Եկեղեցիները պիտի շարունակեն գործել

Շրջապատի եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց թէ Տիյարպէքիրի զինուորական գործողութեան հետեւանքով փլած «Սուր» թաղամասի մէջ գտնուող եկեղեցիները, որոնք տարածքի ամբողջութեան հետ միասին սեփականազրկուած էին, պիտի վերանորոգուին եւ դարձեալ եկեղեցի ըլլալով պիտի գործեն։

Նշենք որ 25 Մարտ 2016-ին Նախարարաց Խորհուրդը «Սուր» թաղամասի տարածքի մեծամասնութիւնը սեփականազրկած էր, պետականացնելով այս պատմական թաղի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները։ ՀՏՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլան խնդիրը Խորհրդարանի օրակարգին բերած եւ եկեղեցիներու գործածութեան եղանակին մասին հարցում ուղղած էր Շրջապատի եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութեան։

Նախարարութիւնը իր պատասխան գրութեան մէջ կ՚ակնարկէ 2012-ին պատրաստուած տարածքի պահպանման ծրագրին եւ հաւաստիացնէ թէ վերանորոգման աշխատութիւնները այդ նախագծի հիման վրայ պիտի կատարուին։ «Մշակոյթի ժառանգ համարուած կառոյցները իրենց արժէքը պահպանելով պիտի փոխանցուին ապագային։ Աւերուած, խարխլած եւ վտանգ սպառնացող շինութիւնները պիտի փլին եւ իրենց պատմական ոճը եւ տեղական ճարտարապետական աւանդոյթը պահելով պիտի վերակառուցուին»։

Նախարարութիւնը յատկապէս կ՚ընդգծէ, թէ եկեղեցիները պիտի մնան իբրեւ եկեղեցի եւ պիտի չարտօնուի որ անոնք ուրիշ նպատակի ծառայեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ