Աթէշեանի դէմ բողոքը կը ծաւալի Է

Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, որ իր օրակարգին առած է նաեւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան նիւթի շուրջ վերջին զարգացումները։ 20 Փետրուարին Տէրունական Աղօթքով մեկնարկող ժողովի սկզբին խումբ մը հայեր բողոքի ցոյց կատարեցին ընդդէմ Թուրքիոյ պատրիարքական աթոռին վրայ պետութեան կողմէ նշանակուած Արամ արք. Աթէշեանի։ Ցուցարարները կը պահանջէին, որ Կաթողիկոսը կարգալոյծ ընէ Պոլսոյ արքեպիսկոպոսը իր անպատուաբեր կեցուածքին համար։ Անոնք կը յայտարարէին, թէ Աթէշեան հրաժարական չի տալով է, որ տեղի տուած է ներկայ ճգնաժամին։ «Եթէ տեղապահի ընտրութենէն ետք իր խոստումը յարգէր ու հրաժարէր գործընթացը շատ աւելի հեշտութեամբ պիտի ընդանար» կը պնդէին ցուցարարներէ ոմանք։ Ամէն պարագայի Պոլսոյ աթոռին համար բաւական տխուր երեւոյթ մըն է պարզուածը, որ պիտի ունենայ իր ժխտական ազդեցութիւնը մեր հասարակական կեանքի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ