Կէլլիպոլի Սուրբ Թորոս համայնքէն դէպի Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ

ՔՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մօրս կողմէն մեծ հայրիկս, Կէլլիպոլցի Հաճի Յակոբ Աղա Փալանճեանն էր. Գրիգորեան՝ ծնունդի ազգանունով, զոր սակայն Ա. համաշխարհային պատերազմի նախորդող տարիներուն անծանօթ պատճառներով փոխեց ու առաւ Փալանճեան ազգանունը։ Կ՚ապրէր ու կը գործէր Կէլլիպոլ (Gelibolu-Çanakkalle)։ Իր ընտանիքը հայ համայնքէն յարգուած ու ճանչցուած էր։ Իբրեւ սպայ ծառայեց օսմանեան բանակի հեծելազօրքին, եւ մասնակցեցաւ 1915-ին տեղի ունեցած «Կէլլիպոլի պատերազմի»ն։

Իրեն պիտի վիճակուէր մահէ փրկել թուրք բարձրաստիճան սպայ մը. իր մարմինը իբրեւ «վահան» գործածեց իր ոտքը վիրաւորուելով։ Մինչեւ կեանքին վերջը այդ նշանը կը կրէր, ինչպէս նաեւ թեթեւ թեքում մը՝ քալելու ատեն։ Այս իր հերոսութեան համար, Հաճի Յակոբը կը պարգեւատրուի, իսկ թուրք սպան հրապարակաւ կը խոստովանի, թէ իր կեանքը անոր պարտական է եւ թէ այս իրողութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ։ Երկուքին միջեւ, հակառակ տարբեր ազգութեան եւ կրօնի պատկանելութեան, կը սկսի անկեղծ բարեկամութիւն մը։ Նաեւ, երկուքն ալ բացառիկ սէր ունէին ձիերու հանդէպ եւ վարժ հեծեալներ էին։ Կ՚ըսեն թէ մեծ հայրիկս, իր սեփական 40 ձիերէն զատ, ունէր շատ գեղեցիկ արաբական ձի մը. իր թուրք բարեկամին միայն տուած էր անոր վրան հեծնելու մենաշնորհը։

1922-23 թուականներուն, Կէլլիպոլի քրիստոնեայ բնակիչներուն աքսորման պաշտօնական յայտարարութենէն հազիւ մի քանի օր առաջ, թուրք սպան կը հանդիպի մեծ հայրիկիս ու անոր կը փոխանցէ իր մտահոգութիւնները. -«Սիրելի բարեկամս, մեծ փորձանք մը եկած է մեր գլխուն. Անատոլուի խորերը չեթէները կը սպաննեն ձերինները։ Ոչինչ կը խնայեն… ամէն ինչ քար ու քանդ կ՚ընեն, նոյնիսկ եկեղեցիները։ Ասկէ մեկնիլ պիտի ստիպեն ձեզի եւ պատրաստուելու ժամանակ իսկ պիտի չտան։ Այս որոշումը վերէն եկած է։ Արագ շտապէ՛ ու տեղեկացո՛ւր համայնքիդ. որքան շուտ որ կրնաք պատրաստուեցէ՛ք։ Ձեր հետ առէ՛ք նաեւ եկեղեցւոյ սպասները»։

Իսկապէս, մեծ հայրիկս առանց ժամանակ կորսնցնելու, նոյն իրիկունն իսկ ժողովի կը հրաւիրէ համայնքին Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ կը փոխանցէ տխուր ու մտահոգիչ լուրերը։ Շատեր թերահաւատ են… Ի վերջոյ, կ՚որոշեն նախապատրաստել շրջանի բոլոր հայ բնակչութիւնը եւ միաժամանակ նաւերու օգնութեամբ փախչելու ծրագիր կը մշակեն։

Եւ ո՛չ միայն։ Թաղականութեան ամէն մէկ անդամ ունի սուրբ պարտականութիւն մը. գաղթի սնտուկներուն կամ լաթ ծրարներուն մէջ, ներառնել Ս. Թորոս եկեղեցւոյ սրբազան անօթները, սպասները, աղօթագիրքերը, ազգագրական եւ եկեղեցական արժէք ներկայացնող իրերը (գորգեր, սքեմներ…), որպէսզի փրկուին հաւանական սրբապղծումէ։

Մեծ հայրիկս բախտաւորներէն էր. կարողացաւ ծախել ապարանքը։ Բարեկամ թուրք սպան գնեց։ Ան, խոստացաւ թէ երբ մեծ հայրիկս վերադառնայ, անոր պիտի վերադարձնէ տունը։ Կրկնակի էր Հաճի Յակոբին վիշտը. հեռանալ իր ծննդավայրէն եւ սիրելի բարեկամէն ու բռնել գաղթի ճամբան։

Կէլլիպոլէն՝ նաւը կ՚անցնի Եգէական ծով, կը հասնի Յոնիական ծով ու գաղթականները կը ձգէ Քեֆալոնիա կղզիին մայրաքաղաքը՝ Արղոսդոլի։ Մեծամասնութիւնը սակայն չի կրնար յարմարիլ այդտեղի կեանքին։ Ի միջի այլոց, կ՚իմանան թէ Փոքր Ասիայէն հայ գաղթականներ հաւաքուած, միատեղուած են Աթէնք եւ Փիրէա։ Ուրեմն, Հաճի Յակոբը եւ շատեր կ՚որոշեն երթալ Աթէնք ու փնտռել հայրենակիցներ, ազգականներ։

Գոքինիան Փիրէայի մօտ այդ շրջանն է, ուր Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, հայ եւ յոյն գաղթականներ ապաստան գտած էին։ Վրաններ, թիթեղաշէն տնակներ ծածկեցին դաշտերով, արտերով, պարտէզներով լեցուն այս տարածութիւնը։ Գաղթականներ ամէն տեղէ՝ Զմիւռնիայէն, Կարսէն, Կէլլիպոլէն, Վանէն, Տրապիզոնէն, Կիլիկիայէն, Կապադովկիայէն… յոյներ, հայեր, պոնտոսցիներ, ասորիներ, էզտիներ, հրեաներ… բոլորն ալ բռնի տեղահանուած իրենց պապենական հողերէն, հինաւուրց հայրենիքներէն…։ Թիթեղաշէն աննշան շինութիւն մը կը գործածուէր իբրեւ եկեղեցի. անոր միակ «զարդը» փայտէ խաչ մըն էր…։ Մեր Կէլլիպոլցիները հոն է որ կը զգան իրենց գլխուն եկած աղէտին մեծութիւնը։ Փոքր Ասիան այրած էր. ետ դարձ չկար։ Ի՛նչ դաժան գիտակցում։

Մեծ հայրիկս կ՚որոշէ իր ընտանիքին հետ մնալ Գոքինիա, հարիւրաւոր ուրիշ հայրենակիցներու հետ, ուր ա՛լ կը հաստատուին։ Արղոսդոլի կը մնան միայն 2-3 հայ ընտանիքներ։ Կը ծրագրեն համայնքին ապագան… ու առաջին հերթին, դպրոցէն զատ, պէտք է ունենան նաեւ պատշաճ եկեղեցի մը, որուն պիտի ընծայեն իրենց հետ բերած Սուրբ Թորոսի սպասները։ Իսկապէս, 1933-ի հիմնարկէքէն հազիւ 3 տարի ետք՝ 1936-ին, պատրաստ է Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին։ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ սրբազան սպասները կը միատեղուին. իրենց պատսպարանը կը գտնեն։ Տասնամեակներ շարունակ եկեղեցին կը գործէ. հոգեւոր սիրտն է Գոքինիոյ եւ Փիրէայի ու անոր շրջակայքի հայութեան։

Աւելի ետք, շատեր՝ պիտի մեկնին դէպի Աթէնքի այլ շրջանները, ուր պիտի գտնեն իրենց ազգականները. ուրիշներ՝ իրենց բախտը պիտի որոնեն հեռաւոր երկիրներուն մէջ՝ Ֆրանսա, Ամերիկա, Գանատա, Արժանթին, Պրազիլիա, Աւստրալիա, Հարաւային Ափրիկէ…։

Աշխարհի չորս կողմերը ցիր ու ցան պիտի ըլլան. բախտակից՝ Ցեղասպանութենէն փրկուած հազարաւոր հայրենակիցներու։ «Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ խորանին արեւելք նայող պատուհանը, կը դիտէր մեր տան դրան մուտքը…» կ՚ըսէին մերինները… Այս խօսքը ուղեցոյցս եղաւ, երբ 2015-ի Օգոստոսին, ընկերակցութեամբ Կէլլիպոլցի բարեկամիս՝ Ալթուղ Եըլմազին, ճամբայ ելայ դէպի Կէլլիպոլ, փնտռելու հայկական թաղը, մերիններուն տեղերը…։ Ալթուղին ծանօթացած էի մի քանի տարի առաջ, հայկական հարսանիքի մը Մուսա լերան Վագըֆլը գիւղը։ Հոն, մէկը միւսին կը պատմէինք մեր ընտանիքներուն պատմութիւնները։ Անոր մուսուլման մեծ հայրիկը, 1923-ի բնակչութիւններու փոխանակման դաժան որոշումին զոհ, ստիպուեցաւ լքել Սերեսի (Հիւսիսային Յունաստան) Փոռոյ գիւղը ու հաստատուիլ ամայացած Կէլլիպոլ։ Անգամ մը եւս հաստատեցինք թէ բռնի տեղահանման ցաւը միեւնոյնն է բոլոր մարդոց համար. այդ ցաւը կը տառապեցնէ նոյնիսկ յաջորդող սերունդներուն…։

Ալթուղը իր մանկութեան ու պատանութեան օրերը անցուց իմ պապերուս տեղերը։ Խաղցաւ լքուած հայկական տուներուն պարտէզներուն մէջ։ Գիտէ՛ր։ Միասին գտանք Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ տէր հօր տունը. մինչեւ այսօր «փափազըն էվի» կը կոչեն։ Գտանք մի քանի հին հայկական տուներ եւ բաղնիքը՝ «համամը», որուն մասին մեծ մայրիկս ի՜նչ պատմութիւններ կը պատմէր։ Սակայն, որքան ալ որ փնտռեցինք, հայկական եկեղեցիէն հետք մը նոյնիսկ չգտանք… գոնէ խորանէն փլատակ մը, որպէսզի կարողանայի աչքս ուղղել դէպի մեծ հօրս տունը… ոչի՛նչ։ Կ՚երեւի անոնք ալ զոհ գացին «վերակառուցման»։

Հետս բերած էի իսկական մոմեր, մեղրամոմեր։ Կը յուսայի մոմ մը վառել հոն, կէլլիպոլցիներուն յիշատակին. մեռան՝ վերադարձի յոյսով։ Թագուհի մեծ մայրիկս այսպիսին էր. յաճախ կը մտաբերէր իր պարտէզը գեղեցիկ ու բազմազան ծաղիկներով… -«Ա՜խ, արդեօք ի՞նչ եղան վարդենիներս, մեխակներս, ի՞նչ եղաւ դրախտս»։ Այս խօսքերը քանիցս կ՚ըսէր… մինչեւ մահուան ժամը…։ Երբ իրիկնամուտին կը ջրէի կէլլիպոլցի ընկերուհիիս Եաղմուրին տան պարտէզին ծաղիկները, - «…մեծ մայրիկ, հոգ մի՛ ըներ, ահա՛ կը ջրեմ ծաղիկներդ» մտաբերեցի։

Այն իրիկունը, այդ պարտէզի հողին վրայ, վառեցի մեղրամոմերս. մինչեւ արեւածագ երգեցի բոլոր այն երգերը զոր մեծ մայրիկս սորվեցուցած էր։ Իմ գիտցած ձեւով վառ պահեցի բոլոր անդարձ մեկնողներուն յիշատակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ