Հարկ է ուղղել սխալ պնդումը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մեր հաշւոյն անբաղձալի երեւոյթ է հակաճառութեան մտնել հայ մամուլէ ոեւէ գրո­ղի հետ։ Սա­կայն երբ կը հան­դի­պինք իրո­ղու­թիւննե­րը շրջե­լու, բո­լորին հա­սարա­կաց հա­մոզու­մը ճիշդ հա­կառա­կով ներ­կա­յաց­նե­լու փոր­ձե­րուն՝ չենք կրնար լռու­թիւն պա­հել։

13 Օգոս­տոս թուակիր «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի մէջ Սա­գօ Արեանի «Սխալ պնդումներ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը կար­դա­լով ստի­պուած զգա­ցինք մեր ընդվզու­մը յայտնել։ Նշենք որ Սա­գօ Արեան ան­ցեալին ալ նոյն էջե­րուն վրայ նման բնոյ­թով յօ­դուած ստո­րագ­րած եւ ծան­րօ­րէն մե­ղադ­րած էր Թուրքիոյ խորհրդա­րանի ան­դամ, ՀՏՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նը։

Արեան այս ան­գամ ալ նոյ­նը կ՚ընէ՝ Փայ­լա­նը կը մե­ղադ­րէ աստղ դառ­նալ յա­ւակ­նե­լով։ Կը կար­ծէ թէ Փայ­լան կու­սակցու­թեան մէջ պաշ­տօ­նակո­չուած է իբ­րեւ «հայ­կա­կան թե­ւի բան­բեր»։ Հե­տեւա­բար ալ այս շրջա­նակէն դուրս իր ելոյթնե­րը կը բնու­թագրէ «պա­պէն աւե­լի պա­պական» ըլ­լա­լով։

Հասկնա­լի է Սա­գօ Արեանի սխալ ըն­կա­լու­մը։ Միայն իրեն յա­տուկ սխալ­մունք մը չէ այս։ Սփիւռքի հա­յու­թեան կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծը զուրկ ըլ­լա­լով քա­ղաքա­կան եւ գա­ղափա­րախօ­սական փոր­ձութե­նէ, հայ պատ­գա­մաւո­րի դե­րը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ բո­լոր եր­կիրնե­րու խորհրդա­րան­նե­րու մէջ կը սահ­մա­նեն իբ­րեւ «հայ­կա­կան թե­ւի բան­բեր»։

Բո­լորո­վին չէ սխա­լած Սա­գօ Արեան։ Կա­րօ Փայ­լան իս­կա­պէս ալ աստղ մը ըլ­լա­լով կը փայ­լի կու­սակցու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ Ան օրի­նակի հա­մար դեռ քա­նի մը օր առաջ խորհրդա­րանի ընդհա­նուր նիս­տի ըն­թացքին իր կու­սակցու­թեան անու­նով շատ իմաս­տուն ելոյթ մը ու­նե­ցաւ նիւթ առ­նե­լով հար­կա­յին վեր­ջին կար­գադրու­թիւննե­րուն երկրին աղ­քատ դա­սակար­գին վրայ գոր­ծե­լիք աւե­րը։ Կա­րօ Փայ­լան ՀՏՓ-ի շար­քե­րուն մէջ հա­յոց վե­րապա­հուած աթո­ռը զբա­ղեց­նե­լու հա­մար չէ որ եկած է խորհրդա­րան։ Ան այդ կու­սակցու­թեան հիմ­նադրու­թեան շրջա­նէն սկսե­լով աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւն ու­նե­ցած է, որուն հե­տեւանք հա­մակիր­նե­րու լայն զան­գուած մը ապա­հոված կու­սակցու­թեան մէջ։ Իսկ ընտրուելէ ետք իր գոր­ծունէու­թեամբ այդ հա­մակիր­նե­րու զան­գուածը ընդլայ­նած է դէ­պի ժո­ղովուրդի լայն խա­ւերուն։ Այ­սօր սխալ պի­տի չըլ­լայ պնդել թէ բազ­մա­միլիոն ընտրող­նե­րու շար­քին Կա­րօ Փայ­լան իբ­րեւ աստղ մը կը փայ­լի կու­սակցու­թեան առաջ­նա­կարգ քա­նի մը անուննե­րու կող­քին։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րին մէջ յստակ իրո­ղու­թիւն է որ Կա­րօ Փայ­լան թրքա­հայ հա­մայնքին ներ­կա­յացու­ցի­չը չէ, այլ ՀՏՓ-ի մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վա­յելող պատ­գա­մաւո­րը։ Նոյն դիր­քի մէջ են այլ եր­կու երես­փո­խան­նե­րը Մար­գար Էսա­յեան եւ Սե­լինա Տո­ղան։ Սե­լինա Տո­ղան եւս իր կար­գին կը տա­նի աշ­խոյժ քա­ղաքա­կան գոր­ծունէու­թիւն։ Իր դժբախ­տութիւ­նը կը կա­յանայ ան­դա­մակ­ցած կու­սակցու­թե­նէն։ Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թիւնը ի հի­մանէ կա­ռու­ցուած է թուրք ազ­գայնա­կանու­թեան վրայ։ Սա­կայն ժա­մանա­կի ըն­թացքին որոշ ժո­ղովրդա­վարա­կան տար­րեր ալ իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցած են եւ Տո­ղան այդ ազ­դե­ցու­թեան հե­տեւան­քով կրնայ հան­րութեան նպաս­տող աշ­խա­տու­թիւն ծա­ւալել թուրք ազ­գայնա­կան կու­սակցու­թեան մը մէջ։

Իսկ «ԱՔ կու­սակցու­թեան կամ Էր­տո­ղանի ընդդի­մախօս­նե­րը հա­մայնքին քա­նի՞ տո­կոսը կը կազ­մեն» հար­ցումին ան­շուշտ որ փաս­տա­ցի թուան­շա­նով մը պա­տաս­խա­նել կա­րելի չէ։ Մենք խոր­հուրդ կու տանք Սա­գօ Արեանին, թող ինք ան­ձամբ փոր­ձէ ժո­ղովուրդին հա­կու­մը հա­մեմա­տել, այն ատեն պատ­կե­րացում մը պի­տի ու­նե­նայ։ Եր­բեք չա­փազան­ցութիւն պի­տի չըլ­լայ պնդել թէ 7 Յու­նիս 2015 թուակա­նի ընտրու­թիւննե­րուն երկրի հայ փոք­րա­մաս­նութիւ­նը հե­տեւե­լով այլ կրօ­նական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ալ հա­կու­մին, ձայ­նե­րու ջախ­ջա­խիչ տո­կոսով զօ­րակ­ցե­ցաւ ընդդի­մադիր ՀՏՓ-ական շար­ժումին։ Այդ զօ­րակ­ցութիւ­նը 1 Նո­յեմ­բե­րի կրկնուած ընտրու­թիւննե­րուն որոշ չա­փով նա­հան­ջեց հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին որ­դեգրած բռնու­թեան քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւան­քով։

Այստեղ հայ հա­մայնքի պա­րագա­յին, ժո­ղովուրդի լայն խա­ւը եւ իբր թէ ժո­ղովուրդը ներ­կա­յաց­նող պատ­րիար­քա­րանը եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չա­կազ­մը բո­լորո­վին տար­բեր ուղղու­թիւններ որ­դեգրե­ցին։

Սա­գօ Արեան իր սլաք­նե­րը կ՚ուղղէ նաեւ պոլ­սա­հայու­թեան պար­ծանք հա­մարուելու ար­ժա­նի երի­տասար­դա­կան կազ­մա­կեր­պութեան՝ «Նոր Զար­թօնք» շար­ժումին։ Կաս­կա­ծի տակ կը թո­ղու անոնց բո­լորին կող­մէ գնա­հատուած արարքնե­րը։ Տի­պար պահ­պա­նողա­կան յե­տադի­մակա­նի մը մեր­ձե­ցու­մով զա­նոնք վտան­գա­ւոր կը հա­մարէ։ Կ՚ու­րա­նայ «Քամփ Ար­մէն»ի գրաւ­ման դէմ իրենց տա­րած պայ­քա­րը եւ այդ նիւ­թի որոշ լուծման մը յան­գե­լուն մէջ կը տես­նէ «լոյ­սե­րէ հե­ռու գոր­ծե­լով հա­մայնքի շա­հերը ապա­հովող ու անոր անվտան­գութիւ­նը պա­հող» անե­րեւե­լինե­րու դե­րակա­տարու­թիւնը։

Երե­ւանաբ­նակ պէյ­րութա­հայ Սա­գօ Արեանի այս սխալ դի­տումնե­րու ետին կա՛մ սփիւռքա­հայու հա­ւանա­կան ան­տե­ղեակու­թիւնը պի­տի տես­նենք կամ ալ որոշ շրջա­նակ­նե­րու, նոյնիսկ թե­րեւս իր աշ­խա­տակ­ցած օրա­թեր­թին պա­տուէ­րը։ Երա­նի առա­ջինը ի զօ­րու ըլ­լայ եւ մենք այսպէ­սով հա­կառակ կար­ծիքներ ներ­կա­յացու­ցած ըլ­լանք։ Իսկ երկրորդ հա­ւանա­կանու­թեան առ­կա­յու­թեան մէջ բո­լոր այս տո­ղերն ալ անի­մաստ պի­տի դառ­նան քա­նի որ ծա­խուած գրի­չի մը հետ երկխօ­սու­թիւնը նշա­նակու­թիւն չ՚ու­նե­նար։

Վեր­ջա­բանը բե­րենք Թուրքիոյ իշ­խա­նական շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ վեր­ջերս յա­ճախա­կիօրէն կրկնուած եւ հա­յատառ մա­մու­լին ալ խայ­տա­ռակ թրքա­բանու­թիւնով մը թարգմա­նած նա­խադա­սու­թեամբ։ «Մենք ազգ ենք, Կա­րօ Փայ­լա­նը կամ Նոր Զար­թօնքը չենք կերցներ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ