Երթ ինքնութիւնը կորսնցուցած քաղաքներու ընդմէջէն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Մասամբ աւարտած ենք պատմական Վան քաղաքի հայ զբօսաշրջիկի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրերու այցելութիւնը։ Վանը Վասպուրական նահանգի միայն փոքրիկ մէկ հատուածն է եւ աւելին կը պահանջէ շատ աւելի երկար օրեր, չըսելու համար շաբաթներ, նոյնիսկ ամիսներ։ Իսկ մենք մնացած հինգ օրերու ըն­թացքին նա­խատե­սած ենք եւս ինը քա­ղաք­ներ այ­ցե­լել։ Այսպէս Վա­նի պատ­մա­կան բեր­դի մէջ ու­րարտա­ցի Ար­գիշտի թա­գաւո­րի դամ­բա­րանը այ­ցե­լելէ ետք կ՚ուղղուինք դէ­պի Կարս։

Ճամ­բու տե­ւողու­թեամբ կը լսենք կիւմրե­ցի տի­կին Շու­շի­կի եր­գը՝ «Ղարս, Ղարս հայ­րե­նի հարս, երբ պի­տի Հա­յաս­տան ետ վե­րադառ­նաս»։ Երի­տասարդ բայց փոր­ձա­ռու վա­րոր­դին՝ Իպ­րա­հիմի եւ իր GPS գոր­ծի­քի շնոր­հիւ կէս գի­շերը անց կը հաս­նինք մեր իջե­ւանը՝ Կա­տարի­նէ հիւ­րա­նոցը։ Յա­ջորդ առա­ւօտ կա­նուխ հիւ­րա­նոց եկած է Անիի աւե­րակ­նե­րու մե­րօրեայ կա­րեւո­րագոյն մաս­նա­գէտ Վե­տաթ Աք­չաէօզ։ Ան հա­մես­տա­բար կը յայտնէ, թէ ինք ո՛չ պատ­մա­բան է, ո՛չ ալ հնա­գէտ։ «Մաս­նա­գիտու­թեամբ ճար­տա­րագէտ եմ եւ ապ­րուստս կ՚ապա­հովեմ այդ ճամ­բով։ Բայց Անին կա­խար­դած է զիս, բո­լոր ժա­մանակս կը տրա­մադ­րեմ Անիի գաղտնիք­նե­րը բա­ցայայ­տե­լու» կը պատ­մէ Աք­չաէօզ։ Քա­նի մը ժամ ետք իր պատ­մածնե­րուն կեն­դա­նի վկա­ները կը դառ­նանք նաեւ մենք։ Հիացու­մով կը լսենք իր փո­խան­ցած գի­տելիք­նե­րը։ Իսկ ինք հիացու­մով կը փա­ռաբա­նէ Հա­յաս­տա­նէ եկած մի ոմն քար­տաշ Արաիկի արուես­տը։ Ափ­սոս որ ան այս առա­ւօտ մեկ­նած է Հա­յաս­տան, քա­նի մը օր ետք վե­րադառ­նա­լու եւ Ամե­նափրկիչ եկե­ղեց­ւոյ վե­րանո­րոգ­ման իր գոր­ծին շա­րու­նա­կելու հա­մար։

Աւար­տե­լով Անիի բազ­մա­թիւ ճար­տա­րապե­տական կո­թող­նե­րու շուրջ մեր այ­ցե­լու­թիւնը, այս ան­գամ Վե­տաթ Աք­չաէօզի ու­ղե­ւորու­թեամբ կը շրջինք մօ­տակայ գիւ­ղը, ուր կան բազ­մա­թիւ քա­րան­ձաւներ, որոնց մէջ մին­չեւ քա­նի մը տաս­նեակ տա­րիներ առաջ բնա­կու­թիւն ալ եղած է։ Ահա այստեղ կը սկսի Անիի առաս­պե­լաբ­նոյթ գաղտնիք­նե­րը։ Անցքեր, որոնք ծա­ռայած են իբ­րեւ թաքստոց, անցքեր, որոնք Ախու­րեանի յա­տակը անցնե­լով կը հաս­նին գե­տի հան­դի­պակած ափին, այ­սօ­րուայ Հա­յաս­տա­նի հո­ղերուն։ Խոր­շեր, որոնք հին ան­ցեալին գոր­ծա­ծուած են իբ­րեւ գե­րեզ­ման, իսկ աւե­լի վաղ տա­րինե­րուն իբ­րեւ շտե­մարան կամ մթե­րանոց։ Մեր ու­ղե­ցոյ­ցը քիչ առաջ Անիի աւե­րակ­նե­րուն մօտ նշած էր վայ­րեր, որոնք ան­ցեալին աշ­խա­տանոց­ներ եղած էին։ Իսկ հի­մա այս քա­րայրնե­րը կը բա­ցատ­րէր, իբ­րեւ այդ ար­հեստա­ւոր­նե­րու բնա­կարան­նե­րը։ Ի զուր կը փոր­ձենք պատ­կե­րաց­նել նախ­նեաց կեն­ցա­ղը, չենք յա­ջողիր։ Կը փոր­ձենք վեր­յի­շել Անիի ող­բերգա­կան պատ­մութիւ­նը, կը դժուարա­նանք իրար­մէ զա­նազա­նել այն բա­զում բար­բա­րոս ար­շաւնե­րը, որոնց իւ­րա­քան­չիւրը հա­լածան­քի նոր ալիք մը դար­ձան տե­ղացի խա­ղաղ բնակ­չութեան հա­մար։ Այդ բո­լորէն կը ձե­ւաւո­րուի Շի­րազեան տո­ղեր, որոնք Մա­ժակ Թո­շիկեանի շնոր­հով կը դառ­նան մե­ղեդի եւ կը հնչեն մեր շուրթե­րէն. «Դեր մի կա­րօտ ու­նեմ ան­յագ, հաս­նեմ Անի ու նոր մեռ­նեմ, բա­նամ հո­գուս դռնե­րը փակ, տես­նեմ Անին ու նոր մեռ­նեմ»։ Անիի ող­բը մեր ման­կութեան տա­րինե­րէն դրոշ­մուած է մտքե­րու մէջ։ Տա­կաւին մօր ծունկի տակ թո­թոված ենք «Անի քա­ղաք նստեր կու լայ, չկայ ըսող մի՛ լար, մի՛ լար» տո­ղերը։ Նոյնպէս դրոշ­մուած է փլա­տակ­նե­րու վրայ նստած ու մա­զերը ու­սե­րէն վար թա­փած աղջկայ կեր­պա­րը։ Վեր­ջա­պէս հայ գաղ­թա­կանու­թեան պատ­մութիւ­նը սկիզբ կ՚առ­նէ Անիի կոր­ծա­նու­մով։ Այդ է պատ­ճա­ռը, որ մեր գրա­կանու­թեան ու եր­գա­ցան­կի մէջ ան­հա­մար են Անիի կա­րօտա­կէզ պա­տումնե­րը։ Ահա անոնցմէ մէ­կը եւս կը թա­փի մեր շրթնե­րէն, այս ան­գամ Գա­րիկ Բան­դուրեանի խօս­քե­րով եւ Ալեք­սէյ Հե­քիմեանի երաժշտու­թեամբ. «նե­րիր որ ուշ եմ այդքան մօտդ գա­լիս իմ Անի, թէ­կուզ ամէն օր էլ գամ իմ կա­րօտը չեմ առ­նի։ Թէ քեզ մտքիցս էլ հա­նեմ, ես իմ սրտից չեմ հա­նի, կեանքս մա­տաղ քեզ կ՚անեմ, միայն շնչես դու Անի»։

Իպ­րա­հիմ ղե­կը ուղղած է դէ­պի Կարս։ 40 քմ. անց կը հաս­նինք քա­­ղաք եւ կը շրջինք նախ շու­­կա­­­յի փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ, ապա քա­­ղաքի հին դի­­մագի­­ծը պա­­հող վայ­­րե­­­րը։ Կը համ­­տե­­­սենք Կար­­սի պա­­նիրը։ Հիացու­­մով կը դի­­տենք ռու­­սաց տի­­րապե­­տու­­թեան օրե­­րէն մնա­­ցած շէն­­քե­­­րը։ Անոնցմէ մէկ մա­­սը մեծ խնամ­­քով պա­­հուած են ու հա­­սած մեր օրե­­րուն։ Իսկ շա­­տեր տա­­րօրի­­նակ գոյ­­նե­­­րով փլաս­­թի­­­կի, ալու­­մի­­­նիոմի յա­­ւելուած բա­­ժին­­նե­­­րով աղա­­ւաղուած աննշմա­­րելի դար­­ձած են։ Դար­­ձեալ գի­­շերուայ ուշ ժա­­մերուն է, որ կը հաս­­նինք մեր իջե­­ւանած Կա­­տարի­­նէ հիւ­­րա­­­նոցը։ Այստեղ՝ Կար­­սի մէջ Կա­­տարի­­նէ կար­­ծես, թէ ռու­­սա­­­կանու­­թիւնը բնո­­րոշող յա­­տուկ բառ մը դար­­ձած է։ Ամէն տեղ կա­­րելի է հան­­դի­­­պիլ այս անու­­նին։ Յա­­ջորդ օրուայ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը կը սկսի քա­­ղաքի լաւ պահ­­պա­­­նուած հայ­­կա­­­կան կա­­ռոյ­­ցով՝ Սրբոց Առա­­քելոց Եկե­­ղեց­­ւով։ Եկե­­ղեցին ու շրջա­­փակը մեր ու­­շադրու­­թիւնը կը գրա­­ւէ իր մաք­­րութեամբ ու խնամ­­քով։ Ար­­դա­­­րեւ յա­­ջորդ օր առա­­ւօտուայ ժա­­մերուն, երբ կ՚այ­­ցե­­­լենք հա­­յոց այս պատ­­մա­­­կան սրբա­­վայ­­րը մեզ դի­­մաւո­­րող­­նե­­­րը կ՚ըլ­­լան եր­­կու կա­­նայք, որոնք աշ­­խա­­­տան­­քի լ­­ծուած են եկե­­ղեց­­ւոյ շուրջ բո­­լորը աւ­­լե­­­լով։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ պարզ է այս խնամ­­քին տե­­ղի տուող գոր­­ծօ­­­նը՝ եկե­­ղեցին դադ­­րած է իր հիմ­­նա­­­կան առա­­քելու­­թե­­­նէն ու վե­­րածուած է մզկի­­թի։ Չա­­րիքի մէջ բա­­րիք տես­­նող մեր միամիտ մտքով կը մխի­­թարուինք խոր­­հե­­­լով թէ, այս ալ բա­­րեբախ­­տութիւն է, եթէ մզկի­­թի վե­­րածուած չըլ­­լար կը բաժ­­նէր իր բազ­­մա­­­թիւ նման­­նե­­­րու ճա­­կատա­­գիրը ախո­­ռի կամ աղ­­բա­­­նոցի վե­­րածուելով։

Ժա­­մանա­­կը սուղ է եւ պէտք է շար­­ժուիլ։ Կը գո­­հանանք Կար­­սի թան­­գա­­­րանի կար­­ճա­­­տեւ այ­­ցե­­­լու­­թիւնով մը եւ կ՚ուղղուինք դէ­­պի Սա­­րըքա­­մըշ։ Այս քա­­ղաքը Թուրքիոյ եր­­րորդ բա­­նակի կա­­րեւոր զօ­­րամա­­սերէն մէ­­կը կը պա­­հէ իր մէջ։ Ու­­նի տխուր պատ­­մութիւն մը։ 1915-ին այստեղ սա­­ռելով մա­­հացած են 90 հա­­զար պա­­տանի զի­­նուոր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող զօ­­րագունդ մը, զոհ եր­­թա­­­լով ան­­փորձ հրա­­մանա­­տարի մը, Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գլխա­­ւոր մե­­ղաւոր­­նե­­­րէն Էն­­վէր Փա­­շայի կիր­­քե­­­րուն։ Այդ ան­­փորձ պա­­տանի­­ները ամառ­­նա­­­յին շո­­րերով ղրկուած են ճա­­կատ, որ­­պէսզի վա­­տահամ­­բաւ Էն­­վէ­­­րին շնոր­­հեն հե­­րոսի մե­­տալ մը։ Հե­­տեւան­­քը սար­­սա­­­փելի եղած է եւ այդ 90 հա­­զար պա­­տանին առանց մէկ հատ իսկ փամ­­փուշտ ար­­ձա­­­կելու սա­­ռելով զո­­հուած են ձիւ­­նե­­­րու մէջ։ «Իսկ Սա­­րըքա­­մըշ թրքաբ­­նակ աւա­­նը բա­­ցի այս պատ­­մութե­­նէն ի՞նչ ու­­նի տե­­սար­­ժան», որ կը հարցնենք տե­­ղացի­­ներուն, բո­­լորը միաբե­­րան կը նշեն Կա­­տարի­­նէի դղեակը։ Շու­­տով կը հաս­­նինք այդ դղեակին։ Ամա­­յի ու կի­­սաւեր փայ­­տա­­­շէն դղեակ մըն է մեզ դի­­մաւո­­րողը։ Շու­­տով կը յայտնուի երի­­տասարդ պա­­հակ մը, որ բա­­ցատ­­րութիւններ կը փո­­խան­­ցէ շի­­նու­­թեան մա­­սին։ Ռու­­սաց Նի­­քոլա ցա­­րը իր որդւոյն՝ Ալեք­­սէ­­­յի ապա­­քին­­ման հա­­մար կա­­ռու­­ցած է այս դղեակը։ Ան­­շուշտ որ Կա­­տարի­­նէի հետ կապ մը չու­­նի, բայց ժո­­ղովուրդը այդպէս կը կո­­չէ։ Հի­­մա նա­­խատե­­սուած է վե­­րանո­­րոգու­­թիւն մը Մշա­­կոյ­­թի նա­­խարա­­րու­­թեան կող­­մէ։ Պա­­հակը կը շա­­րու­­նա­­­կէ պատ­­մել թէ դղեակը մին­­չեւ քա­­նի մը տա­­րի առաջ գոր­­ծա­­­ծուած էր զի­­նուոր­­նե­­­րու կող­­մէ։ «Այդ գոր­­ծա­­­ծու­­թեան ըն­­թացքին ահա­­գին փո­­փոխու­­թիւններ կա­­տարուեցան սե­­նեակ­­նե­­­րուն մէջ։ Այդ փո­­փոխու­­թիւննե­­րը ան­­շուշտ որ վնա­­սեցին շի­­նու­­թեան։ Հի­­մա նախ շէն­­քը իր հին տես­­քին պի­­տի բե­­րուի ու ապա դար­­ձեալ եւ նոր փո­­փոխու­­թիւններ պի­­տի կա­­տարուի, քա­­նի որ կը մտադ­­րուի այստեղ հիւ­­րա­­­նոց եւ ճա­­շաս­­րահ սար­­քել»։

Այստեղ լոկ դղեակի մը օրի­­նակով տես­­նուածը իրա­­կանու­­թեան մէջ ար­­դի Թուրքիոյ պայ­­մաննե­­րուն խնդրոյ առար­­կայ է պատ­­մա­­­կան հին քա­­ղաք­­նե­­­րու հա­­մար ալ։ Պար­­զա­­­պէս պո­­ղոտայ մը լայ­­նացնե­­լու հա­­մար անխնայ կրնայ զո­­հուիլ տուեալ քա­­ղաքին յատ­­կա­­­նիշը հան­­դի­­­սացող բազ­­մա­­­թիւ շէն­­քեր, շի­­նու­­թիւններ։ Ար­­դա­­­րեւ այս բո­­լորին ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք մեր ճամ­­բու շա­­րու­­նա­­­կու­­թեամբ։

Երբ Իպ­­րա­­­հիմին կառ­­քը կը սու­­րայ միջ­­քա­­­ղաքա­­յին կպրու­­ղիի վրայ քա­­ղաք­­նե­­­րը իրար կը խառ­­նուին։ Եթէ քիչ առաջ Կար­­սի գա­­ւառ­­նե­­­րով էինք հի­­մա ան­­ցած ենք Կա­­րինի տա­­րած­­քը եւ մեր դի­­մացն է պատ­­մա­­­կան Խո­­րասան ու ապա Խնուս քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Այս քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ոչինչ կայ նշա­­նակե­­լու ար­­ժա­­­նի։ Եթէ կայ, մարդն է միայն։ Ահա բեն­­զի­­­նի լից­­քա­­­կայա­­նի մէջ մի ոմն օտա­­րի հետ հա­­յերէ­­նով զրոյ­­ցի բռնուած է մեր խումբէն Էնե­­սէն։ Հե­­տաքրքրու­­թեամբ կը մօ­­տենանք իրենց եւ կը պար­­զուի թէ Էնե­­սէի խօ­­սակի­­ցը համ­­շէնցի մըն է։ Լաւ է որ մեր բա­­րեկա­­մու­­հին լաւ կը տի­­րապե­­տէ հա­­յերէ­­նի այս պատ­­մա­­­կան բար­­բա­­­ռին եւ եր­­կուքով կը փոր­­ձեն հա­­սարա­­կական բա­­րեկամ­­ներ յայտնա­­բերել։ Համ­­շէնցու գոր­­ծընկեր­­ներն ալ զար­­մանքով կը շրջա­­պատեն զի­­րենք եւ կ՚ու­­զեն իմա­­նալ թէ ինք ինչպէս կրնայ հա­­ղոր­­դակցիլ այս օտար­­նե­­­րու հետ։ Մեր մտքին մէջ կառ­­չած հար­­ցում կը մնայ, ար­­դեօք համ­­շէնցին ու­­րա՞խ է այս հան­­դի­­­պու­­մէն։

Վա­­րորդ Իպ­­րա­­­հիմ մտա­­հոգ էր ճամ­­բու այս հա­­տուա­­ծին մա­­սին՝ «Խնուս-Վար­­դօ ճա­­նապար­­հը խիստ ամա­­հի է եւ լաւ կ՚ըլ­­լայ որ օր ցե­­րեկով անցնինք այդ հա­­տուա­­ծը» կ՚ըսէ։ Կը շտա­­պենք մեր եր­­թը վա­­րոր­­դի մտա­­վախու­­թիւնը փա­­րատե­­լու հա­­մար։ Կը յա­­ջողինք լոյս աչ­­քով այդ ճամ­­բան անցնիլ։ Ըստ կան­­խա­­­տես­­ման Վար­­դո­­­յէն ետք պի­­տի հաս­­նինք Պիթ­­լի­­­սի խաչ­­մե­­­րու­­կը, ուրկէ պի­­տի թե­­քուինք Սա­­սուն, որ­­պէսզի գո­­նէ հե­­ռուէն դի­­տենք Կոմ­­քի վան­­քը եւ Մա­­րու­­թա Սա­­րը։ Սա­­կայն Պիթ­­լի­­­սի խաչ­­մե­­­րու­­կին մին­­չեւ որ հաս­­նինք օրը սկսած էր մթնիլ եւ մենք կը հրա­­ժարինք Սա­­սուն ուղղուելէ ու եր­­թը կը շա­­րու­­նա­­­կենք դէ­­պի Մուշ։

Մու­­շի մէջ դար­­ձեալ մե­­զի հա­­մար հե­­տաքրքրա­­կան է ո՚չ թէ քա­­ղաքի պատ­­մա­­­կան եւ ճար­­տա­­­րապե­­տական որե­­ւէ գործ, այլ ին­­քը մար­­դը։ Ար­­դա­­­րեւ հիւ­­րա­­­նոց իջ­­նե­­­լէ հա­­զիւ քա­­նի մը վայրկեան­­ներ անց մեզ հետ ող­­ջա­­­գու­­րուելու կու գան քա­­ղաքի հայ հա­­սարա­­կու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը, «Տա­­րօն» հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թեան ան­­դամնե­­րը։ Միու­­թեան ատե­­նապետ Հայ­­րետտին Աս­­լան մեզ կը հրա­­ւիրէ միու­­թեան կեդ­­րոն, որ­­պէսզի աւե­­լի ազատ զրու­­ցենք։ Կա­­րօտով կը յի­­շատա­­կուի «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու աւագ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան։ Թէ Հայ­­րետտին Աս­­լան, թէ Իս­­մաիլ Ատա­­նըր երա­­նու­­թեամբ յու­­շեր կը փո­­խանա­­կեն իր­­մէ։ Ապա կը պատ­­մեն Հա­­մահայ­­կա­­­կան խա­­ղերու իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը, որ­­պէս Տա­­րօնի հա­­յեր։ «Մենք միայն ֆութպո­­լի մար­­զի մէջ մաս­­նակցե­­ցանք ողիմ­­պիական­­նե­­­րուն, պար­­տութիւններ կրե­­ցինք, բայց շատ ոգե­­ւորուած ետ դար­­ձանք»։ Ապա կը խօ­­սինք միու­­թեան առ­­ջեւ ծա­­ռացած խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին։ «Ամե­­նալուրջ խնդի­­րը հա­­յերէ­­նի դա­­սըն­­թացքնե­­րու կի­­սատ մնալն է» կը պատ­­մէ Աս­­լան։ Հա­­կառակ որ ու­­նե­­­ցած են բա­­ւակա­­նին հե­­տաքրքիր հե­­տեւող­­ներ, դժուարա­­ցած են ու­­սուցի­­չի խնդի­­րը լու­­ծե­­­լու։ Այստեղ կը կա­­տարուին կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումներ եւ մե­­րոնք կը փոր­­ձեն ելք մը գտնել խնդի­­րը լու­­ծե­­­լու հա­­մար։ Հա­­ղոր­­դակցու­­թեան տուեալ­­ներ կը փո­­խանա­­կուին եւ գի­­շերուայ ուշ ժա­­մուն այս հան­­դի­­­պու­­մէն ան­­յագ ակա­­մայ հրա­­ժեշտ կ՚առ­­նենք իրար­­մէ։

Յա­­ջորդ օր կար­­ճա­­­տեւ շրջա­­գայու­­թիւն մը կը կա­­տարենք Մու­­շի մէջ։ Ահա­­ւասիկ քա­­ղաք մը եւս, որ ոչինչ ու­­նի ըսե­­լու։ Այն միակ վայ­­րը, որ իբ­­րեւ թէ պի­­տի ար­­ժէր տես­­նել նախ­­կին հա­­յոց բնա­­կած թաղն է, որ այ­­սօր ԹՕ­­ՔԻ-ի շի­­նու­­թիւննե­­րով դար­­ձած է ան­­ճա­­­նաչե­­լի։ Ու­­րեմն կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր եր­­թը դէ­­պի Տիգ­­րա­­­նակերտ, ուրկէ պի­­տի անցնինք Տի­­յար­­պէ­­­քիր։ Այս եր­­կու քա­­ղաք­­նե­­­րը յա­­ճախ կը շփո­­թուին իրար­­մէ եւ շատ ան­­գամ ո՚չ թէ սխալ­մամբ, այլ գի­տակ­ցա­բար։ Ար­դա­րեւ տեղ­ւոյն հա­յու­թիւնը կը սի­րէ Տի­յար­պէ­քիրը վե­րագ­րել Մեծն Տիգ­րա­նի, բայց իրո­ղու­թեան մէջ Տիգ­րա­նի կա­ռու­ցած քա­ղաքը այժմու Սիլ­վանն է եւ 20քմ. հե­ռու է Տի­յար­պէ­քիրէն։

Յա­ջորդ շա­բաթ, թէ կանգ կ՚առ­նենք Տիգ­րա­նակեր­տի պա­րիսպնե­րուն եւ թէ մեր եր­թը կը շա­րու­նա­կենք դէ­պի Տիյարպէքիր, Մարտին եւ Եդեսիա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ