27 հազար ԹԼ հատուցում Պասքըն Օրանին

«Ակօս»ի սիւ­նա­կագիր Պաս­քըն Օրան, երբ կ՚ան­դա­մակ­ցէր մար­դու իրա­ւունքնե­րու խորհրդակ­ցա­կան խոր­հուրդին, գրի առած էր «Փոք­րա­մաս­նութեան իրա­ւունքնե­րը եւ մշա­կու­թա­յին իրա­ւունքներ» խո­րագ­րեալ տե­ղեկա­գիր մը։ Այդ տե­ղեկագ­րի հրա­պարա­կու­մէն ետք ան ստա­ցաւ մա­հուան սպառ­նա­լիք­ներ։ Այդ սպառ­նա­լիք­նե­րու հա­մար դի­մեց դա­տարան։ Սա­կայն դա­տական գոր­ծընթաց­քը առա­ջին օրէն սկսեալ լուրջ ձգձգումնե­րով ըն­թա­ցաւ։ Օրան դի­մում կա­տարած էր Ան­գա­րայի ատեանին, քա­նի որ ինք կը բնա­կէր Ան­գա­րա։ Սա­կայն Ան­գա­րայի դա­տարա­նը դի­մու­մը փո­խան­ցեց Պո­լիս եւ Պոլ­սոյ ատեանն ալ, սպառ­նա­կան գրու­թիւննե­րուն Ատա­նայէն առա­քուած ըլ­լա­լը նկա­տի առ­նե­լով իր կար­գին թղթած­րա­րը ղրկեց Ատա­նայ։ Ատա­նայի դա­տարա­նը եւս մեր­ժեց այս խնդրի քննար­կումը, հար­ցաքննու­թեան ծրա­րը ետ ու­ղարկե­լով դէ­պի Պո­լիս։ Այդ հանգրո­ւանէն ետք է, որ Վճռա­բեկ ատեանի որո­շու­մով դա­տավա­րու­թիւնը տես­նո­ւեցաւ Ատա­նայի մէջ եւ այս քա­ղաքի Հաշ­տա­րար ատեանը մէկ տա­րի ու­թը ամիս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տեց սպառ­նա­ցողը ու վճի­ռի յայ­տա­րարու­թիւնը յե­տաձ­գեց։

Այս պայ­մաննե­րու դի­մաց Պաս­քըն Օրան դի­մեց Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեան, յայտնե­լով թէ կեան­քը վտան­գո­ւած է եւ այդ պայ­մաննե­րը ար­գելք հան­դի­սացած են իր ազա­տօրէն խօ­սելու կամ գրե­լուն։ Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանը այս դի­մու­մը նկա­տի ու­նե­նալով մե­ղադ­րած է պե­տու­թիւնը իր քա­ղաքա­ցիի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու խնդրին մէջ թե­րանա­լուն հա­մար։ Դա­տարա­նը 27,000ԹԼ պատ­ժա­տու­գանք ճշդած է Օրա­նի մատ­նո­ւած անար­դա­րու­թեան դի­մաց։

Պաս­քըն Օրան այս մա­սին տո­ւաւ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւ­նը։ «Թուրքիոյ մէջ օրէն­քի գե­րակա­յու­թիւնը ար­դէն վե­րացած է։ Ոչ մէկ եր­կիր կրնայ առանց օրէն­քի գո­յատե­ւել։ Այս երե­ւոյ­թը սկսաւ Ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու դրու­թեան գոր­ծադրման ժա­մանակ։ Այդ ժա­մանակ օրէն­քի կա­նոն­նե­րը ան­տե­սող Սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանը առա­ջին ան­գամ է, որ նման որո­շում մը կ՚ար­ձա­կէ։ Կը յու­սամ, որ այս որո­շու­մը անօ­րէնու­թեան գոր­ծընթա­ցէն ձեր­բա­զատո­ւելու նա­խաքայ­լը կ՚ըլ­լայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ