Սայաթնովացիներ մեծ ոգեւորութեամբ վերադարձան

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նա­խարա­րու­թեան ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած «Եր­գում ենք Կո­միտաս» փա­­ռատօ­­նին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար Պոլ­­սոյ Սա­­յաթ Նո­­վա երգչա­­խումբը մեկ­­նած էր Երե­­ւան։ 25-28 Սեպ­­տեմբեր թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ կա­­յացած մի­­ջոցա­­ռու­­մը կա­­յացաւ Երե­­ւանի ու Կիւմրիի մէջ։ Փա­­ռատօ­­նին մաս­­նակցու­­թիւն բե­­րած էին Իրան, Յոր­­դա­­­նան, Լի­­բանան, Ռու­­սիա եւ այլ եր­­կիրնե­­րէ եկած ան­­հա­­­տական կամ խմբա­­յին կազ­­մեր։ Մի­­ջոցա­­ռու­­մը Սա­­յաթ Նո­­վա երգչա­­խումբի երկրորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւնն էր դէ­­պի Հա­­յաս­­տան։ Նա­­խապէս 2008-ին խումբը հան­­րա­­­ծանօթ «Քար­­տէշ Թիւրքիւ­­լեր» երաժշտա­­կան խումբի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ այ­­ցե­­­լած էր Հա­­յաս­­տան եւ այնտեղ «Աշուղ է եկեր մեր մայ­­լէն» խո­­րագ­­րեալ նա­­խագի­­ծով ոգե­­ւորել էր Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­դի­­­սատե­սին։

Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խու­մի խմբա­վար Մե­լիք­ճան Զա­ման այս հիւ­րա­համեր­գի հետ կա­պուած իր տպա­ւորու­թիւննե­րը հե­տեւեալ կեր­պով ներ­կա­յացուց «Ակօս»ին։ «Մենք նախ եւ առաջ կա­րեւո­րած ենք Կա­միտա­սի անու­նը կրող մի­ջոցա­ռու­մի մը մաս­նա­կից ըլ­լա­լու հրա­մայա­կանը։ Կո­միտաս իր երաժշտա­կան բարձր տա­ղան­դի կող­քին տա­կաւին զա­նազան յատ­կութիւննե­րով մե­զի հա­մար սրբու­թիւն մը դար­ձած է եւ մենք եր­բեք չենք կրնար ան­տարբեր մնալ Կո­միտա­սի անու­նը կրող որե­ւէ մի­ջոցա­ռու­մի հան­դէպ։ Մնաց որ այս տե­սակի մի­ջոցա­ռումնե­րը շաղ­կապ մը կը գո­յաց­նեն աշ­խարհով մէկ տա­րածուած սփիւռքա­հայու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի երա­ժիշտնե­րու մի­ջեւ։ Մենք միշտ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ եկած ենք Հա­յաս­տան։ Մա­նաւանդ ալ մայ­րա­քաղա­քէ դուրս կա­տարուած հա­մերգնե­րը ալ աւե­լի խոր կը տպա­ւորեն մեզ։ Ան­ցեալին այ­ցե­լած էինք Վա­նաձոր, իսկ այս ան­գամ առի­թը ու­նե­ցանք Կիւմրիի մէջ հա­մերգ սար­գե­լու։ Այստեղ մեր կա­տարած աշ­խա­տու­թեամբ նոր աւիւն կը ստա­նանք։ Ան­շուշտ որ ապ­րած երկրի մէջ կը շնչենք հայ երաժշտու­թիւնով, բայց այնտեղ զուրկ ենք այդ մշա­կոյ­թին մէջ ապ­րե­լու կա­րողու­թե­նէն։ Հա­ճելի է մեր փոր­ձութիւննե­րը հա­յրե­նի երկրի արուես­տա­գէտ­նե­րուն հետ կի­սել։ Ամէն ան­գամ, որ կ՚այ­ցե­լենք Հա­յաս­տան երաժշտա­կան նոր ծա­նօթու­թիւննե­րով հարստա­ցած կը վե­րադառ­նանք եր­կիր։ Կը յու­սամ որ յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն ալ աւե­լի յա­ճախա­կի կ՚ըլ­լայ մեր այս այցելութիւնները դէպի մայր Հայաստան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ