«Կարին»ը իբրեւ յաւերժի ճամբորդ



ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Պարելը ետ ու առաջ ճոճուել չի նշանակեր։ Աւելին կայ պարին մէջ եւ այդ աւելին կ՚անուանենք զգա­ցում։ Ար­դա­րեւ խոր զգա­ցումնե­րու մատ­նուեցանք, երբ բեմ բարձրա­­ցաւ «Կա­­րին» պա­­րային հա­­մոյ­­թը, ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար մեր երկրի պա­­րը, որ իրենց հա­­մար կը կո­­չուէր Կա­­րին, իսկ մե­­զի հա­­մար ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տան մը։

Այս զգա­­ցումն է, որ առա­­ջին պա­­հէն մեզ վե­­րածեց հա­­րազատ­­նե­­­րու եւ հա­­րազատ­­նե­­­րու յա­­տուկ ան­­մի­­­ջակա­­նու­­թեամբ հա­­ղոր­­դուեցանք իրա­­րու հետ։ Ինչ լաւ է, որ հա­­ղոր­­դութիւ­­նը ստա­­ցանք տա­­կաւին ներ­­կա­­­յաց­­ման առա­­ջին պա­­հուն։ Թմբու­­կի առա­­ջին զար­­կին իսկ։ Ար­­դէն շու­­տով դուրս եկանք բե­­մադ­­րող ար­­դիստի եւ հան­­դի­­­սատե­­սի այդ իրա­­րու օտա­­րաց­­նող մի­­ջավայ­­րէն եւ կար­­ծես իրա­­րու մէջ ընդլու­­ծուեցանք, որ­­պէս հայ­­րե­­­նի երկրի կա­­րօտա­­կէզ զա­­ւակ­­ներ։

1 Մարտ Հինգշաբ­­թի երե­­կոյ Տա­­տեան եւ Գա­­րակէօզեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու հա­­մատեղ նա­­խաձեռ­­նութեամբ Հա­­յաս­­տա­­­նի «Կա­­րին» պա­­րի հա­­մոյ­­թը ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ Տա­­տեան վար­­ժա­­­րանի Տիգ­­րան Կիւլմեզ­­կի­­­լի անու­­նը կրող դահ­­լի­­­ճին մէջ։ Կա­­րին հա­­մոյ­­թը հիմ­­նուած է 2003-ին։ Ան 2008-ին կ՚ար­­ժա­­­նանայ Հա­­յաս­­տա­­­նի Մշա­­կոյ­­թի նա­­խարա­­րու­­թեան պա­­տուագ­­րին, հայ մշա­­կոյ­­թի զար­­գացման ու պահ­­պանման ոլորտնե­­րուն բե­­րած իր նպաս­­տին պատ­­ճա­­­ռաւ։ 2009-ին Պարսկաս­­տա­­­նէն ստա­­ցած պե­­տական հրա­­ւէրով ելոյթ կ՚ու­­նե­­­նայ Թեհ­­րա­­­նի մէջ։ 2011-ին կը մաս­­նակցի Սպա­­նիոյ Փալ­­մա տէ Մայորքաի պա­­րի փա­­ռատօ­­նին եւ կ՚ար­­ժա­­­նանայ առաջ­­նութեան մե­­տայ­­լին։

«Կա­­րին» բա­­ցի իր պար­­գե­­­ւած բե­­մական վա­­յել­­քէն ու­­նի նաեւ ու­­սուցո­­ղական յատ­­կութիւն եւ որ­­պէս ակա­­դեմա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւն մը խումբի հիմ­­նա­­­դիր Գա­­գիկ Կի­­նոսեան իւ­­րա­­­քան­­չիւր բե­­մադ­­րութե­­նէ առաջ լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ կը փո­­խան­­ցէ հան­­դի­­­սատե­­սին, որ այդ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու շնոր­­հիւ բո­­լորո­­վին այլ մեր­­ձե­­­ցու­­մով կը դի­­տէ բե­­մադ­­րուած գոր­­ծը։

Շա­­հեկան է Գա­­գիկ Կի­­նոսեանի փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը, որոնց մէջ յա­­ճախ կը հան­­դի­­­պինք երախ­­տա­­­պար­­տութեան դրսե­­ւորումնե­­րու։

«Այս պա­­րը, որ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք հի­­մա քա­­ղած ենք մեր համ­­շէնցի բա­­րեկամ Ռեմ­­զի Թա­­թարէն։ Ինք 75 տա­­րեկան էր եւ մեծ եռան­­դով ծա­­նօթա­­ցուց այս պա­­րը, որ պա­­րացան­­կին մէջ կը ծա­­նօթա­­ցուի իբ­­րեւ «Թակ Թամ­­զա­­­րա»։ Յա­­ռաջի­­կայ Եր­­կուշաբ­­թի այս սրա­­հին մէջ կրկին ելոյթ պի­­տի ու­­նե­­­նանք եւ այս ան­­գամ պի­­տի պա­­րենք Համ­­շէ­­­նի Հո­­րոն անու­­նով ծա­­նօթ Թռթռու­­կը»։

Գա­­գիկ Կի­­նոսեանի այս ծա­­նօթու­­թիւննե­­րը մեզ կը տա­­նին հին յի­­շատակ­­նե­­­րու։ Ռեմ­­զի Թա­­թարի անու­­նը առա­­ջին ան­­գամ լսած էինք «Ակօս» հա­­յերէն էջե­­րու նախ­­կին Խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանէն, որ իր բա­­րեկամ Հիք­­մեթ Աք­­չի­­­չէքի հետ այ­­ցե­­­լած էր Հա­­յաս­­տան եւ այնտեղ պա­­րարուես­­տի զա­­նազան մի­­ջավայ­­րե­­­րուն մէջ ծա­­նօթա­­ցու­­ցած էր Համ­­շէ­­­նի երգն ու պա­­րը։ Գա­­գիկ Կի­­նոսեան ինք եւս կը յի­­շէ Ռեմ­­զի Թա­­թարի վատ­­թա­­­րացած առող­­ջութիւ­­նը յայտնե­­լով, թէ ար­­ծի­­­ւի մը նման սլա­­ցած պա­­հուն կը պայ­­քա­­­րէր անո­­ղոք հի­­ւան­­դութեան դէմ։

Պա­­րերը իրար կը յա­­ջոր­­դեն եւ իւ­­րա­­­քան­­չիւր պա­­րի հետ կու գայ կը հաս­­նի Գա­­գիկ Կի­­նոսեանի փո­­խան­­ցած լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը։ «Գի­­տէի թէ Էջ­­միած­­նի պա­­րը ձօ­­նուած է այս քա­­ղաքի մայր տա­­ճարին, բայց չէի գի­­տեր թէ բնաւ կապ չու­­նի Էջ­­միածին քա­­ղաքի հետ։ Տա­­րիներ առաջ Կար­­նոյ մէջ այ­­ցե­­­լեցի իմ նախ­­նի­­­ներու բնա­­կած Տի­­լիճա գիւ­­ղը, ուրկէ Ախցխա­­յի ճամ­­բով ան­­ցայ Վրաս­­տան։ Տա­­րեց կնոջ մը, որ ըստ երե­­ւոյ­­թի ան­­ցած էր 90 տա­­րեկա­­նի սահ­­մա­­­նը, հարց տուի թէ ար­­դեօք հին պա­­րերէն նմոյշ մը կը յի­­շէ՞։ Կը դժուարա­­նար քա­­լելու, բայց փէ­­շերուն տակ Արե­­գակը պա­­հած էր կար­­ծես։ Ապա հա­­մոզուեցայ, որ այս պա­­րը աւե­­լի ուշ անուանուած է, իբ­­րեւ Էջ­­միած­­նի պար։ Ան մեծ հա­­ւանա­­կանու­­թեամբ մե­­զի փո­­խան­­ցուած ըլ­­լա­­­լու է հե­­թանո­­սական շրջա­­նէն, ուր հա­­յեր առ­­հա­­­սարակ արե­­գակին կը պաշ­­տէին»։

Պա­­րը իր բո­­լոր շար­­ժուձե­­ւերով կը պատ­­մէր այդ պաշ­­տա­­­մունքի դրուագ­­նե­­­րը։

Ներ­­կա­­­յացու­­մը որ­­քան որ ոգե­­ւորիչ էր, խան­­դա­­­վառող, արե­­գակի ջեր­­մութիւ­­նը եւ կեն­­սունա­­կու­­թիւնը պա­­րերու մի­­ջոցաւ կը տա­­ծէր բո­­լորիս, հա­­յու ճա­­կատագ­­րին մէջ չկայ լիաթոք ու­­րա­­­խու­­թեան առիթ։ Ար­­դա­­­րեւ Գա­­գիկ Կի­­նոսեան յի­­շեց իր վա­­ղեմի բա­­րեկա­­մը նախ­­կին պոլ­­սա­­­հայ ազա­­տամար­­տիկ Սար­­գիս Հաց­­պա­­­նեանը, որ շատ կարճ ժա­­մանակ առաջ յանձնած էինք հայ ժո­­ղովուրդի սրտին՝ Եռաբ­­լուրի նա­­հատակ­­նե­­­րու յա­­տուկ գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ։ «40 օր առաջ կորսնցու­­ցի իմ շատ սի­­րելի բա­­րեկա­­մը՝ Սար­­գիս Հաց­­պա­­­նեանը։ Ան ծնած էր այստեղ, ու­­սումը շա­­րու­­նա­­­կած էր Ֆրան­­սա եւ հա­­ւատա­­լով հա­­յուն հայ­­րե­­­նիքը Հա­­յաս­­տանն է, բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Մաս­­նակցած էր Ղա­­րաբա­­ղի հե­­րոսա­­մար­­տին եւ մենք կը սգանք իր ան­­ժա­­­մանակ կո­­րուստը։ Իր թաղ­­ման օր թե­­րեւս առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով Եռաբ­­լուրի վրայ հնչե­­ցին նաեւ թրքե­­րէն եր­­գեր։ Սկիզ­­բը տա­­րակու­­սանքի մէջ էինք, ինչքա­­նով պատ­­շաճ էր Եռաբ­­լուրի վրայ թրքե­­րէնի հնչիւններ լսել, բայց ապա շու­­տով սթա­­փեցանք եւ յի­­շեցինք Էջ­­միած­­նոյ Մայ­­րա­­­վան­­քի մէջ թրքե­­րէն կլկլա­­ցող Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետը մեր։ Եւ մեծ եր­­կիւղա­­ծու­­թեամբ Կո­­միտա­­սի մե­­ղեդին ունկնդրող Հա­­յոց կա­­թողի­­կոսի կեր­­պա­­­րը։ Այդ օր թաղ­­ման ներ­­կայ գտնուող­­նե­­­րէն ոչ ոք առար­­կութեան մա­­սին մտա­­ծեց։ Լուռ էին բիւ­­րա­­­ւոր զի­­նուոր­­ներ եւ թրքե­­րէն եր­­գը հե­­րոսա­­պատում մըն էր ձօ­­նուած մեր զի­­նըն­­կե­­­րոջ։ Ու­­րեմն Իշ­­խա­­­նաց Պարն ալ կը պա­­րենք ձօ­­նելով Սար­­գիս Հաց­­պա­­­նեանի յի­­շատա­­կին»։

«Երբ ցու­­լը իյ­­նայ դա­­նակ վերցնող­­ներ կը շա­­տանան»։ Այս առա­­կով կը սկսի պատ­­մել հա­­յոց «Քո­­չարիի» իմաստն ու խոր­­հուրդը։ Կը յի­­շէ թէ այս պա­­րը մտած է ՈՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի ցան­­կին մէջ, որ­­պէս հայ­­կա­­­կան պար։ Պա­­րու­­սոյցը կը յայտնէ թէ իրենց պա­­րացան­­կին մէջ տեղ գտած են Քո­­չարիի աւե­­լի քան տա­­սը տար­­բե­­­րակ­­ներ։ Ամէն մէ­­կը վե­­րագ­­րուած Հա­­յաս­­տան աշ­­խարհի տար­­բեր մէկ գա­­ւառին։

«Կա­­րին» հա­­մոյ­­թի ներ­­կա­­­յացու­­մը ինչպէս որ նշե­­ցինք այս ծա­­նօթագ­­րութեան սկզբին լոկ բե­­մական ներ­­կա­­­յացու­­մ չէր, ինչպէս որ պար կո­­չուա­­ծը ետ ու առաջ ճո­­ճուել չէ։

Մենք «Կա­­րին»ի ներ­­կա­­­յացու­­մով շրջե­­ցանք, թէ Հայաշ­­խարհի քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ եւ թէ պատ­­մութեան դա­­րերու հո­­լովոյ­­թով։ Մերթ խո­­յի մը կեր­­պա­­­րով մտանք մեր հե­­թանո­­սական ապ­­րումնե­­րու աշ­­խարհին, մերթ հարսնե­­ւոր եղանք, մերթ մաճ­­կալ, բարձրա­­ցանք հա­­յոց սա­­րերն ի վեր, իսկ մի­­թէ իջա՞նք այդ սա­­րերն ի վար, այնքան դիւ­­րին չէ պա­­տաս­­խա­­­նել։ Տպա­­ւորուած ենք «Կա­­րին»ի ելոյ­­թով եւ մեր յոյ­­սը այն է, որ այս խիստ յա­­ջող խումբը նման ոգե­­ւորու­­թիւն կը ստեղ­­ծէ նաեւ իր այ­­ցե­­­լած այլ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ եւս, քա­­նի որ իր հետ կը տա­­նի արե­­ւի ճա­­րագայթնե­­րը։ Ճա­­րագայթներ՝ որոնք Գէորգ Էմի­­նի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան նման կը լու­­սա­­­ւորեն յա­ւէր­ժի ճամ­բորդի բազ­մա­դարեան ու­ղին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ