Հայաստանի հաշուեփակը Ռիոյի Ողիմպիականին

Փակման շքեղ հանդիսութիւնով մը աւարտեցաւ Ռիօ տէ Ժաներոյի Ողիմպիական խաղերը։ 187 երկիրներէ մասնակիցներով կայացող Ողիմպիական խաղերուն Հայաստան մասնակցեցաւ 38 մարզիկներով։ Խաղերու աւարտին Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց մէկ ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներ։ Այս առթիւնով Հայաստան երկիրներու դասաւորման մէջ հանդիսացաւ 42-րդ։

Մրցումներու ընթացքին Հայաստանի մեծագոյն յաջողութիւնը կայացաւ ըմբշամարտի մէջ, ուր Արթուր Ալեքսանեան 98 Քիլօ քաշային մարզի մէջ յաղթելով քուպացի մարզիկը նուաճեց ոսկի մետայլը։ Արթուր Ալեքսանեան նախորդ Ողիմպիական խաղերուն ալ ունէր պատուական յաջողութիւններ։ Եւրոպական ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճած էր երեք ոսկի եւ երկու արծաթ մետալներ։ Իսկ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականներուն ստացաւ պրոնզ մետայլ։

Այս յաջողութիւնով Հայաստան 30 տարուայ ընդհատումէն ետք վերատիրացաւ պրոնզ մետայլի։ Իսկ նոյն մարզի մէջ Միհրան Յարութիւնեան եւ ծանրաբարձ Սիմոն Մարտիրոսեան ու Կոր Մինասեան եւս մետալներ բերին Հայաստան։    

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ