Զապէլ Եսայեան թատրոնի բեմերէն

Զապէլ Եսայեանի կեանքը, գրական վաստակը եւ քաղաքական պայքարը թատրոնի բեմէն կը փոխանցուի հանդիսատեսին։ Պողազիչի Համալսարանի ուսանողական միութեան՝ «Ֆոլքլորի ակումբ»ի աշխատութիւններով պատրաստուած արուեստասէր խմբակ մը շրջանաւարտ ըլլալէ ետք շարունակած էին իրենց սիրողական մակարդակով սկսած գործը եւ ապա հիմնած էին «Պողազիչի Բեմային Արուեստներու Խումբ»ը։ Այս խմբակը իր մէջ ունէր երաժշտութեան, պարարուեստի եւ թատրոնի բաժիններ։ Երաժշտական բաժնի ամենածանօթ յայտնութիւնը կայացաւ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» խումբով։ Իսկ այժմ նոյն կազմի թատերական բաժինը Զապէլ Եսայեանի յուշերէն, վէպերէն եւ յօդուածներէն ներշնչուելով հիւսած է թատրերգութիւն մը։ Այս առթիւ անուանի հայ գրող եւ մտաւորականի վաղ երիտասարդութեան տարիները, գրականութեան առաջին փորձերը Ֆրանսա բնակութեան շրջանը, Օսմանեան երկրի մէջ սահմանադրութեան հռչակումին տեղի տուած յեղափոխական ոգին, ապա Ատանայի կոտորածներուն պատճառած հիասթափութիւնը, 1915-ով սկսող աքսորեալ կեանքը կը բեմադրուի։ Զապէլ Եսայեան ծնած էր 5 Փետրուար 1878-ին Սկիւտարի մէջ։ Իր գրականութիւնով երիտասարդ տարիքէն դարձաւ Օսմանեան մտաւորական մը։ Կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջին սերունդի անդամներէն մէկն էր, որ ափսոս հազիւ վերջին տարիներուն որոշ չափով ծանօթ դարձաւ Թուրքիոյ հասարակութեան։

Խմբային աշխատութեան մը արդիւնքը հանդիսացող բեմադրութեան թատրերգական գործը միասնաբար գլուխ հանեցին Այսել Եըլտըրըմ եւ Տույկու Տալեանօղլու։ Այս երկուքը Էլիֆ Գարաման, Մարալ Չանքայա եւ Նիհալ Ալպայրաքի հետ միասին դերասանութիւնն ալ ստանձնեցին։

Բեմադրութեան երաժշտական դասաւորումը Արա Տինքճեանի «1915-2015 Truth&Hope» ալպոմէն ընտրուած գործերով կատարած է Արի Հերկել։ Բեմադրութեան միջոցին կ՚օգտագործուի նաեւ Տիլէք Շենեիւրէքի նկարները։ Իսկ նախաձեռնութեան խորհրդատուն է՝ Սեվիլայ Սարալ։ Թատերախաղը սկսելով Իսթանպուլէն պիտի բեմադրուի տարբեր քաղաքներու մէջ։ Առաջին կատարումը պիտի կայանայ 20 Մարտ Երկուշաբթի 20.30-ին Գատըգիւղ Մոտայի բեմին վրայ։ Ապա յաջորդ ներկայացումները պիտի կայանան նաեւ Պողազիչի Համալսարանի Տեմիր Տեմիրկիլի անուան դահլիճին մէջ։ Այս մասին աւելի լայն տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել՝ (0212) 251 19 43, (+90) 506 060 49 13

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ