Բնակչութեան ճարտարագիտութիւն

Իբրեւ յանցագործութեան տեսակ՝

Բնակչութեան ճարտարագիտութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Նախապէս թուրք ազ­գայնա­կանու­­թեան տնտե­­սական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը երկհա­­տորա­­նի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնով մը ըն­­թերցո­­ղին ներ­­կա­­­յաց­­նող Նեւ­­զաթ Օնա­­րան, այժմ կը ներ­­կա­­­յանայ Թուրքիոյ մէջ բնակ­­չութեան ճար­­տա­­­րագի­­տու­­թիւնը ու­­սումնա­­սիրող հա­­տորով մը։ «Հա­­յեր, Յոյ­­ներ, Քիւրտեր, Թրքա­­կան Բնակ­­չութեան Ճար­­տա­­­րագի­­տու­­թիւնը, 1914-1940» խո­­րագ­­րեալ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը աւե­­լի քան 740 էջե­­րու մէջ կը պատ­­մէ ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւն մը կեր­­տե­­­լու սի­­րոյն երկրի ժո­­ղովուրդնե­­րուն մատ­­նուած ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւննե­­րը, աք­­սորնե­­րը եւ պար­­տա­­­դիր այ­­լա­­­սերումնե­­րը։

Իս­­կա­­­պէս ալ Երիտ­­թուրքե­­րու գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան վրայ հիմ­­նուած հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը գտնէր ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թեան մը կա­­ռուցման, որուն հա­­մար անհրա­­ժեշտ էր ազ­­գի կա­­ռու­­ցումը։ Այդ նպա­­տակին հաս­­նե­­­լու հա­­մար անհրա­­ժեշտ էր բազ­­մազգի յատ­­կութիւն ու­­նե­­­ցող Օս­­մա­­­նեան երկրի բնակ­­չութիւ­­նը մաք­­րել, զտել ու վեր­­ջա­­­պէս կարգ ու սար­­քի բե­­րել։ Վեր­­ջին հա­­րիւր տա­­րինե­­րու բո­­լոր կա­­րեւոր քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդար­­ձե­­­րը ծա­­ռայե­­ցին թուրք ազ­­գի մը ար­­հեստա­­կանօ­­րէն կազ­­մութեան։ Այդ ծի­­րէն ներս պէտք է յի­­շել Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, Թուրքիոյ յու­­նաց Յու­­նաստա­­նի մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու հետ փո­­խանա­­կու­­մը, Տէր­­սի­­­մի ջար­­դը եւ ապա գոր­­ծադրուած տե­­ղահա­­նու­­թիւնն ու աք­­սո­­­րը, Թրաքիոյ հրեանե­­րուն դէմ կա­­տարուած յար­­ձա­­­կումնե­­րը եւ յա­­ջոր­­դող զան­­գուածա­­յին գաղ­­թը, Մա­­րաշի ալե­­ւինե­­րուն դէմ գոր­­ծադրուած կո­­տորած­­նե­­­րը եւ այլն։

Նեւ­­զաթ Օնա­­րանի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կու գայ այս ար­­դէն ծա­­նօթ իրո­­ղու­­թիւննե­­րը ակա­­դեմական բնոյ­­թով եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան տուեալ­­նե­­­րով, փաս­­տա­­­թուղթե­­րով աւե­­լի պար­­փակ շրջա­­նակի մը մէջ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։

«Քոր» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կող­­մէ լոյս ըն­­ծա­­­յուած այս ու նման հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը ի վեր­­ջոյ լուրջ հար­­ցա­­­կանի տակ կը դնէ հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նա­­­քարե­­րը, որոնք ամ­­բողջ պատ­­մութեան մէջ մարդկու­­թեան դէմ գոր­­ծուած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­րու փաս­տեր են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ