Յիշելով ժողովուրդի հերոս որդիները*

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

h_kemal_yalcin@yahoo.de

Իպրահիմ Քայփաքքայա, Տենիզ Կեզմիշ, Հիւսէյին Ինան, Մահիր Չայան, Եուսուֆ Ասլան, Սինան Ճեմկիլ եւ դեռ շատեր երկրի ամենամաքուր, ամենանուիրեալ, ամենաուշիմ զաւակները…։ Հերոսութիւնը դպրոցի մէջ ուսուցանուող բան մը չէ։ Բայց ունի իր կանոնները։ Հերոսները կը ծնին ժողովուրդներու ծոցէն։ Անոնք իրենց հարազատ ժողովուրդին հետ կը գոյատեւեն։ Իր ժողովուրդի նկատմամբ սէր չունեցողները չեն կրնար ժողովուրդին սիրելին դառնալ։ Անոնք ազնուական աւանդութեան մը շարունակողներն են։ Այդ աւանդութիւնը սերնդափոխութեամբ է, որ կը ձեւաւորուի։ Իրենցմէ ով որ իյնայ կը փոխարինէ կեանքը շարունակող ուրիշ մէկը։ Այսպէսով դիմադրութեան եւ պայքարելու ոգին կը հասնի յաջորդ սերունդներուն ալ։ Ժողովուրդի հերոսի կոչումը նոյնինքն ժողովուրդն է որ կը շնորհէ։ Ապացոյցը ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ առասպելներուն մէջ, աշուղներու տաղերուն մէջ գտած արձագանգն է։ Այդպէս է, որ Քէօրօղլուի քաջագործութիւնը կը հասնի մեր օրերուն։ Այդպէսով է, որ քուրտերու Դարբին Քաւան կամ հայոց Սասունցի Դաւիթը, Զօրավար Անդրանիկը կը յաղթեն ժամանակը եւ կը հասնին մեր օրերուն։ Ամէն ժողովուրդ եւ պատմութեան ամէն դարաշրջան կը ծնի իր հերոսները։ Անոնց բոլորին ալ հասարակած եզրը իշխող համակարգին դէմ պայքարելու ոգիով կը ներկայանայ։

Վերեւ նշեցի Ի դարուն Թուրքիոյ մէջ յայտնուած հերոսներու անունները։ Պայքարեցան աւելի ազատ հայրենիքի մը տիրանալու համար եւ բոլորն ալ սպաննուեցան այդ բարեփոխութեան դիմադրող պետութեան ձեռքով։ Ես թէեւ անձամբ չեմ շփուած Տենիզ Կեզմիշի, Մահիր Չայանի հետ։ Բայց շատ մօտ եղած եմ այդ փաղանգի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Իպրահիմ Քայփաքքայային։ Իր հետ Պոլիս Չափայի մանկավարժական դպրոցի սաներ էինք, ինք ինձմէ երեք դասարան աւելի բարձր։ Ծնած էր 1949-ին Չորումի Սունկուրլու գաւառի Գարաքայա գիւղը։ Նախակրթարանը աւարտելէ ետք յաճախած էր Հասանօղլան մանկավարժական դպրոց։ Գերազանց յաջող աշակերտ մըն էր։ Արդէն այդ տարիներուն միայն գերազանձ յաջողները կ՚ընդունուէին Մանկավարժական դպրոց, քանի որ այդ դպրոցներու հիմնական առաքելութիւնն էր ուսուցիչներ մարզել։ Ինք կը յաճախէր, թէ մանկավարժական այդ դպրոցին եւ թէ Իսթանպուլի համալսարանի ֆիզիքագիտութեան բաժնին։ Յատուկ ուշադրութիւն սեւեռած էր տեսական ֆիզիքագիտութեան նկատմամբ։ Իր ձեռքին սահմանափակ աղբիւրներով կ՚ուզէր թափանցել գիտութեան այդ ճիւղին։ Միեւնոյն ժամանակ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէր ընկերա-քաղաքական զանազան խնդիրներու։ Չափայի գաղափարական գիտելիքներու ակումբի վարիչն էր եւ 1968-ին դպրոցէն վտարուեցաւ Ամերիկեան նաւատորմի Պոլիս այցելութեան դէմ բողոք կազմակերպելուն պատճառաւ։ Միաժամանակ անդամակցած էր Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան։ Կուսակցութիւնը այդ օրերուն կ՚ապրէր պարակտումի շրջան մը ու Իպրահիմ Քայփաքքայա ալ ճշդեց իր ուղին եւ մաս կազմեց կուսակցութեան ալ աւելի ծայրայեղ բեւեռին մէջ։ Այդ օրերուն ան զանազան յօդուածներ կը ստորագրէր նաեւ կուսակցութեան պարբերական մամուլի էջերուն վրայ։ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական հակադրութիւնները հետզհետէ վերածուած էին զինեալ բախումներու եւ Քայփաքքայա ալ այդ հանգրուանին անցաւ Տէրսիմի դաշտային շրջաններ կազմակերպելու համար զինեալ ապստամբութիւնը։ Հոն բանակայիններուն հետ մտած զինեալ բախումէ մը ետք յաջողեցաւ վիրաւոր կերպով խոյս տալ։ Հինգ օր լեռներու վրայ փախստական ապրելէ ետք պարտաւորուեցաւ գիւղացիի մը բնակարանը ապաստանելու եւ իր ապաստանած տան տիրոջ մատնութիւնով ձերբակալուեցաւ։ Ձերբակալութեան օրերուն Քայփաքքայա ենթարկուեցաւ անտանելի տանջանքներու։ Անհանդուրժելի այդ տանչանքներուն* իրեն կը թելադրէին մատնել ընկերները։ Սակայն ան յամառօրէն կը դիմադրէր եւ կը խնայէր իր շարքայինները*։ Վերջապէս այդ տանջանքներու տակ է որ աւանդեց իր հոգին 18 Մայիս 1973-ին։ այս սպանութիւնը այդ օրերուն եկաւ նաեւ Խորհրդարանի օրակարգը շնորհիւ պատգամաւոր Մեհմետ Ալի Այպարի ջանքերուն։ Սակայն դժուար չէ ենթադրել, որ այդ մարդասպանութիւնը քօղարկուեցաւ պետութեան ձեռքով, քանի որ արդէն իր մահը փաստաթուղթերու մէջ արձանագրուած էր, որպէս անձնասպանութիւն։

Ինչպէս վերեւ ալ նշած եմ Իպրահիմ Քայփաքքայայի հետ իմ ծանօթութիւնս սկսած էր Չափայի մանկավարժական դպրոցին մէջ։ Ան ինձմէ աւելի աւագ դասարանի սան ըլլալով ես իրեն կը դիմէի «աղբարիկ» յարգանքի ածականով մը։ Պէտք է նշեմ, որ այդ տարիներուն մեր դպրոցը ֆաշիստներու գրաւման ենթարկուած էր։ Ազգայնամոլներ եւ կրօնամոլներ կը համագործակցէին մեզի դէմ։ Այդ համագործակցութիւնը երբեմն կը հասնէր արիւնալի բախումներու։ Այդպիսի կռիւի մը ժամանակ նահատակուած էր իմ դասընկերներէն Հիւսէյին Ասլանթաշ։ Այսօրուայ նման կը յիշեմ այդ սարսափելի դէպքը։ Նոյնիսկ աւելին։ Մեր ընկերը այդ օրերուն սիրահարուած էր նոյն դպրոցէն աղջկան մը եւ բոլոր քաջութիւնը հաւաքած նոյն այդ օր համարձակած էր սիրած աղջկան պարզելու իր սէրը։ Պարզած՝ եւ ափսոս մերժուած էր։ Մեզի վիճակած էր զինք մխիթարել։ Այդ պահուն ով կրնար գիտնալ, որ մեր այդ ի զուր մխիթարութեան ջանքերէն հազիւ քանի մը ժամ անց ան պիտի սպաննուէր ննջարանին մէջ։ Ատրճանակի մը տրաքումով սարսափած ամէն մարդ փախած էր անկիւն մը։ Իսկ ես անկողինի տարազներով իջած էի լուացարան գուլպաներս լուալու։ Զէնքերու կրակոցը լսելով փութացի դէպի վեր եւ արիւնաքամ ձեւով գտայ Հիւսէյինը։ ինկած էր գետին եւ դէպի ձախ կողմը թեքուած գլուխը։ Փորձեցի նախ զինք գետնէն վերցնել։ Սակայն ակնթարթի մէջ ձեռքերս թաթխուեցան Հիւսէյինի գանկէն հոսող արիւնին։ Մատերս մխրճուեցան գանկի ոսկորներուն մէջ։ Աղաղակելով օգնութիւն պահանջեցի։ «Հասէ՜ք» գոռացի։ «Հիւսէյինը մեռցուցին»։ Այդ աղաղակէն ետք սենեակի միւս տղաքն ալ վրայ հասան։ Մէկը զգուշացուց ըսելով, թէ չէ մերած կենդանի է։ Շուտ հիւանդանոց հասցնենք։ Չափայի բժշկագիտական ֆաքուլդեդի հիւանդանոցը կպած էր մեր ննջարաններուն։ Գրկեցինք մեր ընկերը եւ փութացինք դէպի հիւանդանոց։ Ափսոս որ Հիւսէյին միայն երկու օր կրցաւ դիմանալ ու ապա աւանդեց իր հոգին։ Այդ օր շուրջ 30 հազարի հասնող ուսանողներու բազմութիւնով մը հասանք Էմինէօնիւի նաւամատոյցը, ուրկէ Հիւսէյինի անշունչ մարմինը յուղարկաւորեցինք դէպի Սեբաստիա իր հայրենի երկիրը։ Այդ սպանութենէն ետք Իպրահիմ Քայփաքքայայի հանդիպեցայ Թեխնիկ համալսարանի մէջ կատարուած հանրահաւաքի մը ընթացքին։ Հոն եւս բռնութիւն կատարեցին Իպրահիմին դէմ։ Չարտօնեցին, որ ելոյթ ունենայ։ Անկէ վերջ հազիւ հեռուէն հետեւեցայ իր ապրածներուն։

Իպրահիմ Քայփաքքայա Չափայի մանկավարժական դպրոցէն իմ աւագ ընկերը իրեն հասակակից շատերու նման զոհը եղաւ այս երկրին ծուծերուն թափանցած անհանդուրժողականութեան։ Բնաւ կասկած չունիմ, թէ եթէ ապրէր որպէս գիտնական շատ մեծ նպաստ կ՚ունենար իր երկրին՞ իր երկրի ժողովուրդին։ Այսօր իր մահուան յիշատակման ձօնուած այս արարողութեան ընթացքին յարգանքով կը խոնարհիմ Քայփաքքայայի թանկագին յիշատակին առջեւ։

 

(*) Արտասանուած Հոլանդիոյ Ահրեն քաղաքին մէջ Թուրքիացի բանուորներու միութեան կողմէ կազմակերպուած Մայիսեան նահատակներու յիշատակման հանդէսին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ