Նոր Զարթօնքի յայտարարութիւնը

2008 - ին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Բ.ի հիւանդութեամբ սկսող «Պատրիարքի խնդիր»ը զանազան յետին ու խորամանկ հաշիւներով հասաւ այս օրե­րուս: Անցնող» տա­րինե­րու ըն­­թացքին առա­­ւելա­­պէս մա­­շած ու պա­­տուազրկո­­ւած կա­­ռոյ­­ցը եղաւ պատ­­րիար­­քա­­­րանը: Սոյն պա­­տուազրկու­­թեան մէջ ու­­շագրաւ է ամէն առ­­թիւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի պա­­տիւը բարձր պա­­հելու մա­­սին ճա­­ռող հա­­մայնքա­­յին վա­­րիչ­­նե­­­րու եւ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը:

Արամ Աթէ­­շեան փո­­խանոր­­դի դի­­մակով 9 տա­­րիներ շա­­րու­­նակ անօ­­րէն կեր­­պով գրա­­ւած է Աթո­­ռը: Ան իր գա­­հը ապա­­հոված է կա­­ռավա­­րու­­թեան, պե­­տու­­թեան եւ հա­­մայնքի հա­­րուստ հիմ­­նարկնե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րուն աջակ­­ցութեամբ: Թէ պատ­­րիար­­քի եւ թէ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութեանց ընտրու­­թիւննե­­րուն ձգձգման ետին այս կեղ­­տոտ յա­­րաբե­­րու­­թիւններն են որ որո­­շիչ եղան:

Այս մի­­ջոցին հա­­մայնքա­­յին կա­­լուած­­նե­­­րու շի­­նու­­թեան գոր­­ծե­­­րուն կա­­ռավա­­րու­­թեան բա­­րեկամ շի­­նարար ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րուն փո­­­խանցման կաս­­­կա­­­­­­­ծելի երե­­­ւոյթնե­­­րը զգու­­­շօ­­­­­­­րէն քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւած են հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ու­­­շադրու­­­թե­­­­­­­նէն: Որ­­­քան ատեն որ թա­­­փան­­­ցի­­­­­­­կու­­­թիւն չի տի­­­րեր, հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի մնան կաս­­­կա­­­­­­­ծի տակ: Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս կեղ­­­տոտ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րէն եկած նե­­­խոտած ժա­­­հը պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ Կրօ­­­նական Ժո­­­ղովի ատե­­­նապետ Սա­­­հակ Եպիս­­­կի­­­­­­­պոս Մա­­­շալեանին բա­­­ւական ու­­­շա­­­­­­­ցած հրա­­­ժար­­­ման: Իր հետ միասին Կրօ­­­նական Ժո­­­ղովի բո­­­լոր ան­­­դամներն ալ պար­­­տին ժո­­­ղովուրդին բա­­­ցատ­­­րել թէ ին­­­չո՞ւ այսքան եր­­­կար ժա­­­մանակ լուռ մնա­­­ցած են:

16 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 2017-ի ՎԱ­­­ՏԻՓ-ի ժո­­­ղովը

Սա­­­հակ Մա­­­շալեանի հրա­­­ժարու­­­մէն եւ «Ակօս»ին տո­­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թե­­­նէն ետք ՎԱ­­ՏԻՓ կ՚որո­­շէ 16 Փետ­­րո­­­ւարին Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ «Գա­­զազ Ար­­թին Ամի­­րա» սրա­­հին մէջ ժո­­ղովով մը խնդի­­րը քննար­­կել: Վա­­գըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէնու­­թեան մօտ փոք­­րա­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու հիմ­­­նարկնե­­­րուն ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Թո­­­րոս Ալ­­­ճան, Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան Կու­­­սակցու­­­թեան Իս­­­թանպու­­­լի երես­­­փո­­­­­­­խան Սէ­­­լինա Տո­­­ղան եւ հա­­­մայնքա­­­յին հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու նա­­­խագահ­­­ներ կամ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րուն մաս­­­նակցած ժո­­­ղովին փու­­­թա­­­­­­­ցած էին աւե­­­լի քան 150 ան­­­ձեր, որոնց կար­­­գին «Նոր Զար­­­թօնք» շար­­­ժումի ան­­­դամներ:

Նախ յայ­­­տա­­­­­­­րարո­­­ւած էր թէ ժո­­­ղովը բակ է հա­­­սարա­­­կու­­­թեան: Ապա կա­­­յացած բո­­­ղոք­­­նե­­­­­­­րու հե­­­տեւան­­­քով ապա­­­հովո­­­ւեցաւ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մաս­­­նակցու­­­թիւնը: Այդ մի­­­ջոցին լսո­­­ւեցաւ թէ Սա­­­հակ Մա­­­շալեան, Պետ­­­րոս Շի­­­րինօղ­­­լու, Մել­­­քոն Գա­­­րաքէօսէ, Վազ­­­գէն Պա­­­րըն, Արամ Աթէ­­­շեան, Էրօլ Էր­­­կան եւ խումբ մը ան­­­ցեր գաղտնա­­­բար ժո­­­ղով մը գու­­­մա­­­­­­­րած են: Այս մա­­­սին բա­­­նավէ­­­ճերը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէին երբ վե­­­րոն­­­շեալ­­­նե­­­­­­­րը եկան ՎԱ­­­ՏԻՓ-ի ժո­­­ղովին եւ առար­­­կութիւննե­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սելով խօ­­­սափո­­­ղը վեր­­­ցուցին եւ սկսան պար­­­տադրա­­­կան ոճով ըն­­­թերցել իրենց կող­­­մէ պատ­­­րաստո­­­ւած պայ­­­մա­­­­­­­նագի­­­րը: Վե­­­րեւ նշո­­­ւած այս չա­­­րագործնե­­­րու խմբա­­կը, ճգնա­­ժամի ծա­­ւալու­­մով գո­­յանա­­լիք բա­­ցայայ­­տումնե­­րը կան­­խե­­­լու մի­­տու­­մով դի­­մած են այս ճամ­­բուն: Ինը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին գոր­­ծը այս փու­­լին բե­­րող­­նե­­­րը հի­­մա յան­­կարծա­­կի ընտրու­­թիւնով մը ար­­դա­­­րանալ կը ջա­­նան: Մինչդեռ խնդի­­րը եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր լոկ ընտրու­­թեան հարց մը ըլ­­լա­­­լէ դադ­­րած, մտայ­­նութեան եւ դրու­­թեան խնդրի մը վե­­րածո­­ւած է: Խնդի­­րը այդ պայ­­մա­­­նագի­­րը ստո­­րագ­­րողնե­­րուն բո­­լորն ալ հա­­րուստ այ­­րեր ըլ­­լալն է: Այս առու­­մով լու­­ծումն ալ ընտրու­­թե­­­նէ աւե­­լի մտայ­­նութեան եւ հա­­մակար­­գի փո­­փոխու­­թեամբ պի­­տի ապա­­հովո­­ւի:

Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի մա­­սին

1863 թո­­ւակիր հա­­յոց սահ­­մա­­­նադ­­րութեան հա­­մաձայն եր­­կու հանգրո­­ւանի քո­­ւէար­­կութեամբ ընտրո­­ւած պատ­­րիար­­քը հա­­սարա­­կու­­թեան հո­­գեւոր առաջ­­նորդն էր: Ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի եւ անոր յանձնա­­խումբե­­րուն պե­­տու­­թեան կող­­մէ վե­­րացու­­մով պատ­­րիար­­քը թէ հո­­գեւոր եւ թէ աշ­­խարհա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցի­­­չի իրա­­ւասու­­թիւննե­­րով օժ­­տո­­­ւած իշ­­խա­­­նու­­թեան մը վե­­րածո­­ւեցաւ: Հո­­գեւոր դի­­մագ­­ծին պատ­­ճա­­­ռաւ ամէն տե­­սակ հար­­ցադրու­­մէ եւ քննա­­դատու­­թե­­­նէ զերծ Աթո­­ռը նման պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւննե­­րու տակ դնել, քա­­ղաքա­­կան պաշ­­տօններ բեռցնե­­լը թէ այդ հո­­գեւոր առաջ­­նորդին եւ թէ հա­­սարա­­կու­­թեան դէմ անի­­րաւու­­թիւն է:

Մենք այ­­սօր թէ Աթո­­ռին եւ թէ աթո­­ռակա­­լին զա­­նազան խմբակ­­նե­­­րու կող­­մէ շա­­հագործման ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք: Կը տես­­նենք թէ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ որոշ դիրք մը ապա­­հոված ու­­նե­­­ւոր­­ներ աթո­­ռին ու­­ժէն օգ­­տո­­­ւելով կը պա­­հեն սթա­­թու­­սը եւ իրենց զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րը կը քօ­­ղար­­կեն անոր ետին:Մինչ ու­­րիշներ ալ դար­­ձեալ Աթո­­ռին իշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէն օգ­­տո­­­ւելով կ՚երա­­զեն հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ գա­­գաթէն սկսող փո­­փոխու­­թիւն մը ապա­­հովել:

Առա­­ջին խմբա­­կը պատ­­մա­­­կան նմա­­նու­­թեամբ միջ­­նա­­­դարեան Եւ­­րո­­­պայի աւե­­տապե­­տական հո­­ղատէ­­րերու եւ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան մե­­րօրեայ ցո­­լացումն է: Այս խմբա­­կը իր դա­­սակար­­գա­­­յին դրու­­թեան պատ­­շա­­­ճող ըն­­թացք ու­­նի: Երկրորդ խմբա­­կը չա­­րաչար կը սխա­­լի: Պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռին քա­­ղաքաց­­ման առանց առար­­կե­­­լու, իրա­­ւաս­­նութիւ­­նը սահ­­մա­­­նելու հա­­մար առանց պայ­­քա­­­րելու, լոկ բա­­րեփո­­խումներ ակնկա­­լուած աթո­­ռակա­­լի մը յոյս վե­­րագ­­րե­­­լը ի զուր է: Հայ հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ ան­­ցեալին մէջ հան­­դի­­­պած ենք նման օրի­­նակ­­նե­­­րու: Աթո­­ռակա­­լը ով ու­­զէ ըլ­­լայ, ան­­զօր է պե­­տու­­թեան եւ դրա­­մատէ­­րերու դի­­մաց: Քան­­զի աթո­­ռի ու­­ժը հո­­գեւոր է, իսկ ակնկա­­լուած բա­­րեփո­­խումնե­­րը աշ­­խարհա­­կան: Ան­­շուշտ որ դրա­­մական հա­­շիւ­­նե­­­րէ հե­­ռու մնա­­ցած, բա­­րոյա­­կան ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րով օժ­­տո­­­ւած, աշ­­խա­­­տու­­նակ պատ­­րիար­­քի մը գո­­յու­­թիւնը բա­­րիք է հա­­սարա­­կու­­թեան: Սա­­կայն ըն­­կե­­­րային պայ­­քա­­­րի ցան­­ցե­­­րու բա­­ցակա­­յու­­թեան, հիմ­­նա­­­կան բա­­րեփո­­խումնե­­րու իրա­­կանա­­ցու­­մէն հե­­ռու պայ­­մաննե­­րու մէջ աւե­­լին ակնկա­­լել սխալ է:

Ի՞նչ ընել

ՎԱ­­ՏԻՓ-ի ժո­­ղովին պար­­տադրո­­ւած պայ­­մա­­­նագի­­րը ոչ մէկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի ժո­­ղովուրդին հա­­մար: Բակ դռնե­­րու ետին վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու յա­­տուկ սա­­կար­­կութիւ­­նով կա­­րելի չէ հա­­սարա­­կու­­թեան այս ար­­մա­­­տացած խնդրին լու­­ծում մը բե­­րել: Այս մտայ­­նութիւ­­նը հա­­սարա­­կու­­թիւնը կ՚առաջ­­նորդէ դէ­­պի ու­­ծա­­­ցում:

Այ­­լեւս բո­­լոր խնդիր­­նե­­­րը ժո­­ղովուրդին մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացած թա­­փան­­ցիկ ժո­­ղով­­նե­­­րու մէջ քննար­­կո­­­ւելու են: Հա­­մայնքա­­յին բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը պար­­տին թա­­փան­­ցիկ գոր­­ծել ժո­­ղովուրդին ըն­­դա­­­ռաջ:

Հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րը ինը տա­­րի է որ ան­­փո­­­փոխ են: Պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռի վար­­կազրկման յօ­­ժարող հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու կար­­գին հա­­սարա­­կու­­թեան սե­­փակա­­նու­­թիւնը հա­­մարո­­ւող կա­­լուած­­նե­­­րէն ան­­հա­­­տական շահ ապա­­հովող­­ներն ալ դա­­ւաճան են եւ պէտք է իս­­կոյն հրա­­ժարին:

Լու­­ծում՝ բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի գոր­­ծունէու­­թիւն, բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւն

Յստակ է որ Թուրքիոյ հա­­յերը ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան խնդիր մը ու­­նին:  Պատ­­րիար­­քա­­­րանը հրա­­ժարե­­լու է քա­­ղաքա­­կան եւ աշ­­խարհիկ ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լէ: Այսպէ­­սով աւե­­լի կ՚ամ­­րա­­­նայ անոր հո­­գեւոր հե­­ղինա­­կու­­թիւնը: Ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան խնդի­­րը կը ծա­­գի հայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն դուրսի աշ­­խարհին նկատ­­մամբ ան­­հա­­­ղորդ մնա­­լէն: Ներ­­կայ դրու­­թեան մէջ հայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը բակ դռնե­­րու ետին կը ղե­­կավա­­րուին ու­­նե­­­ւոր այ­­րե­­­րու կող­­մէ: 

Առողջ ներ­­կա­­­յացուցչու­­թեան մը հա­­մար անհրա­­ժեշտ է բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու թա­­փան­­ցիկ ղե­­կավա­­րու­­մը: Առանց կի­­ներու եւ երի­­տասարդնե­­րու մաս­­նակցու­­թեան, կա­­րելի չէ իրաւ ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւն մը ապա­­հովել: Բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի գոր­­ծունէու­­թիւնը եւ բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը միայն իր հա­­սարա­­կու­­թեան եւ Թուրքիոյ խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին գա­­ղափար­­ներ յղա­­նալով, իրա­­ւունք պաշտպա­­նելով կա­­րելի է: Հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը, թա­­ղային խոր­­հուրդնե­­րը, հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան կամ սա­­նուց միու­­թիւննե­­րը պար­­տին այս սկզբունքով վե­­րակազ­­մո­­­ւիլ:

Թուրքիոյ հա­­յերը թէ պե­­տու­­թեան դէմ գրա­­ւուած իրա­­ւունքնե­­րուն եւ թէ աւե­­լի ար­­դար երկրի մը հա­­մար պա­­հան­­ջա­­­տէր ըլ­­լա­­­լու են: Հա­­յոց միակ փրկու­­թիւնը կա­­խեալ է պայ­­քա­­­րի կամ­­քէնՊա­­րապի վատ­­նե­­­լու ժա­­մանակ չու­­նինք: Յի­­շենք Քամփ Ար­­մէ­­­նի դի­­մադ­­րութիւ­­նը եւ այդ ոգիով պայ­­քա­­­րինք մեր կամ­­քը յափշտա­­կող հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րուն կամ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի ապա­­գան խա­­թարող­նե­րուն դէմ:

Նոր Զարթօքն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ