ նոյն թա­փով կը շա­րու­­նա­կուին։ Հաք­­քա­րիյի Տաղ­­լը­ճա աւա­նին մէջ 16 զի­նուոր­­նե­րու սպա­նու­­թե­նէն ետք Իգ­­տի­րի մէջ ալ 14 ոս­­տի­կան­­ներ սպա­նուե­ցան։ Անոնց կող­­քին պէտք է յի­շել Տէր­­սիմ, Տի­յար­­պէ­քիր եւ այլ քա­ղաք­­նե­րու մէջ ան­­հա­տաբար սպա­նուած­­նե­րը։

Այս թո­հու­­բո­հի մէջ անար­­ձա­գանգ կը մնայ ՀՏՓ-ի վա­րիչ­­նե­րուն բա­խումնե­րէ հրա­ժարե­լու կո­չը։ Հա­մանա­խագահ­­ներ Տէ­միր­­թաշ եւ Եիւքսէք­­տաղ որ­­քան ալ ՓՔՔ-ին եւ կա­ռավա­րու­­թեան նոյն կո­չը ուղղեն, իշ­­խա­նամէտ մա­մու­­լը յա­մառօ­րէն կը շա­րու­­նա­կէ այս վեր­­ջիններս ահա­բեկիչ անուանել եւ բո­լոր պա­տահած­­նե­րու մեղ­­քը բեռցնել ժողովրդավարական շարքերու ուսերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ