Արեւելեան սփիւռք մը՝ Իրաքի հայեր

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

«Ո՞վ էր ստիպում՝

Մեզ աստղերի պէս ցիրուցա՜ն անէք,

Որ միշտ մե՛զ տեսնէք՝

Ուր էլ որ գնաք...»

Բանաստեղծ Գէորգ Էմինի այս տողերը ամենայն հարազատութեամբ կը բնութագրէ հայ սփիւռքը։ Սա­կայն սփիւռքն ալ իր կար­գին հա­տուած­նե­րու բաժ­նուած է որուն արե­ւելեան ճիւ­ղը ընդհան­րա­պէս կ՚ան­տե­սուի նոյ­նինքն հա­յոց կող­մէ։ Պարսկաս­տա­նի կամ Պա­ղես­տի­նի շրջա­կայ­քի հայ­կա­կան սփիւռքը թէեւ ու­նի բազ­մա­դարեան պատ­մութիւն, բայց կան նաեւ այլ գաղ­թօ­ճախ­ներ։ Օրի­նակ ու­նե­նանք Իրա­քի հա­յերը։ Իս­լամական Պե­տու­թիւն կո­չեալ հրո­սախումբի դէպի Մու­սուլ ար­շա­ւելէն ետք Իրա­քի հա­յերու հետ առա­ջին ան­գամ հան­դի­պեցայ Թուրքիոյ Եոզ­ղատ քա­ղաքին մէջ։ Գի­տէին որ ան­վե­րադարձ ելած են իրենց տու­նէն։ Կը սպա­սէին զի­րենք դէ­պի արեւմտեան եր­կիրներ գաղ­թա­կանու­թեան տա­նող փաս­տա­թուղթե­րուն պատ­րաստման։ Նա­խորդ Շա­բաթ ծա­նօթա­ցայ մի այլ իրա­քահա­յու հետ որ հա­մեմա­տաբար աւե­լի բախ­տա­ւոր էր Եոզ­ղա­տի իր հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րէն։ Ան երի­տասարդ տա­րիքին Ֆրան­սա հաս­տա­տուած էր եւ այժմ կ՚աշ­խա­տէր այս երկրի ազ­գա­յին գրա­դարա­նին մէջ։ Ռաֆ­ֆի Թա­ճիրեանի հետ զրու­ցե­ցի Իրա­քէն Ֆրան­սա եր­կա­րող իր կեան­քի պատ­մութեան շուրջ։

Վար­դան Էս­դուգեան- Առա­ջին հար­ցումս հետեւեալն է. ո՞ւր ծնած էք, ո՞ւր ան­ցաւ ձեր ման­կութիւ­նը։

Ռա­ֆֆի Թա­ճիրեան- Հայրս 1953-ին Իրա­քի կա­ռավա­րու­թեան շնոր­հած կրթա­թօշա­կով ուսման հա­մար Ֆրան­սա գա­ցած է։ Եր­կու տա­րի անց Պաղ­տատ վե­րադար­ձած եւ մօրս հետ ամուսնա­ցած։ Ապա մօրս հետ միաս­նա­բար կը վե­րադառ­նան Ֆրան­սա եւ 1957-ին ես կը ծնիմ։ 1958-ին հօրս ու­սումը կ՚աւար­տի եւ կը վե­րադառ­նանք Պաղ­տատ։ Ծնունդիս յա­ջոր­դող 1,5 տա­րին միայն բո­լորած եմ Ֆրան­սա­յի մէջ։ Ու­րեմն ես զիս միշտ Իրա­քի հետ կը բնու­թագրեմ։ Մօ­րենա­կան կամ հօ­րենա­կան բո­լոր ազ­գա­կան­ներս պաղ­տատցի էին։

Վ.Է.- Ձեր ման­կութեան տա­րինե­րուն ի՞նչ էր հա­յու­թեան թի­ւը։

Ռ.Թ.- Եկե­ղեց­ւոյ տուեալ­նե­րուն հա­մաձայն 25 հա­զար կ՚ըսուէր։ Սա­կայն այս թի­ւը եր­բեք յստակ չէ եղած։ Միայն կրնամ վկա­յել թէ խառն ամուսնու­թիւններ առ­հա­սարակ չէին պա­տահեր, որու հե­տեւան­քով հա­յոց թիւն ալ ան­փո­փոխ կը մնար։ Նշեմ որ կա­յին առա­քելա­կան, բո­ղոքա­կան եւ կա­թողի­կէ հա­յեր։

Վ.Է.- Իսկ հայ­կա­կան դպրոց­ներ կը գոր­ծէի՞ն։

Ռ.Թ.- Ես կրթու­թիւն ստա­ցած եմ Սվաճեան-Թարգման­չաց հայ վար­ժա­րանի մէջ։ Դպրո­ցը ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ լի­սէ ու­սում կը ջամ­բէր։ Ես այդ դպրո­ցի ման­կա­պար­տէ­զը եւ նա­խակրթա­րանը աւար­տած եմ։ Նշեմ որ մեր դպրո­ցը Իրա­քի մէջ երկսեռ աշա­կերտ ըն­դունող միակ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւնն էր։ Այս յատ­կութեան հա­մար ալ պե­տական թոյլտուու­թեան կա­րիք չէր զգա­ցած։ Ճիշդ է որ Իրա­քի մէջ նե­ղու­թիւններ կան սա­կայն անոնք եր­բեք հա­յոց ուղղեալ չեն եղած։ Երբ կեան­քը բնա­կանոն էր, հա­յերն ալ բար­գա­ւաճ կեանք կ՚ապ­րէին։ Իրաք­ցի­ներ յար­գանքով կը վե­րաբե­րէին հա­յերուն։

Վ.Է.- Ինչպէս գի­տէք կարճ ժա­մանակ առաջ Թուրքիոյ մէջ զի­նուո­րական ան­յա­ջող հա­րուած մը ապ­րե­ցանք։ Նախ­քան ձեր գա­լուստը այս պատ­ճա­ռաւ մտա­հոգու­թիւն մը ապ­րե­ցա՞ք։

Ռ.Թ.- Նա­խակրթա­րանի ու­սումէն ետք ար­ձա­նագ­րուեցայ լի­բանան­ցի զոյ­գի մը 1965-ին հիմ­նած միջ­նա­կարգ դպրո­ցը։ Ապա ու­սումս շա­րու­նա­կեցի Պաղ­տա­տի Ամե­րիկեան վար­ժա­րանի մէջ։ Ահա այդ ուսման երկրորդ տա­րին էր որ «Պաաս»ի կա­ռավա­րու­թիւնը ճնշումներ բա­նեցուց ժո­ղովուրդին, որ­մէ տու­ժե­ցին նաեւ հա­յերը։ Զիս հե­ռացու­ցին դպրո­ցէն, շա­տերուն տու­նե­րը գրա­ւեցին։ 1963-1964 տա­րեթի­ւերուն սահ­մա­նափակ յե­ղափո­խու­թիւններ պա­տահե­ցան Իրա­քի մէջ։ Հե­տեւա­բար կրնամ ըսել որ մենք որոշ չա­փով սո­վոր ենք Թուրքիոյ մէջ ապ­րուած­նե­րուն։ Կը յի­շեմ որ օրեր շա­րու­նակ տան վա­րագոյրնե­րը չենք կրցած բա­նալ եւ դրան շե­մէն դուրս քայլ մը իսկ չենք նե­տած։ Յա­ճախ կա­ռավա­րու­թիւններ կը փո­խուէին։ Ես ման­կութեան տա­րինե­րէն վարժ եմ այս երե­ւոյթնե­րուն։ Միակ մտա­հոգու­թիւնը օդա­կայա­նի փակ ըլ­լա­լը լսե­լով ապ­րե­ցանք։ Բա­րեկամ­ներ ու­նէինք որ մէկ օր առաջ Փա­րիզ պիտի վե­րադառ­նա­յին բայց չէին յա­ջողած։ Երբ պոլ­սե­ցի բա­րեկամ­նե­րէն լսե­ցինք որ ամէն ինչ կար­գին է, առանց վա­րանե­լու որո­շեցինք գալ։ Լի­սէն աւար­տե­լէ ետք երեք տա­րի հա­մալ­սա­րանի մէջ ատամնա­բուժու­թեան հե­տեւե­ցայ եւ առանց աւար­տե­լու 1977-ին ըն­տա­նեօք մեկ­նե­ցանք Ֆրան­սա։

Վ.Է.- Իսկ ինչպէ՞ս ան­ցաւ առա­ջին տա­րինե­րը։

Ռ.Թ.- Սկիզ­բը պաշ­տօ­նական ոչ մէկ թուղթ ու­նէինք։ Ապա դի­մեցինք գաղ­թա­կանու­թեան գրա­սենեակ։ Հայրս այն տեղ պաշ­տօ­նեանե­րուն պար­զեց թէ մօտ օրէն պա­տերազմ կը սպառ­նայ Իրա­քին եւ ինք իր ըն­տա­նիքին հա­մար ապա­գայ մը չի կրնար պատ­կե­րաց­նել։ Հօրս այդ յայ­տա­րարու­թե­նէն երեք տա­րի անց ծա­գեցաւ Իրան-Իրա­քի պա­տերազ­մը։ Մօտ 1,5 տա­րի ետք ստա­ցանք ըն­դունման փաս­տա­թուղթը։ 1984-ին ես, իսկ 1985-ին ըն­տա­նիքի միւս ան­դամնե­րը Ֆրան­սա­յի քա­ղաքա­ցի դար­ձանք։ Մինչ այդ ար­դէն հե­տեւած էինք ֆրան­սե­րէնի դա­սերուն։

Վ.Է.- Քա­ղաքա­ցի դառ­նա­լէն ետք ի՞նչ տե­սակ կեանք ու­նե­ցաք։

Ռ.Թ.- Անգլե­րէնի եւ հա­մակարգչի ծրագ­րա­ւոր­ման դա­սըն­թացքնե­րուն հե­տեւե­ցայ։ Բա­րեկա­մի մը մի­ջոցաւ ամե­րիկեան «Սի­թի Պանք» ըն­կե­րու­թեան մէջ աշ­խա­տանք գտայ, որ տե­ւեց մին­չեւ 1992։

Եր­կու ան­գամ այ­ցե­լած եմ ԱՄՆ։ Կը մտադ­րէի հոն հաս­տա­տուիլ։ 1990-ին մօ­րաքոյրս զիս հա­մոզեց որ Իս­թանպուլ այ­ցե­լեմ։ Այդ այ­ցե­լու­թեան օրե­րուն ծա­նօթա­ցայ կնոջս Վիլ­մա­յի հետ։ Նոյն տա­րուայ Դեկ­տեմբե­րին կրկին Թուրքիա եկայ եւ Վիլ­մա­յի հետ նշա­նուե­ցանք։ Տա­րի մը անց ան Փա­րիզ եկաւ ու պաշ­տօ­նական ամուսնու­թիւն կնքե­ցինք։ 4 Յու­լիս 1991-ին Պէ­շիք­թա­շի եկե­ղեց­ւոյ մէջ պսա­կուե­ցանք։ 1996-էն այս կողմ կ՚աշ­խա­տիմ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դարանին մէջ։ Սա­կայն յստա­կաց­նեմ որ իմ աշ­խա­տու­թիւնը գիր­քե­րու հետ չէ այլ գրա­դարա­նի ելմտա­կան խնդիր­նե­րով։

Ռաֆֆի Թաճիրեանին խարբերդցի մեծ մայրիկը եւ կարինցի մեծ հայրիկը

Վ.Է.- Ին­չե՞ր զգա­ցիք դէ­պի Թուրքիա այ­ցե­լու­թեան առա­ջին օրե­րուն։

Ռ.Թ.- Թուրքիա հօրս եւ մեծ հօրս ծննդա­վայ­րը իբ­րեւ, ինձ հա­մար ալ հայ­րե­նիք կը հա­մարուի։ Յստակ կը յի­շեմ առա­ջին տպա­ւորու­թիւնս որ կի­սած էի մօ­րաք­րոջս հետ։ Քա­ղաքը Պաղ­տատ կը յի­շեց­նէր, նոյն մի­ջավայ­րը, մարդկանց դէմ­քին նոյն ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ օտա­րու­թիւն չեմ զգար այս քա­ղաքին մէջ։ Առա­ջին այ­ցե­լու­թե­նէ ետք 17 ան­գամներ եւս եկած եմ Իս­թանպուլ։

Վ.Է.- Պաղ­տատ ծնած ու մեծ­ցած էք, բայց ձեր կեան­քի աւե­լի եր­կար մէկ բա­ժինը ան­ցած է Ֆրան­սա­յի մէջ։ Ի՞նչ բաղ­դա­տու­թիւն կ՚ընէք Ֆրան­սա­յի կամ Իրա­քի մէջ հայ ըլ­լա­լու մա­սին։

Ռ.Թ.- Ան­շուշտ որ Ֆրան­սա Իրա­քի հետ բաղ­դա­տելով շատ աւե­լի ազատ եր­կիր մըն է։ Բայց Իրա­քի մէջ հա­յապահ­պանման խնդիր չենք ու­նե­ցած։ Ամե­նու­րէք հա­յերէն կը խօ­սէինք եւ այս շատ բնա­կան էր։ Տե­ղացի ժո­ղովուրդը ըն­դունած էր որ հա­յերը աւե­լի բարձր մշա­կոյ­թի տէր են։ Ֆրան­սա­յի մէջ պատ­կե­րը բո­լորո­վին տար­բեր է։ Ֆրան­սա­յի մեր ազ­գա­կից­նե­րը իրենց հայ ինքնու­թեան պատ­ճա­ռաւ ստոր­նութեան բար­դոյթէ կը տա­ռապին։ ԺԶ. դա­րուն Պաղ­տատ գա­ցած վա­ճառա­կանի մը թոռ­նե­րը-ծոռ­նե­րը այ­սօր ալ հա­յախօս են Պաղ­տա­տի մէջ, մինչ ֆրան­սա­հայե­րու երկրորդ սե­րունդը ֆրան­սե­րէնէ զատ լե­զու չի գի­տեր։

Կը կար­ծէինք թէ Ֆրան­սա եր­թա­լով հայ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը աւե­լի ազատ պի­տի ապ­րինք, ամ­բողջո­վին սխա­լեր ենք։ Սա­կայն չեմ կրնար ու­րա­նալ Ֆրան­սա­յի շնոր­հած ար­ժա­նիք­նե­րը։ Այս երկի­րը շատ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած է իմ անհատական զարգացումին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ