Ազատ արձակուեցաւ Տիյարպէքիրի Իրաւաբաններու Միութեան նախագահ Թահիր Էլչին

Օրեր առաջ Տիարպէքի­րի Իրա­ւաբան­նե­րու Միու­թեան նա­խագահ Թա­հիր Էլ­չին ձեր­բա­կալուած էր՝ Հոկ­­տեմբե­­րի 14-ին CNN Թիւրք-ի հա­­ղոր­­դումնե­­րէն մէ­­կուն ժա­­մանակ հնչե­­ցու­­ցած հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ. «ՓՔՔ-ն զի­­նուած քա­­ղաքա­­կան շար­­ժում է, որը ու­­նի քա­­ղաքա­­կան պա­­հանջներ եւ շատ լուրջ աջակ­­ցութիւն, եթէ ան­­գամ անոր որոշ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը ահա­­բեկ­­չա­­­կան բնոյթ կը կրեն»։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԵԱՆ

Օրեր առաջ Տիարպէքի­րի Իրա­ւաբան­նե­րու Միու­թեան նա­խագահ Թա­հիր Էլ­չին ձեր­բա­կալուած էր՝ Հոկ­­տեմբե­­րի 14-ին CNN Թիւրք-ի հա­­ղոր­­դումնե­­րէն մէ­­կուն ժա­­մանակ հնչե­­ցու­­ցած հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ. «ՓՔՔ-ն զի­­նուած քա­­ղաքա­­կան շար­­ժում է, որը ու­­նի քա­­ղաքա­­կան պա­­հանջներ եւ շատ լուրջ աջակ­­ցութիւն, եթէ ան­­գամ անոր որոշ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը ահա­­բեկ­­չա­­­կան բնոյթ կը կրեն»։ Էլ­­չիի ձեր­­բա­­­կալ­­ման որոշ­­ման մէջ նշուած էր, որ Էլ­­չի թաք­­նուած էր երկրի մէջ, որ­­պէսզի «ահա­­բեկիչ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան քա­­րոզիչ»ի մե­­ղադ­­րանքով յա­­րու­­ցուած հե­­տաքննու­­թիւնը անար­­դիւնք մնայ։ Որոշ­­ման մէջ նաեւ նշուած էր, որ ձեր­­բա­­­կալ­­ման որո­­շու­­մը կա­­յացուած է այն բա­­նէ ետք, երբ պարզ դար­­ձած է, որ բո­­լոր որո­­նումնե­­րէն վերջ հե­­տախու­­զութիւ­­նը իրա­­կանաց­­նե­­­լը եւ Էլ­­չիին գտնե­­լը անկարելի կը դառնայ։

Սա կ՚օգ­­նէ հասկնալ Թուրքիոյ մէջ խօս­­քի ազա­­տու­­թեան եւ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը։

Որոշ­­ման ծա­­նու­­ցումէն ետք իրա­­ւաբան Թա­­հիր Էլ­­չին, շէն­­քին գտնուող իրա­­ւաբան­­նե­­­րու ծա­­փահա­­րու­­թիւննե­­րու եւ «Ճնշումնե­­րը մեզ չեն վախցներ» վան­­կարկումնե­­րու ու­­ղեգցու­­թիւնով, մօ­­տեցած էր ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն։ Թա­­հիր Էլ­­չի հան­­դէս եկած էր ելոյ­­թով՝ ըսե­­լով. «Մի ար­­տա­­­յայ­­տութեան, խօս­­քի պատ­­ճա­­­ռով Իրա­­ւաբան­­նե­­­րու Միու­­թեան նա­­խագա­­հը կը ձեր­­բա­­­կալուի։ Սա շատ կա­­րեւոր է եւ կ՚օգ­­նէ հասկնալ Թուրքիոյ մէջ խօս­­քի ազա­­տու­­թեան եւ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը։ Այս պա­­հուն Իրա­­ւաբան­­նե­­­րու Միու­­թեան նա­­խագահը կը ձեր­­բա­­­կալուի ճիշդ միու­­թեան շէն­­քէն»։

Թուրքիայի Իրա­­վաբան­­նե­­­րու Միու­­թիւնը իր յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ ապօ­­րինի անուանած էր Պա­­քըր­­գիւղի Դա­­տախա­­զու­­թեան կող­­մէ կա­­յացուած Էլ­­չիի ձեր­­բա­­­կալու­­թեան որո­­շու­­մը՝ նշե­­լով նաեւ, որ Էլ­­չիի բնա­­կու­­թեան եւ գտնուելու վայ­­րը յայտնի էր։

Էլ­­չի կոչ ըրաւ զէն­­քե­­­րը թող­­ե­­­լու եւ երկխօ­­սու­­թեան վերսկսե­­լու մա­­սին

Երէկ Թա­­հիր Էլ­­չի ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցաւ։ Ան լրագ­­րողնե­­րու հետ ու­­նե­­­ցած զրոյ­­ցի ըն­­թացքին յի­­շեցուց, որ քրտա­­կան հար­­ցը լու­­ծում չի գտներ, քա­­նի դեռ ազատօրէն չենք խօ­­սիր։

Էլ­­չի նշեց, որ ակա­­նատես եղանք, թէ խօս­­քի ազա­­տու­­թեան ինչպի­­սի ճնշում կայ, եւ թէ ինչպէս ան­­մի­­­ջապէս հե­­տաքննու­­թիւն կը սկսի լրա­­տուա­­միջոց­­նե­­­րուն յայտնուած քա­­նի մը նա­­խադա­­սու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով։ Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­լով իրեն աջակ­­ցողնե­­րուն՝ ան կոչ ըրաւ զէն­­քե­­­րը թող­­ել եւ երկխօ­­սու­­թեան վերսկսել։

Է

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ