Քայլ Մը՝ Տատեանէն Մելգոնեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Տարբեր հարթակներու վրայ երբ կը քննարկենք արեւմտահայերէնի տագնապին վերաբերող նիւթեր՝ որպէս կոտտացող ցաւ մեր սիրտերուն վրայ կը զգանք Կիպրոսի Մելգոնեանին բացակայութիւնը։ ՀԲԸՄ-ի վարիչներուն կատարած այդ սխալ քայլը, մանաւանդ սուրիական արհաւիրքի այս տարիներուն, երբ դժոխքէն փախչող մանուկներ, պատանիներ կայք մը կ՚որոնեն խարսխելու, իսկ մենք՝ յոյսի նշոյլ մը լեզուի ու ապագայի համար, ահագնացած տարողութիւն մը կը ստանայ, կը դառնայ իրենց անհեռատեսութեան, ապիկարութեան խարանը, զոր չեն կրնար ներել ներկայ մարդիկը եւ պիտի չներեն ապագայի սերունդները։ Ու դեռ կը հպարտանան այդ պարոնները, որ վերացական համալսարան մը հիմնած են… ի հաշիւ թանձրացականի մը։

Երկա՜ր տասնամեակներ հարկ չեղաւ, բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, հասկնալու համար Մելգոնեանը փակելու որոշումին աւելի քան սխալ մը, դատապարտելի՛ սխալ մը ըլլալը։ Կորսուածը ետ բերելը, առնուած որոշում մը չեղեալ համարելը՝ թքածը լզելու հոգեբանութենէն աւելի, նման տպաւորութիւն մը ստեղծելու սարսափը կ՚ապրեցնէ զայն մոգոնած ուղեղներուն մէջ, հետեւաբար սխալին վրայ յամառիլը կ՚ըլլայ նախընտրելի, քան ատկէ վերադառնալը։

Կարծէք Մելգոնեանի օրինակ մը չըլլար մեր առջեւ, իբր թէ փորձուածը վերստին փորձելը յիմարութիւն չյամարուէր բնաւ, «Քամփ Արմէն»ի զգայնութիւն մը ցուցաբերուած չըլլար երիտասարդներուն կողմէ՝ Պաքըրգիւղի վարչայինները իրենց անձնական մէկ կալուածը վարձակալելու փոյթն իսկ չցուցաբերելու աստիճանի անհոգութեամբ մը, հասարակ կայքէջի մը միջոցով, ուր ոեւէ մէկը կրնայ իր, օրինակ, հեծիկը կամ, ըսենք, նապաստակը, գիրքը, նաւակը, վարտիքը վաճառել, վարձու հանած են Տատեան վարժարանի 172-ամեայ պատմական հսկայ շէնքը…

Ծաղրելո՛ւ պէս, հեգնելո՛ւ պէս, ոչնչացնելո՛ւ պէս…

Տասնեակ սերունդներու շունչով օծուած, անոնց աղմուկով, չարաճճիութեամբ, բարութեամբ օրհնուած, դարձած կրթութեան վկայարան մը, իմաստութեան տաճար մը՝ մեր բոլորիս սիրելի Տատեանը, միթէ արժանի՞ էր այս վերաբերմունքին։ Քանի՜ քանի անգամներ մաշտոցեան այբուբենի տառերուն, նարեկեան մատեաններու, մեր նահատակ գրագէտներու քերթուածներուն արձագանգած են անոր պատերը, մանուկ ու պատանի քանի՜ սերունդէ աշակերտներուն անմեղ շրթունքներէն հոսած երգերը հնչիւն առ հնչիւն ներկած են անոր ձեղունը, յայտնի կամ անյայտ քանի՜ անձեր՝ ուսուցիչներ, աշակերտներ, այցելուներ հետք մը թողլով մտած ելած են անոր շեմէն…

Ներեցէ՛ք, պարոննե՛ր, բայց անհանդուրժելի է։ Անհանդուրժելի է՝ երբ մեր աչքին առջեւ է Գուզկունճուքի վարժարանին վիճակը։ Անհանդուրժելի է՝ երբ դրամապաշտական այս դրութիւնը կ՚արժեզրկէ ամէն ինչ, իսկ մենք փարելու կարիքն ունինք անոնց, այդ քարեղէն մատեաններուն։ Անոնց… որոնք մեր յիշողութեան վայրերն են, մեր կոթողները, կորուսեալ ու աւերեալ մեր հայրենիքին վանքերուն շունչն է անոնց վրայ։

Ու, այո՛, կը հեգնէք թերեւս, բայց զգացմունքային է մեր առարկութիւնը։ Որովհետեւ պայքարի ու դիմադրութեան համար ոչինչ ունինք աւելի, քան մեր սիրտերը, մեր հոգիները ու մեր զգացմունքները։ Դրամական հաշիւ չէ որ կ՚ընենք, այլ այդ քարերուն իմաստը կը հաշուենք, զանոնք ջերմացուցած հազարաւոր հոգիներուն ձայնին կ՚ունկնդրենք։ Կը սխալիք եթէ մտածէք թէ դո՛ւք է որ կը պահէք այդ քարակոյտը, ճիշդ չէ ձեր մտածումը, եթէ դուք ձեզ պահապան կը կարգէք անոնց, ո՛չ, ընդհակառակը, կը սխալիք ու ճիշդ չէք, որովհետեւ քա՛րն է մեզ պահողը, մեր պահապանը, ինչպէս գեղեցկօրէն ըսած է բանաստեղծը.

«Մէկ այդ ազգն է քարի վրայ,

Մէկ այդ քարն է ազգի մէջքին,

Թաւալւում են գիլ ու գլոր՝

Ձեռ առնելով ժամանակին»։

Պաքըրգիւղը համեմատաբար հայաշատ թաղ է, Տատեան վարժարանի սաները լուրջ ներկայութիւն են, կշիռ ունին իրենց թաղին ու առհասարակ թրքահայութեան մէջ, հետեւաբար անպայման կարելի է հանրօգուտ նպատակի մը համար գործածել պատմական այդ շինութիւնը՝ առանց շեղեցնելու զայն իր հիմնադիր ու սկզբնական նպատակէն, առանց վնասելու անոր բարոյական ու նիւթական դիմագիծը։ Գրադարան մը, թանգարան մը, արխիւ մը, կամ այս բոլորը միասնաբար, հայ մշակոյթի կեդրոն մը, դպրոցական մասնաշէնք մը, սանուց միութեան հաւաքատեղի մը, ի՞նչ գիտնամ, արուեստի աշխատանոց մը, շարժարուեստի ուսումնարան մը, հրատարակչատուն մը, «Թումօ»ի օրինակով ժամանակակից արհեստագիտութեան կեդրոն մը, պատանիներուն արհեստ սորվեցնող արհեստի դպրոց մը… Եւ այս բոլորը, յօգուտ վարժարանի, կարելի է շահութաբեր աղբիւրի ալ վերածել անշուշտ։

Սկսայ Մելգոնեանի օրինակով։ Գէշ ու տխուր օրինակով։ Սխալը անմիջապէս ի յայտ եկած քայլ մը։ Եւ ՀԲԸՄ-ի վարիչները այդ ժամանակ ոչ մէկուն խրատն ու խորհուրդը լսեր էին։ Ու այսօր իրենց վարկը փրկելու կ՚աշխատին։ Տատեանի վարիչները մաղթենք վաղահաս իմաստութիւնը ունենան ետ կենալու իրենց առած քայլէն։ Թաղեցիներ, տատեանցիներ, ներկայ եւ անցեալ, ուսուցիչներ, Տատեանի անունը սիրող ու յարգող ամէն ոք ճնշում բանեցնէ՝ թաղի վարիչներուն զգացնել տալու, ցոյց տալու համար, թէ իրենց այս որոշումին հետեւանքով զղջալու, ափսոսալու համար տասնամեակներու կարիքը պիտի չունենան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ