Պետութիւնը ուրիշներու միջնորդութեամբ չի խօսիր

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

miran.manukyan@gmail.com

Սա­մաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկե­­ղեց­­ւոյ մա­­­տաղօրհնու­­­թիւնը եւ ապա Սա­­­հակեան Նու­­­նեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի ի նպաստ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պուած Սի­­­րոյ Սե­­­ղանը պատ­­­ճառ եղաւ որ առի­­­թէն օգ­­­տուինք եւ զրոյց մը ու­­­նե­­­­­­­նանք Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան տե­­­ղապահ Գա­­­րեգին Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Պէք­­­ճեանի հետ, իր եպիս­­­կո­­­­­­­պոս ձեռ­­­նադրու­­­թեան 25 ամեակին։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ խօս­­­քի սկսանք նախ սրբա­­­զանի այս բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­մեայ վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կը ող­­­­ջունե­­­­լով։ Ապա հար­­­­ցուցինք մեր հրա­­­­տապ հար­­­­ցումնե­­­­րը, որոնք վեր­­­­ջերս կը յու­­­­զեն բո­­­­վան­­­­դակ պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայու­­­­թիւնը։

Միհ­­­­րան Մա­­­­նու­­­­կեան-Սի­­­­րելի սրբա­­­­զան ինչպէ՞ս կը բնու­­­­թագրէք ձեր եկե­­­­ղեցա­­­­նուէր ծա­­­­ռայու­­­­թեան ու­­­­ղին։ Ինչպէ՞ս սկսաւ, ո՞ւր հա­­­­սաւ։

Գա­­­­րեգին Ար­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­պիս­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­պոս Պէք­­­­ճեան- Իմ հո­­­­գեւոր կեան­­­­քը կը սկսի 1965-ին ժա­­­­մանա­­­­կի Շնորհք Պատ­­­­րիարք Գա­­­­լուստեանի ձեռ­­­­նադրու­­­­թեամբ։ Ու­­­­սումս շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կելու հա­­­­մար մեկ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցայ Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիա, ուր նոյն ժա­­­­մանա­­­­կին սկսաւ իմ հո­­­­գեւոր ծա­­­­ռայու­­­­թիւնը։ Այդտեղ ու­­­­սումս աւար­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նակո­­­­չուե­­­­ցայ Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի Մար­­­­սէյլ քա­­­­ղաքը, ուր ծա­­­­ռայե­­­­ցի 18 տա­­­­րիներ։ Այդ շրջա­­­­նին Դպրե­­­­վան­­­­քի դա­­­­սըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րոջս հետ հիմ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք երգչա­­­­խումբ, որը յա­­­­ջորդ ամիս պի­­­­տի տօ­­­­նէ իր հիմ­­­­նադրու­­­­թեան 40 ամեակը։ Կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք հա­­­­յերէ­­­­նի դա­­­­սըն­­­­թացք, որ տուաւ 125 շրջա­­­­նաւարտներ։ 1991-ին Վե­­­­հափառ Վազ­­­­գէն Ա. Կա­­­­թողի­­­­կոս զիս նշա­­­­նակեց, որ­­­­պէս Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիոյ հա­­­­յոց հո­­­­գեւոր հո­­­­վիւ։ Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­նիոյ հայ հա­­­մայնքի կա­­­րեւոր մէկ մա­­­սը կը կազ­­­մէին Թուրքիայէն աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի եկած­­­ներ, որոնք եւս կը դժուարա­­­նային հա­­­յերէ­­­նի տի­­­րապե­­­տելու խնդրին մէջ։ Այս տա­­­րի թո­­­ղու­­­ցի այդ պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնս եւ հի­­­մա կը փոր­­­ձեմ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան տե­­­ղապահ ըլ­­­լա­­­­­­­լով ծա­­­ռայել իմ ժո­­­ղովուրդին։

Մ.Մ.-Այս տա­­­րի կը նշուի ձեր ձեռ­­­նարկու­­­թեան 25 ամեակը ինչպէ՞ս կը գնա­­­հատէք հայ հա­­­մայնքը։

Գ.Պ.- Մեր հա­­­մայնքը ու­­­նի դրա­­­կան ու բա­­­ցասա­­­կան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ երե­­­սակ­­­ներ։ Եթէ նախ դի­­­տենք դրա­­­կան հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը առա­­­ջին հեր­­­թին պի­­­տի անդրա­­­դառ­­­նանք անոր եկե­­­ղեցա­­­սէր յատ­­­կութեան։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս ալ հայ ժո­­­ղովուրդը կա­­­պուած է իր եկե­­­ղեցիին եւ 1700 տա­­­րինե­­­րէ ի վեր կան­­­գուն կը պա­­­հէ զայն։ Ան­­­ցեալին մեր նախ­­­նեաց կա­­­ռու­­­ցած հիմ­­­քը մին­­­չեւ օրս կան­­­գուն կը պա­­­հէ եկե­­­ղեցին եւ դպրո­­­ցը։ Այլ գաղ­­­թօ­­­­­­­ճախ­­­նե­­­­­­­րու մէջ ալ մեր կա­­­րեւո­­­րագոյն հողն է եկե­­­ղեցին։ Մեր ժո­­­ղովուրդը պե­­­տակա­­­նու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած տա­­­րինե­­­րուն ալ ու­­­նե­­­­­­­ցած էր զա­­­նազան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւններ, որոնք իրենց գո­­­յու­­­թիւնը չեն կրցած պա­­­հել մին­­­չեւ օրս։ Միայն եկե­­­ղեցին եւ անոր շուրջ կազ­­­մուած կա­­­ռոյցներն են որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն իրենց գո­­­յու­­­թիւնը։ Մեր ժո­­­ղովուրդը կը գի­­­տակ­­­ցի թէ եկե­­­ղեց­­­ւոյ հան­­­դէպ իր պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը սահ­­­մա­­­­­­­նուած չէ միայն հա­­­ւատ­­­քով։ Հայ մար­­­դը նոյ­­­նիսկ հա­­­ւատ­­­քի մէջ թե­­­րանայ չի կրնար թե­­­րանալ եկե­­­ղեց­­­ւոյ հան­­­դէպ իր պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեան մէջ։

Մ.Մ.-Կ՚ու­­­զեմ անդրա­­­դառ­­­նալ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցին։ Ի՞նչ փու­­­լի վրայ ենք։

Գ.Պ.- Նա­­­խաձեռ­­­նարկ մար­­­մի­­­­­­­նը կը գոր­­­ծէ։ Կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տի ընտրող­­­նե­­­­­­­րու անուանա­­­ցան­­­կե­­­­­­­րը կա­­­տարին հասցնել։ Ու­­­նինք 11 բնա­­­կան թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­ներ, որոնց դի­­­մում կա­­­տարե­­­ցինք լսե­­­լու հա­­­մար թէ իրենց թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնը պի­­­տի առա­­­ջադ­­­րե՞ն, թէ ոչ։ Տա­­­կաւին իրենցմէ պա­­­տաս­­­խան չենք ստա­­­ցած։ Միւս կող­­­մէն պե­­­տու­­­թե­­­­­­­նէն կը սպա­­­սենք ընտրու­­­թեան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը ճշդող կա­­­նոնա­­­գիրը։ Կը յու­­­սանք, թէ շու­­­տով կը հաս­­­նի ան­­­կէ ետք է, որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի ընտրու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը։

Մ.Մ.-Հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մէջ մին­­­չեւ 9 Հոկ­­­տեմբեր պա­­­տաս­­­խան մը չգա­­­լու պա­­­րագա­­­յին ընտրու­­­թեան անե­­­լի մատ­­­նուելուն շուրջ հա­­­մոզում մը գո­­­յացած է։ Որ­­­քա­­­­­­­նո՞վ ճիշդ է։

Գ.Պ.- Ընտրու­­­թիւնը ան­­­պայման պի­­­տի կա­­­տարուի։ Այս մա­­­սին ոչ մէկ կաս­­­կած։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս մեր այս հա­­­մոզու­­­մը երաշ­­­խա­­­­­­­ւորո­­­ղը նոյն ինքն Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագահն է։ Խոս­­­տա­­­­­­­ցած էր 16 Ապ­­­րի­­­­­­­լի հան­­­րա­­­­­­­քուէէն ետք ան­­­ձամբ զբա­­­ղիլ այս խնդի­­­րով։ Գի­­­տեմ որ նա­­­խագա­­հի մը բեր­­նէն ելած խօս­­քը միշտ երաշ­­խիք է։ Ան­­շուշտ որ երկրի այդ հսկայ խնդիր­­նե­­­րու մէջ մեր փոք­­րա­­­թիւ հա­­մայնքի նիւ­­թե­­­րը կը մնան երկրոր­­դա­­­կան գետ­­նի վրայ։ Գա­­լով Կար­­գա­­­դիր յանձնա­­խումբի կարգ մը ան­­դամնե­­րուն հան­­դէպ Պե­­տու­­թեան որոշ վե­­րապա­­հու­­թիւններ ու­­նե­­­նալուն շուրջ տա­­րածուած խօս­­քե­­­րուն նշեմ թէ պե­­տու­­թիւնը ան­­ձե­­­րու հետ չի զբա­­ղիր։ Ար­­դա­­­րեւ այս մա­­սին մե­­զի հա­­սած պաշ­­տօ­­­նական ակ­­նարկու­­թիւն մըն ալ գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Ես կը հա­­ւատամ թէ պե­­տու­­թիւնը իր լրջա­­պահու­­թեան մէջ այն ինչ որ ըսել կ՚ու­­զէ կ՚ըսէ ուղղա­­կիօրէն, այլ ոչ թէ կարգ մը ան­­ձե­­­րու միջ­­նորդու­­թեամբ։ Եթէ մին­­չեւ 9 Հոկ­­տեմբեր մեր ակնկա­­լած պա­­տաս­­խա­­­նը չստա­­ցուի ըլ­­լա­­­լիքը պարզ է, կրկին ան­­գամ մը դի­­մենք պե­­տու­­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ