Հրանդ Տինք Հիմնարկը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Վանը

Հրանդ Տինք Հիմնարկը հետեւելով Ատանայի, Տիյարպէքիրի եւ Մարտինի բանախօսութիւններու աւանդին, 11-12 Նոյեմբեր 2016 թուականին համար կը պատրաստուի «Վանի եւ շրջակայքի ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական անցեալը» խորագրեալ ծաւալուն բանախօսութեան։

Տինք Հիմնարկը այս ուղղութեամբ կոչ մը հրապարակեց նիւթին ծանօթ բոլոր շրջանակներուն, իրենց զեկոյցներով մասնակցութեան համար։ Այս հրապարակումին մէջ կը նշուի թէ կը շարունակուի Վանի ու շրջակայքին մատնուած մոռացութիւնը։ Յիշեալ տարածքը օսմանեան, պարսկական եւ ռուսական կայսրութիւններու համար սահմանին խաչմերուկ մըն է։ Նաեւ օսմանեան հայերու համար Պոլիսէ ետք կարեւորագոյն կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային կեդրոն մը։ Կը նախատեսուի այս ընդարձակ տարածքէ ներս 1850-1930 թուականներու միջեւ տեղի ունեցած հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական վերիվայրումներու բազմակողմանի քննարկումը։

Իրենց ուրոյն զեկոյցներով մասնակցիլ փափաքողները լրացուցիչ տեղեկութիւն կրնան քաղել հիմնարկի կազմէն Գարուն Էօզչէլիքի karunozcelik@hrantdink.org հասցէի միջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ