Ընտրութեան ընդառաջ ծանօթ ցեխյարձակումներ

 

   Զարմանալի չէ որ պատրիարքի ընտրութեան նախորդող այս օրերուն հանդիպինք զանազան անբարոյ ցեխյարձակումներու, որոնք նոյնիսկ շահագործած ըլլան բոլորովին չէզոք անձերը։ Նախորդ շաբաթ ահա այդ տեսակի դէպք մըն էր որ իբրեւ անհիմն պնդում մը օրակարգի եկաւ «Լոյս» կոչեալ պարբերականի միջոցաւ։ Պնդումը կը վերաբերէր տեղապահ Պէքճեան Սրբազանի Տիրամօր յատկացուած սենեակի մասին պատրիարքարանի պաշտօնէութենէն բացատրութիւն ուզելով։ Տեղապահ Սրբազանի արդար հարցումները շուտով վերածուեցան Մեսրոպ Բ.-ի յիշատակը ոտնակոխելու կաղապարի մը եւ ծագեցաւ տհաճ բանավէճ։ Նախ պատրիարքարանը յարգեց կատարուած զրպարտութիւնը եւ ապա Արամ Արք. Աթէշեան առիթէն օգտուելով բաւական նախատալի արտայայտութիւններ ունեցաւ պատրիարքարանի այժմու իշխանութեան դէմ։ Այս բոլորը կը պատահի երբ տակաւին պաշտօնապէս չեն ճշդուած պատրիարքական թեկնածուները։ Ուրեմն դժուար չէ ենթադրել թէ մօտ ապագային տակաւին ինչ եղանակներով ականատես պիտի ըլլանք նման անբարոյ մրցակցութեան երեւոյթներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ