Ճերապլուսէն հակասական լուրեր

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու նախորդ շաբաթ Իսլամ Պետութեան դէմ սկսած զինեալ գործողութիւնը իրեն թիրախ ընտրած է Սուրիոյ քրտական միաւորումները։ Մինչ այդ Ռուսաստան, Ամերիկա եւ Իրան որոշ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են խնդրի լուծման մասին ու ըստ լսումներու Թուրքիա ալ համակերպած է կողմերու առաջարկներուն։ Այս համաձայնութիւնով Թուրքական ուժերը պիտի մնան Ճէրապլուսի մէջ, իսկ քիւրտերը Քոպանիի եւ Աֆրինի քանթոնները պիտի միացնեն Էլ Պապի վրայէն։ Նախորդ շաբաթուայ անցուդարձերը արդէն ինքնին բաւական վիճելի պատկեր մը կը ներկայացնէին, քանի որ Թուրքիոյ իբրեւ թէ ՏԱԻՇ-ի դէմ նախաձեռնած գործողութիւնը ընթացած էր բոլորովին համերաշխ պայմաններու մէջ։ Զինեալ Ուժերը ոչ մէկ դիմադրութիւն տեսած էին եւ կարելի է ըսել որ Ճէրապլուս ինկած էր առանց փամբուշտ մը իսկ կրակելու։ Որքան ալ գործողւթեան նպտակը կը բացատրուէր ՏԱԻՇ-ի դէմ Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակները այս առթիւ կը սպառնային ԵՓԿ-ականներուն Եփրատ գետի արեւմտեան ափը չանցնելու համար։ Թուրքիոյ այս սպառնական ոճը անհանգստութիւն պատճառեց ԱՄՆ-ի, Իրանը եւ Ռուսիոյ, որոնք յայտարարութիւններով զգուշացուցին, ըսելով որ հասարակական թշնամին ՏԱԻՇ-ն է եւ սխալ է ուրիշ խումբերու հետ պատերազմիլ։ Այս զարգացումներու զուգահեռ կողմրու միջեւ զինեալ բախումները սաստկացան այսպէս ԵՓԿ-ականները հրթիռով զարկին թրքական հրասայլ մը, իսկ Թուրքիոյ զինուորները սպաննեցին 25-ականներ։

Այս զարգացումներուն մէջ Թուրքիոյ Նախագահը կը յայտարարէր թէ բոլոր միջոցներով պիտի պայքարին անջատողական ԵՓԿ-ի դէմ եւ այդ պայքարը պիտի շարունակէ մինչեւ որ միաւորումը ամբողջովին ջնջուին։ Միւս կողմէ դէտեր որոշ վերապահութեան կը լսեն թրքական կողմի այս յայտարարութիւնները ու կը պնդեն թէ կը շարունակուին որոշ բանակցութիւններ, որոնց Թուրքիա ալ համակարծիք եղած է։ Դէտերու փոխանցմամբ համաձայնութիւնը կայացած է հետեւեալ դրութեամբ՝ «Ազատ Սուրիոյ Բանակի Թուրքիոյ կողմէ ապահովուած խումբերը պիտի մնան Ճէրապլուսի մէջ։ Այսպէսով ապահով գօտի մը ստեղծուած պիտի ըլլայ Սուրիոյ սահմանին մէջ։ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ-ին ալ կը խոստացուի Հիւսիւսային Սուրիոյ մէջ քրտական նրբանցքի մը ապահովումը։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցող դէտին համաձայն Սուրիոյ մէջ արդէն կայ Քոպանիէն մինչեւ Քամիշլի երկարող քրտական հատուած մը։ Այս լուծումով, թէ Թուրքիա եւ թէ քիւրտերը իրենց տեսակէտներով գոհացած պիտի ըլլան։ Նոյն դէտի համաձայն Ճէրապլուսի առանց բախումի գրաւումը կը բացատրուի Ազատ Սուրիոյ Բանակ կոչուած խումբին իրականութեան մէջ Ջեբհաթ ալ Նուսրայի միաւորներ ըլլալն է»։

Թուրքիոյ հերքումը

Թուրքիա, թէ Արտաքին Գործոց Նախարարի, թէ Եւրոպայի Միութեան նախարարի եւ թէ Հանրապետութեան Նախագահի բանբերի միջոցաւ հերքեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ Ժողովրդական Ուժերու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանալու եւ զինադադար հռչակելու մասին պնդումները։

Երկու նախարարները եւ եւ նախագահի բանբերը գրեթէ նոյն նախադասութիւններով մերժեցին համաձայնութեան մասին պնդումները եւ վճռակամութիւն յայտնեցին իրենց կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակուած քրտական միաւորումներու դէմ մինչեւ վերջ պայքարելու մասին։

Նեճմիյէ Ալփայ ալ ձերբակալուած

«Էօզկիւր Կիւնտէմ» օրաթերթի դէմ շարունակուող հարցաքննութեան ծիրէն ներս ձերբակալուեցաւ նաեւ հանրածանօթ լեզուաբան Նեճմիյէ Ալփայ։ Համատարած ընդվզումի պատճառ դարձած էր անուանի գրող Ասլը Էրտողանի ձերբակալութիւնը։ Տակաւին Այդ ձերբակալութեան ցնցումները չէին յագեցած, երբ վրայ հասաւ երկրի նոյնքան սիրուած մտաւորականի մը՝ Նեճմիյէ Ալփայի ձերբակալութեան լուրը։ Ալփայ վերջին չորս տարիներէ ի վեր «Էօզկիւր Կիւնտէմ» թերթի մէջ ստանձնած էր հրատարակութեան խորհրդատուի պաշտօնը։

Ան հացաքննութեան պահուն յայտնեց թէ այս պաշտօնը աւելի խորհրդանշական կոչում մըն է, քան գործնական։ «Ես եւ միւս խորհրդակցական կազմի աշխատողներս թերթի խմբագրութեան մէջ ձայն չենք ունենար։ Այս պաշտօնը ստանձնած եմ, որովհետեւ դէմ եմ ամէն տեսակ բռնութեան։ Նաեւ գրութիւններս ալ չեն հրատարակուիր թերթին մէջ։ Նշենք որ նոյն մեղադրանքով ձերբակալուած Ասլը Էրտողանի ազատութեան համար զօրակցութեան զանազան միջոցառումներ կը կատարուին»։  

   


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ