Տեմիրթաշն ու հայերէնը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Իշխանամէտ ու դրանիկ շրջանակներն ու մամուլը ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշը հեղինա­կազրկե­լու կամ զին­քը արա­տաւո­րելու նոր հնարք մը գտած են։ Անոնք ատեն-ատեն կը յայ­տա­րարեն, թէ Տե­միր­թաշ քրտե­րէն չի կրնար խօ­սիլ։ «Քրտա­կան կու­սակցու­թեան նա­խագա­հի մը վա­յե՞լ է մի­թէ», հարց կու տան անոնք։

Ծա­նօթ կը թուի։ Անոնք, որոնք հա­յերէն գիտ­նալն ու խօ­սիլը առանձնա­յատ­կութիւն կամ բնա­կան առա­ւելու­թիւն մը կը նկա­տեն՝ ո՛չ միայն իրենց կա­լուա­ծը կը հա­մարին հայ­կա­կան անու­նին տակ ներ­կա­յացող ամէն ինչ, այլ եր­բեմն ծա­ծուկ, եր­բեմն բա­ցայայտ, սա­կայն միշտ խստօ­րէն կը քննա­դատեն այն ան­ձե­րը, որոնք կը ձգտին ներդրում ու­նե­նալ հա­ւաքա­կան կեան­քէն ներս։ «Ան ալ հա­յերէ՞ն գի­տէ», կ՚ըլ­լայ իրենց առա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թիւնը, երբ կը լսեն, թէ այս կամ այն ան­ձը իր կա­րելիու­թիւննե­րուն չա­փով ներդրում մը բե­րած է հան­րա­յին կեան­քին։

Իրենք՝ հա­յերէն չգիտ­ցողնե­րը, յա­ճախ կրնան հա­մար­ձակ չըլ­լալ Տե­միր­թա­շի չափ, որուն պա­տաս­խա­նը հե­տեւեալը եղած է զինք քննա­դատող­նե­րուն. «Այո՛, ասի­կա ամօթ մըն է, սա­կայն ո՛չ թէ իմ, այլ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան ամօ­թը։ Անոնց վա­րած ձու­լումի քա­ղաքա­կանու­թեան ամօթն է։ Կ՚ու­զէի ամէն ին­չի մա­սին խօ­սիլ մայ­րե­նի լե­զուովս՝ զա­զայե­րէնով, քրման­ճիով, սո­րանիով եւ միւս բար­բառնե­րով։ Ասի­կա թե­րու­թիւն մըն է թե­րեւս մե­զի հա­մար։ Սա­կայն այս ամօ­թը կը պատ­կա­նի ո՛չ թէ մե­զի, այլ իրենց»։

Տե­միր­թաշ ար­դա­րացիօրէն կը մատ­նանշէ պե­տու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր վա­րած ձու­լումի քա­ղաքա­կանու­թիւնը, որուն համն ու հո­տը հա­յերը շատ աւե­լի վաղ սկսած են զգալ իրենց քիմ­քին, քան քրտե­րը։ Ձգենք Օս­մա­նեան կայսրու­թեան ժա­մանա­կաշրջա­նը, Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նադրու­թեան առա­ջին տա­րինե­րուն Պոլ­սոյ մէջ կար հայ­կա­կան 47 վար­ժա­րան, 32 պար­բե­րական՝ աշա­կեր­տութեան ու տպա­քանա­կի պատ­կա­ռելի թի­ւերով։ Ձու­լումի ու ճնշու­մի քա­ղաքա­կանու­թիւնը դի­տելու հա­մար պէտք չու­նիք դի­մելու այլ մի­ջոցի մը. կրնաք պար­զա­պէս այս թի­ւերը հա­մեմա­տել ներ­կա­յի թի­ւերուն հետ ու ստա­նալ խօ­սուն պատ­կեր մը։

Տե­միր­թա­շի յայ­տա­րարու­թիւնը այսքան չէ։ Ան յայտնած է, որ թէեւ գի­տէ զա­զայե­րէն, կը հասկնայ, մա­սամբ նաեւ կը խօ­սի քրդե­րէնի միւս բար­բառներն ալ՝ քրման­ճին ու սո­րանին, սա­կայն կը դժուարա­նայ երբ կ՚ու­զէ քա­ղաքա­կան վեր­լուծու­թիւն մը կա­տարել։

Մեզ­մէ շա­տերուն հա­յախօ­սու­թիւնն ալ այս մա­կար­դա­կին վրայ չէ՞ մի­թէ։ Եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թիւն նկա­րագ­րե­լու մէջ մեր նմա­նը չէք գտներ ողջ սփիւռքի տա­րած­քին։ Կա­թողի­կոս, պատ­րիարք, եպիս­կո­պոս եւ տե­սակ տե­սակ տէր­տէր կամ տի­րացու գո­վաբա­նելու բա­ռապա­շարը պոլ­սե­ցին լաւ գի­տէ։ Լաւ գի­տենք միայն իրենց դրա­մով ար­ժա­նիքի մը տի­րացած ան­ձե­րուն քծնե­լով զա­նոնք շփաց­նե­լու լե­զուն։ Կեղծ քա­ղաքա­վարու­թեան մը բա­ռերը չե՞ն դառ­նար մեր լե­զուին վրայ. պա­րոն­նե­րըւն, տի­կին­նե­րուն, խնդրեմ­նե­րուն կը խառ­նուին քաւ-լի­ցինե­րու, ազ­նուափայ­լե­րու, վսե­մաշու­քե­րու հե­ղեղը։ Հան­ճա­րեղ ենք սի­րոյ սե­ղանի մը նկա­րագ­րութիւ­նը ընե­լու պա­հուն, տա­ղան­դա­ւոր՝ սո­վորա­կան, նոյ­նիսկ գէշ կազ­մա­կեր­պուած հա­մերգ մը, ձեռ­նարկ մը պատ­մա­կան, ան­նա­խադէպ կամ նման գե­րադ­րա­կան ածա­կան­նե­րով որա­կելու մէջ։ Աննշան հա­մալ­սա­րանէ մը շրջա­նաւարտ երի­տասարդ մը միշտ փայ­լուն յա­ջողու­թեան մը տէր է օրի­նակ, մինչդեռ լուռ ենք, եր­բեմն նաեւ ու­րա­ցող «Քամփ Ար­մէն»ի դի­մադ­րութիւ­նը կազ­մա­կեր­պած երի­տասարդնե­րուն առ­ջեւ։ Մեր լե­զուն լուն դիւ­րութեամբ ուղտի կը վե­րածէ, սա­կայն կը պա­պան­ձի երբ կար­գը հաս­նի պա­հան­ջա­տիրու­թեան կամ մնա­ցած քա­նի մը իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան։ Հա­րիւր-հա­զարա­ւոր բա­ռեր ու­նե­ցող մեր լե­զուին բա­ռամ­թերքը կ՚աղ­քա­տանայ, նոյ­նիսկ զե­րոյի կը հա­ւասա­րի յան­կարծ, երբ հարկ ըլ­լայ ընդդի­մանալ կամ դոյզն ինչ հա­կազ­դել ազ­գա­յին բա­րերա­րի մը, որ հա­մայնքա­յին ժո­ղովի մը մէջ հայ­հո­յանքներ տե­ղացու­ցած է հա­յերէ­նի ու­սուցի­չի մը գլխին։ Մինչդեռ նոյն այդ բա­ռապա­շարէն քա­ղուած (գնուա՞ծ) բա­ռերն էին որ ազ­գա­յին բա­րերար հռչա­կած էին սո­վորա­կան լու­մա­յափոխ-սե­ղանա­ւորը։

Տէր­տէր-տի­րացու, ջոջ-մենծ աղա միայն գո­վաբա­նող, քա­ղաքա­վարու­թեան վնաս­ներ պարտկող հա­յերէն մը, որ ստեղ­ծուած է պե­տական ճնշումնե­րով, նաեւ մե­րազն մտա­ւորա­կան­նե­րուն ու լրագ­րողնե­րուն յար­մա­րուո­ղակա­նու­թեամբ, ինչպէ՞ս դառ­նայ լե­զուն այն ան­ձե­րուն, որոնք մամ­լոյ ազա­տու­թեան սեղ­մումնե­րը կը քննա­դատեն, որոնք ազա­տու­թիւն կը պա­հան­ջեն բան­տարկեալ լրագ­րողնե­րուն ու գրող­նե­րուն հա­մար, որոնք թրքա­հայ հա­ւաքա­կանու­թեան գլխուն փոր­ձանք դար­ձած ցե­ցերը կը քննա­դատեն, ու­րա­ցու­մի քա­ղաքա­կանու­թեան դի­մաց ճա­նաչում կը պա­հան­ջեն հրա­պարակ­նե­րուն վրայ, խորհրդա­րանին մէջ։ Այ­սինքն այն լե­զուն, որ ժա­մանա­կին, 1915-էն առաջ, Զար­դա­րեանինն էր, Երու­խա­նինը, Վա­րու­ժա­նինը, Քո­չու­նեանի­նը նաեւ…

Մխիթարեանի օրինակը

Եւ ինչպէ՞ս զարգանայ արի լեզու մը, երբ մեր առջեւ ունինք Մխիթարեան վարժարանի վարիչներուն օրինակը։ Վերջին հանդիպման ժամանակ անոնք ինձմէ կը պահանջէին այլեւս քաղաքական բովանդակութեամբ յօդուածներ չգրել։ «Ցեղասպանութիւն» բառը, օրինակ, պէտք չէ գործածէի, որովհետեւ ատիկա իրաւաբանական ճշմարտութիւն մը ըլլալէ աւելի, քաղաքական բովանդակութիւն մը ունէր իրենց աչքին։ Կամ, կ՚ըսէին, չդաստիարակեմ աշակերտներ, որոնք կրնան նմանիլ կեդրոնականցիներուն, այսինքն տիրանալ հանրային, քաղաքացիական գիտակցութեան (սոսկումով կը յիշէին Կեդրոնականէն խումբ մը աշակերտներու ընդդիմադիր ոճով, կառավարութեան կրթական քաղաքականութիւնը քննադատող յայտարարութիւնը)։ Մխիթարեա՜նը, կ՚ըսէին անոնք, ամօթ պիտի համարի նման աշակերտներ ունենալը։

Այս խօսքերը ինծի ըսող բարոյախօսները պաշտօնական վտարումէս ամիս մը անցած ըլլալով հանդերձ, դրժելով նոտարի իսկ վաւերացմամբ հաստատուած իրենց գրաւոր խոստումը, չեն վճարած աշխատանքէ հեռացման արդար հատուցումս։ Գիտէինք արդէն որ մենծ-աղաներու քծնողներն են, հիմա սորված եղանք որ ուսուցիչի ու աշխատաւորի իրաւունքներն ալ կը կողոպտեն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ