«Այս տեղ ենք աղբարիկ»

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը մեզ՝ թերթի աշխատակիցներուս համար յատուկ նշանակութիւն մը ունի։ Սկսելով առաջին տարելիցէն, ամէն տարի 19 Յունուարի նախորդող եւ յաջորդող օրե­րուն ելոյթներ կ՚ու­նե­նանք զա­նազան վայ­րե­րու մէջ։ Մերթ կ՚այ­ցե­լենք քա­ղաքին մէջ տար­բեր հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կեդ­րոններ ու կը պատ­մենք Տին­քի որ­դեգրած առա­քելու­թեան մա­սին։ Մերթ կ՚այ­ցե­լենք Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րը, եւ մերթ ալ կը հար­կադրուինք օտար եր­կիրներ ճամ­բորդել։

«Օտար եր­կիրներ» սահ­մա­նու­մին մէջ կ՚առանձնա­նայ Գեր­մա­նիան, շնոր­հիւ իր ըն­դունած բա­զամա­թիւ թուրքիացի­ներու։ Այս երկրին մէջ թուրքիացի­ներու թի­ւը կը հա­շուուի մօտ 3,5 մի­լիոն։ Ան­շուշտ միատարր զան­գուած մը չեն կազ­մեր սփիւռքի թուրքիացի­ները։ Մեզ հրա­ւիրող­նե­րը շատ ան­գամ ղը­զըլ­պաշ ալե­ւիներ եւ քիւրտեր են, որոնք խիստ կազ­մա­կեր­պուած գա­ղու­թա­յին կեանք մը ու­նին Գեր­մա­նիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն ներս։ Իրենց միաս­նա­կան ու­ժի կա­րեւոր բա­ղադ­րիչն է ներ­նա­հան­գա­յին քա­ղաքա­կան կեան­քի մաս­նակցու­թիւնը։ Քիւրտե­րու կամ ալե­ւինե­րու նոր սե­րունդը լաւ տի­րապե­տելով գեր­մա­ներէ­նի, նա­հանգնե­րու խորհրդա­րան­նե­րու կամ քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րու կազ­մե­րուն մէջ զա­նազան պաշ­տօններ կը ստանձնեն եւ այդ մի­ջոցով ալ դիւ­րութիւններ կ՚ապա­հովեն նաեւ իրենց ներ­գա­ղու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար։

Ան­շուշտ միւս կող­մէ կայ նաեւ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պե­տական նե­ցու­կը վա­յելող այլ տե­սակի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ եւս, որոնց աշ­խա­տու­թիւնը ըն­կե­րային ըլ­լա­լէ աւե­լի լո­պիական բնոյթ կ՚ու­նե­նան։ Կը գոր­ծեն Թուրքիոյ դես­պա­նատան, հիւ­պա­տոսա­րանի եւ այլ պե­տական կա­ռոյցնե­րու ցուցմունքնե­րուն հա­մապա­տաս­խան կեր­պով։ Որոշ է որ այս երկրորդ խումբի հետ ընդհան­րա­պէս գործ չենք ու­նե­նար։ Ոչ իրենք մեզ կան­չողն են եւ ոչ ալ մենք նման կան­չի մը պա­տաս­խա­նողը։

Սա­կայն այս տա­րի Պեր­լի­նէն եկող հրա­ւէրը կը տար­բե­րէր նա­խորդնե­րէն։ Այս ան­գամ ոչ թէ ղը­զըլ­պաշ ալե­ւիներ կամ քիւրտեր, անոնք ալ նե­րառ­նող թուրքեր էին, որ կ՚ու­զէին Հրան­դի մա­հուան տաս­նա­մեակին առ­թիւ մեր զե­կոյ­ցը լսել։

Էս­րա Քը­լըճաս­լան վա­ղեմի բա­րեկա­մու­հի մըն է, որուն յատ­կա­պէս լի­բանա­նահայ տա­րեց­նե­րու հետ կա­տարած բա­նաւոր պատ­մութեան աշ­խա­տասի­րու­թիւնը աւե­լի ուշ վե­րածուեցաւ նաեւ վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նի։ Ինք էր մե­զի հետ կապ հաս­տա­տողը եւ «ԱԳԵ­ՊԻ անու­նով թուրքիացի­ներու փոք­րիկ խումբ մը» ըլ­լա­լով կը նկա­րագ­րէր իր ալ ան­դա­մակ­ցած կազ­մա­կեր­պութիւ­նը։

Մի գու­ցէ ճիշդ ըլ­լայ իր «փոք­րիկ խումբ» սահ­մա­նու­մը, բայց մենք երեք օրե­րու ըն­թացքին շրջա­պատուեցանք աննկա­րագ­րե­լի հա­րազա­տու­թեան մը կող­մէ։ Մար­դիկ՝ որոնց հետ առա­ջին ան­գամ կը հան­դի­պէինք, վա­ղեմի բա­րեկա­մի մը նման կը խօ­սէին մեզ հետ։ Ապա պար­զուեցաւ այդ վե­րաբե­րու­մի գաղտնի­քը։ «Հա­կառակ որ մե­զի հա­մար եր­կու ժամ աւե­լի կա­նուխ է հա­ղոր­դումը, ամէն շա­բաթ կը հե­տեւինք ձեր պատ­րաստած Ռա­տիօ Ակօսի ժա­մուն» կ՚ըսեն Պիւ­լենտը ու կի­նը Ֆի­լիզը։ Մեր պատ­մուածքնե­րու գիր­քի թրքե­րէն թարգմա­նու­թե­նէն օրի­նակ­նե­րու մա­սին կը խօ­սինք Նի­հաթի հետ։ «Եր­կու տա­րի առաջ Աս­տուածած­նի տօ­նին Վա­գըֆ­լը գիւ­ղը ծա­նօթա­ցած էինք, յի­շեցի՞ք», կը հարցնէ Հիւ­լիա։ Ապա նոր ծա­նօթու­թիւն մը եւս, նոր անակնկա­լով։ «Ես Հա­յաս­տա­նէն եմ, տնտե­սագի­տու­թիւն ու­սա­նած եմ եւ մաս­նա­գիտա­նալու հա­մար երեք տա­րի է որ Գեր­մա­նիա կը բնա­կիմ», կ՚ըսէ Անին։ Իս­կոյն կը ծա­նօթաց­նէ իր ըն­կե­րը՝ ֆրան­սա­ցի Ժե­րոմը։ Ժե­րոմը հա­յերէն կը բա­րեւէ մեզ։ «Ընդմիշտ ընդդի­մադիր» ածա­կանով կը ծա­նօթաց­նեն մօ­րու­սա­ւոր երի­տասարդ մը, որ ան­տիոք­ցի արաբ մըն է։ Ան­մի­ջապէս հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րու յա­տուկ զրոյց մը կը սկսի իր եւ կնոջս Սե­դայի մի­ջեւ։ Կա­րելի չէ որ այսքան թուրքիացի­ներ հա­ւաքուած ըլ­լան եւ անոնց մէջ բա­ցակա­յին քիւրտե­րը։ Ար­դա­րեւ իրենք ալ ներ­կայ են ընդմիշտ իրենց յա­տուկ խիստ կա­րեւոր խնդիր­նե­րով։ Այսպէս մէկ կող­մէն ալ Թուրքիոյ քար­տէս մը կար­ծես կը գո­յանայ այս զա­նազա­նու­թեան մէջ։ Այդ գի­շեր մօտ 100 ունկնդիր­ներ կը հե­տեւին մեր զե­կոյ­ցին, ապա մէկ օր առաջ Մաք­սիմ Կոր­քի թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ու­րիշ մի­ջոցա­ռու­մի մը գնա­հատու­մը կը կա­տարուի այս եր­դի­կին տակ։ Թե­րեւս ընե­լիք շատ բան չկայ, ամէն մարդ իր կե­ցած տե­ղէն կը դի­տէ Հրանդ Տին­քի կեր­պա­րը։ «ԱԳԷ­ՊԻ»ի մար­դիկ ան­հանգիստ են մէկ օր առաջ Ճան Տիւնտա­րի այդ նոյն Հրանդ Տին­քը բո­լորո­վին տար­բեր մէկ երե­սակով ներ­կա­յաց­նե­լու երե­ւոյ­թէն։ Բայց ինչպէս ըսինք նման հե­րոս­նե­րու հաշ­ւոյն ան­խուսա­փելի է որ ամէն ոք իր գիտ­ցած եղա­նակով նկա­րագ­րէ մեծ ան­ձե­րը։ Հան­դի­պու­մը մե­զի ըն­ձե­ռեց ու­րիշ ու­րա­խու­թիւն մը եւս եր­կար տա­րիներ ետք առի­թը ու­նե­ցանք գիրկընդխառ­նուելու մեր վա­ղեմի ըն­կե­րոջ Հայ­կա­զու­նի հետ։ Այս բո­լորը վրայ հա­սան հա­զիւ քա­նի մը օր առաջ Զմիւռնիոյ մէջ հա­մալ­սա­րական­նե­րու հետ ու­նե­ցած մեր հան­դի­պու­մէն ետք։ Այդ օր ալ ի տար­բե­րու­թիւն Պեր­լի­նէն, մենք առի­թը ու­նե­ցած էինք բո­լորո­վին երի­տասարդ խմբակ­ցութեան մը ջեր­մութիւ­նը վա­յելե­լու։ Ակա­մայ կը մտա­ծենք թէ 10 տա­րիներ առաջ այս տղա­քը տա­կաւին դե­ռահաս պա­տանի­ներ էին եւ միայն իրենց ծնող­նե­րու տպա­ւորու­թիւնով պատ­կե­րացում մը կազ­մած էին Հրանդ Տին­քի մա­սին։ Իսկ այ­սօր իրենք դար­ձած են չա­փահաս­ներ եւ զա­նազան հար­ցումնե­րով կ՚ու­զեն աւե­լի խոր­քին թա­փան­ցել Հրանդ Տին­քին մտքին ու գոր­ծին։ Կար­ծես «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան նախ­կին շէն­քի պա­տէն կա­խուած վեր­տա­ռու­թիւնը իջեր ու այս ան­գամ կա­խուեր է մեր շրթնե­րուն։ Ակա­մայ կը մրմնջանք «Այստեղ ենք աղ­բա­րիկ» ուր որ ալ ըլ­լանք, այս երկրի տակ ուր որ եր­թանք, օրը ինչ որ թե­լադ­րէ այդ նա­խադա­սու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ ան­փո­փոխ մնալ «Այս տեղ ենք աղ­բա­րիկ»։ Այստեղ ենք եւ կը շա­րու­նա­կենք քու խա­չը տա­նիլ։ Ինքնա­թիռը կը բարձրա­նայ մին­չեւ 9 հա­զար մեթր, ճնշու­մը կը խան­գա­րէ մեր ականջնե­րու լսո­ղու­թիւնը, բայց նոյն մրմունջը տա­կաւին մեզ հետ է՝ «Այստեղ ենք աղ­բա­րիկ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ