Պոլսոյ խաները հայ իրողութեան մէջ

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

zakaryamil@gmail.com

Ինչպէս ծանօթ է «Ակօս»ի ընթերցողներուն, թերթի անձնակազմէն Բագրատ Էսդուգեան, Քարին Քարաքաշլը, Պերճ Արապեան եւ Զաքարիա Միլտանօղլու վերջերս յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձուցած են Պոլսոյ պատմական խաները։ Անոնք ամէն շաբաթ շրջելով այդ խաներէն մէկուն բազմադարեան կամարներուն ներքեւ, անցեալը ներկային շաղկապող բազում պատմութիւններ կը քաղեն։ Իրենց այցելած վաճառականները գոնէ սեփական յիշողութեամբ վկայութիւններ կը բերեն մօտ կէս դարուայ անցեալէ մը։ Սակայն կայ աւելին։ Աւելին որ բոյն դրած է բազմաթիւ պատմութեան գիրքերու մէջ եւ մաս կը կազմէ ամբողջ ժողովուրդի մը պատմական անցեալին։ Արդարեւ նախորդ շաբաթ Զաքարիա Միլտանօղլու այդ յիշատակներէն վերաքաղով մը ներկայացաւ ընթերցողներուն տուեալ վայրերու մէջ հայոց հետքերը լուսաբանելով։ Արտասահմանի թերթերուն մէջ ցեղասպանութենէ անմիջապէս ետք յայտնուող, իսկ երկրի թերթերուն մէջ ալ հազիւ 1919-էն վերջ երեւացող խորագիր մըն է «Կը Փնտռուին»։ Այս խորագիրով ցեղասպանութեան հետեւանքով ցիրուցան եղած ընտանիքներու բեկորներ կը փորձեն թերթերու ծանուցումներու միջոցաւ իրարմէ լուր ստանալ։ «Կը Փնտռուին» խորագիրով սկսող նախադասութեան լրացուցիչ առաջին նախադասութիւնը կը սկսի «կը փնտռէ» բառով։ Այդ ծանուցումներուն մէջ ամենայաճախ հանդիպուած երրորդ բառն է «փնտռուած»։

Իսթանպուլի «Առաւօտ», «Ճակատամարտ», «Ազատամարտ», «Բիւզանդիոն», «Ժողովուրդ», Ատանայի մէջ «Հայ Ձայն», Նիւ Եորք՝ «Հայրենիք», Արկենդինա՝ «Արմենիա», Ռումինիոյ «Նոր Արշալոյս», Պուլղարիոյ «Զանգ» եւ նման թերթեր տարիներ շարունակ արձագանգեցին այս երեք բառերուն։ Այդ բառերով հիւսեցին բազմահազար ազդեր։ Երբեմն նոյն ազդը կրկին ու կրկին հնչեց։ Թերթերը այս ազդերը հրատարակեցին բոլորովին անվճար։ Ազդերը ընդհանրապէս կ՚աւարտէին փնտռողներու նշած հասցէներով։ Շատ անգամ թերթերու խմբագրութիւններն ալ կը դառնային դիմումի հասցէներ։ Իսկ գաւառի մէջ անոնց կը փոխարինէր «Թենեքեճի Պօղոս», «Տէյիրմէնճի Արթին»ի նման ասպարէզ մականուններ։

Ահաւասիկ մեր այսօր նիւթ առած խաներէն շատեր ալ այդ տարիներուն հասցէներու մէջ կը յիշուէին։

Խաները մեր իրողութեան մէջ զարմանալի երեւոյթ մըն են քանի որ անսպասելի պահուն յանկարծ կը բախին մեր յիշողութեան։ Խաներու մեր պատումները խմբագրելու գործը ընդհանրապէս կը վերաբերի մեր սիրելի Քարինին, բայց այս անգամ անշուշտ իր թոյլտուութեամբ կը փորձեմ քիթս խոթել իր դաշտին մէջ եւ նոր մեկնաբանութիւնով, նոր հորիզոն մը գոյացնել դարձեալ կիզակէտ ունենալով խաները։ Վերջին «անգամ 2010-ի 23 Փետրուարի համարով անդրադարձած էի «կը փնտռուին» խորագրի մէջ մնացած պատումներուն։ Սակայն այդ աշխատութիւնը ձեւով մը շարունակուեցաւ մինչեւ օրս։ Նոյնիսկ պիտի ըսեմ որ հասաւ ծաւալուն հատորի մը կերպարանքով հրատարակուելու աստիճանին։ Այդ ժամանակ նկատած էի որ այսօր մեր գործատեղի ըլլալով տեսած խաներէն մէկ մասը անցեալին ծառայած էին նաեւ որպէս բնակարան կամ գրասենեակ։ Վերջապէս այս յօդուածաշարքը պատրաստողներուս ընտանեկան պատմութեան մէջ ալ յաճախ նշումներ կային ուղղուած դէպի խաները։ Մեր բոլորին ալ նախնիները անցած էին տարագրութեան դառն ճանապարհները եւ շատ անգամ ալ հանդիպած էին խանի մը։ Այս փորձառութիւնը գիտնալով բոլորովին տարբեր ակնարկով կը շրջինք խաներու, խանութներու միջեւ եւ որպէսզի ձեզի ալ պատկերացում մը պատճառէ փոքրիկ քաղուած մը կը ներկայացնենք այդ ազդերէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ