Բժշկապետի պաշտօնափոխութիւն Սուրբ Փրկիչի մէջ

Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ կայացաւ պաշտօնի փոխանցում մը։ Երկար տարիներէ ի վեր հիւանդանոցի բժշկապետի պաշտօնը կատարող բժիշկ Արտաշ Աքտաղ հանգստեան կոչուեցաւ եւ հոգաբարձութեան որոշումով այդ պաշտօնին կոչուեցաւ հիւանդանոցի բազմամեայ բժիշկներէն ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ Արմենակ Մեծատուրեան։ 21 Յունուար Շաբաթ օր հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնափոխութեան հանդէսին յատուկ մետալ մը նուիրուեցաւ նախկին բժշկապետ Արտաշ Աքտաղին իբր երախտապարտութեան նշան։ Նորանշանակ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեանն ալ իր կարգին նշեց թէ աւելի քան 35 տարիէ կը բժշկագործէ այս հաստատութեան մէջ եւ հիմա պատրաստ է բժշկապետի պաշտօնն ալ լաւագոյն կերպով գործադրելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ