Կ՚երթամ հողին կանչը լսելով

ԼՈՒՅՍԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Ցանկեր կան, որոնք կրնանք եզրակացնել «բաներ, որոնք անհրաժեշտ են, կենդանութեան օրօք կատարելու» խորագիրով։ Ահա իմ անհատական, այդ ցան­կի պա­հան­ջա­ծը իրա­կանաց­նե­լու հա­մար ճամ­բայ ելած եմ, դէ­պի մօրս ծննդա­վայ­րը՝ Զա­րա։

Այս ուխտագ­նա­ցու­թեան հա­մար, յա­ջողե­ցաւ հա­մոզել մայրս։ Այնպէս կը թո­ւայ, թէ իր բա­ցակա­յու­թիւնով շատ բաներ թե­րի պի­տի մնա­յին։ Այդ ալ բա­ւարար չէր։ Հնգա­մեայ դուստրս ալ պէտք է բա­ժին ստա­նար այս ուխտագ­նա­ցու­թե­նէն։ Վեր­ջա­պէս նախ­կին զա­րացի­ներէ բաղ­կա­ցող 40 հո­գիանոց խումբ մըն էր կազ­մո­ւածը, որոնց հետ պի­տի այ­ցե­լէինք մե­զի միայն պատ­մո­ւած­նե­րով ծա­նօթ Զա­րան։

Նախ­քան ճամ­բայ ել­լել մտա­հոգ էի երա­խայի մա­սին։ Պի­տի կրնա՞ր հան­դուրժել, այդ եր­կար ճամ­բորդու­թեան։ Կար­ծես ական­ջիս լսե­լի կը դառ­նան հա­ւանա­կան այն մե­ղադ­րանքնե­րը, եթէ երա­խան դժո­ւարա­նայ. «ան­խիղճ մայ­րը իր հա­ճոյ­քին հա­մար քաշ տո­ւաւ տա­րաւ թե­րահաս երա­խան» պի­տի ըսեն իմ ետե­ւէն։ Բա­րեբախ­տա­բար վախ­ցածս գլխուս չի գար եւ զա­ւակս այդ եր­կար ճամ­բորդու­թեան կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծը կ՚անցնէ քու­նի մէջ։ Առա­ւօտուն լու­սա­ծագի ժա­մերուն է, որ կը մտնենք Զա­րա։ Բա­րեկամ­ներ սկսած են ծա­նօթ վայ­րե­րը նկա­տելով ոգե­ւորո­ւած բա­ցագան­չել՝ «Տե­սէ՛ք այս ին­չին տունն է ահա» մատ­նա­ցոյց կնեն հնա­մաշ շէն­քեր։ Ես, որ պատ­կե­րացում չու­նիմ, այդ նշո­ւած անուննե­րուն հա­մար իսկ կը տա­րուիմ մտա­ծել՝ «Ար­դեօ՞ք, ուր են։ Աշ­խարհի որ ծայրը կը բնա­կին այս տան նախ­կին բնա­կիչ­նե­րը»։ Մտա­ծում մը, որ ամ­բողջ շրջա­գայու­թեան մը ըն­թացքին յա­ճախ տան­ջէ իմ միտքս, եր­բեմն աւե­րակ տու­նի մը, եր­բեմն խո­նար­հած եկե­ղեցիի մը, եր­բեմն ան­տէր շի­րիմի մը դի­մաց։ Այդ հո­գեբա­նու­թիւնն ալ հասկնալ կը փոր­ձեմ։ Նախ­քան ճամ­բայ ել­լել մեծ մօրս հարց տո­ւած էի՝ «Քու եր­կի­րը պի­տի եր­թամ Զա­րայէն ի՞նչ կ՚ու­զեմ» ըսե­լով։ Խիստ ան­տարբեր մնա­ցած էր։ «Զա­րա ըսածդ լեռ ու, ձոր է, ինչ պի­տի ու­զեմ որ Զա­րայէն» ըսած էր սիրտնեղ ձե­ւով։ Մինչդեռ ինք էր, որ կա­րօտով կը պատ­մէր այդ հի­մա ար­հա­մար­հած Զա­րայի մա­սին։ Ո՞վ գի­տէ այ­սօր տու­նը կամ ան­տէր թո­ղած գե­րեզ­մա­նը յի­շել ան­գամ չու­զող, որ­քան շատ զա­րացի­ներ կան աշ­խարհի երե­սին։ Հոգ չէ, մենք հի­մա եկած ենք իրենց հաշ­ւոյն ալ։ Այդ զգա­ցու­մով կը շրջինք Զա­րայի եր­բեմնի հա­յոց եկե­ղեցին։ Ի մաս­նա­ւորի Ալա Քի­լիսէ գիւ­ղի աւե­րակ­նե­րը։ Իրենք բա­ցակայ ալ ըլ­լան, մենք երե­ւակա­յել կ՚աշ­խա­տինք թէ ինչ ապ­րումներ եղած են, այս հնա­մենի աւա­նին մէջ։ Ի՜նչ ու­րա­խու­թիւններ, կամ ինչ տխրու­թիւններ։ Այդ բո­լորը, քա­նի որ պատ­մող չկայ, կը մնայ երե­ւակա­յու­թեան։ Բայց ես ապ­րումներ կ՚ու­զեմ ու­նե­նալ։ Կը տես­նեմ Ալիս գե­տը։ Արո­ւակի մը տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղու։ Ես ան շատ աւե­լի ջրա­ռատ պատ­կե­րացո­ւած էի մտքիս մէջ։ Յե­տոյ ցոյց կու տան Զա­րայի շու­կան։ Այս ալ իմ երե­ւակա­յածէս աւե­լի ըն­դարձակ է կար­ծես։ Վար­սա­վիրա­նոց, ծա­ղարան, դե­ղատուն…։ Վեր­ջա­պէս հիւ­րա­նոց հա­սած ենք։ Կը բարձրա­նանք մեր սե­նեակը ու կը փոր­ձենք ճամ­բու յոգ­նութիւ­նը թօ­թափել։

Յու­զումնե­րով լե­ցուն եմ Զա­րայի մէջ։ Աս­տո­ւա՜ծ իմ, այս որ­քան ճոխ նա­խաճա­շի սե­ղան մը։ Սե­բաս­տիոյ յա­տուկ բո­լոր տե­սակի խմո­րեղէն­նե­րը, մեղ­րը, սե­րը, կա­րագը, անուշնե­րու տե­սակը… Բայց բո­լորէն աւե­լի, մա­տու­ցողնե­րու բա­րեացա­կամու­թիւնը, ժպի­տը, աչ­քե­րէն ցո­լացող, ձայ­նե­րուն մէջ թրթռա­ցող ջեր­մութիւնը։ Ես բա­ցի պատ­մո­ւած­նե­րէն ո՛չ մէկ յի­շատակ ու­նիմ Զա­րայի հետ առնչո­ւած։ Ու­րեմն ին­չո՞ւ կ՚ու­լամ։ Ի՞նչ է զիս այսքան յու­զո­ղը։ Այս եօթն օտար մար­դիկ, ին­չու ին­ծի այսքան հա­րազատ կը թո­ւին։ Աւե­լի ուշ կ՚իմա­նանք, մա­տու­ցողնե­րը հիւ­րա­նոցի կամ ճա­շարա­նի աշ­խա­տող­նե­րը չեն, այլ մեր գա­լուստը իմա­նալով պար­զա­պէս մե­զի հետ շփո­ւիլ ու­զող զա­րացի­ներ։ Այս ճոխ սե­ղանն ալ իրենց նո­ւէրն է մե­զի։

Տե­ղացի­ներու ցու­ցա­բերած ջերմ վե­րաբե­րու­մը ար­գելք չի կրնար ըլ­լալ հան­դի­պած ամէն աւե­րակ տու­նի դի­մաց մեծ թա­խիծի մը մատ­նո­ւելուս։ Այս բո­լորո­վին ու­րիշ զգա­ցում է։ Զգա­ցում, որ իր հետ մտա­ծել կու տայ, այդ տան նախ­կին բնա­կիչ­նե­րը եւ յստակ իրո­ղու­թիւնը ան­փո­փոխ է՝ անոնք չկան։ Վեր­ջին հա­րիւր տա­րինե­րու ըն­թացքին մարդ արա­րածի իր տե­սակին դէմ գոր­ծադրած վայ­րա­գու­թեան տար­բեր երե­ւոյթնե­րուն ակա­նատես եղան։ Վա­յելե­ցին հուրն ու թու­րը։ Հա­րազատ ըն­տա­նիքէն բազ­մա­թիւ ան­դամներ կորսնցնե­լով փոր­ձե­ցին գո­յատե­ւել հայ­րե­նի հո­ղին վրայ։ Միշտ եր­կընտրան­քի մը առ­ջեւ մնա­ցին։ Կամ պի­տի ու­րա­նային իրենց ազգն ու կրօն­քը, կամ պի­տի զրկո­ւէին հայ­րե­նի երկրէն։ Այդ է որ տաս­նա­մեակ­նե­րու հո­լովոյ­թով զա­րացիք գաղ­թե­ցին նախ Պո­լիս եւ ապա ալ աւե­լի հե­ռաւոր ափեր։ Պոլ­սոյ մէջ իրենց միաս­նութիւ­նը պա­հելու հա­մար հիմ­նե­ցին «Զա­րաս­փոր» մար­զա­կումբը, որ միշտ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան մը դի­մագի­ծը ու­նե­ցաւ, քան ակումբ։

Այս շրջա­գայու­թեան մղիչ գոր­ծօ­նը դար­ձեալ «Զա­րաս­փոր»ն է։ Մեզ հետ ու­նինք զա­րացի քա­հանայ Տէր Զոհ­րապ Ճի­վանեանը։ Իր շուրջ մէկ­տե­ղուած ենք վե­րակա­ռու­ցո­ւած գե­րեզ­մա­նատան մէջ եւ դէ­պի եր­կինք կ՚աղեր­սենք բո­լոր զա­րացի­ներու հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։

Ու­րախ եմ այս բո­լորով։ Երա­զանքնե­րէս մէկն էր, որ իրա­կանա­ցու­ցի։ Ու­րա­խու­թիւնս կրկնա­կի կը շատ­նայ, թէ մայրս կողքս է եւ թէ հին­գա­մեայ Նա­յիրաս։ Այս ուխտագ­նա­ցու­թե­նէն ինչ պի­տի յի­շէ ապա­գային չեմ գի­տեր։ Բայց գի­տեմ մէկ բան միայն, այն ինչ որ պի­տի յի­շէ ու­րախ յի­շատակ մը պի­տի ըլ­լայ իրեն հա­մար։ Մա­նաւանդ ալ ան զիս յու­զող դրո­ւակ­նե­րուն գի­տակ­ցե­լու տա­րիքին չէ։

Մօրս հօ­րաք­րոջ որ­դին է, Ար­թունը Աղ­բա­րը, տու­նի մը դու­ռը թա­կեց եւ ներ­սէն իրեն հա­սակա­կից մարդ մը դուրս եկաւ կրօ­նաւո­րի տա­րազով։ «Զիս չճանչցա՞ր էմ­մօղլու» հար­ցուց Ար­թուն Աղ­բա­րը։ Դի­մացի­նը «Վայ դուն ե՞ս քե­ռոր­դի Ար­թուն»։ Կեան­քը այսպէս է այս հո­ղերուն վրայ։Նոյն ծա­ռէն ար­մատ առած եր­կու ճիւ­ղեր կար­ծես, մէկ կողմ կը շպրտեն զի­րենք օտա­րաց­նող ամէն տե­սակի կրօ­նական կամ քա­ղաքա­կան տար­բե­րու­թիւնը եւ կը գրկեն զի­րար ար­դա­րաց­նե­լով իրենց նախ­նեաց հա­րազա­տու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ