Սկսած է Քամփ Արմէնի վերակառուցման աշխատանքները

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Սկսած է Քամփ Արմէնի տարածքին մէջ բարեկարգման եւ վերակառուցման աշխատանքները։ Սոյն աշխատանքները կարգաւորելու համար կազմուած է յանձնախումբ մը, ուր ներկայացուցիչներ ունին «Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու», «ՀայՃար», «Հրանդ Տինք Հիմնարկ», «Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանչական Եկեղեցի», «Գալֆայեան», «Դպրեվանք» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնները։

«Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու»էն Յարութ Էօզէր «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուաւ յառաջիկայ գործընթացի մասին։

«Միջազգային չափանիշներով օրինակելի ճամբար մը կառուցել կ՚ուզենք ուր թէ Թուրքիայէն եւ թէ աշխարհի տարբեր տեղերէն երեխաներ պիտի օգտուին։ Ներկայիս արդէն ունինք Գընալը Կղզիի «Կազդուրման Կայան»ի օրինակը։ Յանձնախումբը յառաջիկային զանազաններու հետ հանդիպումներ եւ ժողովներ պիտի գումարէ։ Այս գործընթացին նեցուկ կանգնիլ ուզող բոլորին հետ շփուելու եւ անոնց կարծիքները լսելու տրամադիր ենք»։

Յանձնախումբի աշխատութիւններու զուգահեռ Թուզլայի քաղաքապետարանն ալ ճամբարի տարածքին մէջ սկսաւ մաքրութեան աշխատութիւններուն։ Քաղաքապետարանի կազմերը 2 Փետրուար Երեքշաբթի օր մեքենաներով սկսան տարածքի մաքրութեան։ «ՀայՃար»էն Նազար Պինաթլը, «Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու»էն Յարութ Էօզէր եւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանչական Եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու հսկեցին աշխատութիւններուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ