Շրջանցուած է հակայեղափոխական քայլը

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

 

2Հոկ­տեմբեր երեք­շաբթի երե­կոյ ժա­մը 19։30 սահ­մաննե­րուն վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան դի­­մատետ­­րի մի­­ջոցաւ ժո­­ղովուրդին հա­­ղոր­­դեց Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւննե­­րը շրջան­­ցե­­­լու մա­­սին ըրած կար­­գադրու­­թիւննե­­րը։ Վար­­չա­­­պետը կոչ ըրաւ Խորհրդա­­րանի առ­­ջեւ հա­­ւաքո­­ւելու հա­­մար։ Ար­­դէն ժա­­մը 21.00-ի սահ­­մաննե­­րուն Բահ­­րա­­­մեան փո­­ղոցի վրայ հա­­ւաքո­­ւած էր ծո­­վածա­­ւալ բազ­­մութիւն մը, որ կը յի­­շեց­­նէր Ապ­­րի­­­լեան ցոյ­­ցե­­­րուն մաս­­նակցող բազ­­մութեան պատ­­կե­­­րը։

2 Հոկ­­տեմբե­­րի երե­­կոյեան կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը հասկնա­­լու հա­­մար ստի­­պուած ենք քա­­նի մը ամիս առա­­ջուայ դէպ­­քե­­­րուն յե­­տադարձ ակ­­նարկ մը սե­­ւեռել։ Ապ­­րի­­­լեան բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րով հայ ժո­­ղովուրդը Սերժ Սարգսեանին պար­­տադրած էր հրա­­ժարիլ վար­­չա­­­պետի պաշ­­տօ­­­նէն։ Այդ հրա­­ժարա­­կանէ ետք Խորհրդա­­րանի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կազ­­մող ՀՀԿ, ՀՅԴ եւ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան ստի­­պուած եղած էին Ելք դա­­շին­­քի թեկ­­նա­­­ծու Նի­­կոլ Փա­­շինեանը վար­­չա­­­պետ ընտրե­­լու։

Վար­­չա­­­պետը իբ­­րեւ առա­­ջին գործ բարձրաս­­տի­­­ճան պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու մաք­­րա­­­գործման դի­­մեց եւ ապա սկսաւ զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րու յայտնա­­բեր­­ման գոր­­ծընթաց­­քը։ Այդ ծի­­րէն ներս Հան­­րա­­­պետու­­թեան Բ. նա­­խագահ Ռո­­պէրտ Քո­­չարեան բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցաւ եւ ներ­­կա­­­յացաւ դա­­տարան։ Իսկ նախ­­կին վար­­չութեան գոր­­ծիչնե­­րը փոր­­ձե­­­ցին ամէն գնով թա­­փան­­ցել դրու­­թեան եւ կա­­րեւոր դիր­­քեր զբա­­ղեց­­նողնե­­րը կա­­շառե­­լով փրկո­­ւիլ ակնկա­­լուած պա­­տիժ­­նե­­­րէն։ Այս դրո­­ւած­­քին մէջ Փա­­շինեան վար­­չա­­­պետ էր, բայց Դաշ­­նակցու­­թեան կամ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան կու­­սակցու­­թեան ան­­դամնե­­րը կը զբա­­ղեց­­նէին նա­­խարա­­րական աթոռ­­ներ։ Կա­­րելի է ըսել, թէ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի մե­­ծամաս­­նութիւննը կը կազ­­մէին Քո­­չարեանի եւ Սարգսեանի նախ­­կին գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը։ Նա­­խորդ շա­­բաթ կա­­յացած Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետա­­կան ընտրու­­թիւննե­­րը սար­­սափ պատ­­ճա­­­ռեցին հին հա­­մակար­­գի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն։ Հայկ Մա­­ռու­­թեան նո­­ւաճած էր ձայ­­նե­­­րու 81 տո­­կոսը եւ այս առ­­թիւնքը ապա­­ցոյց էր, որ Խորհրդա­­րանի ընտրու­­թիւննե­­րուն Փա­­շինեան կրկին ան­­գամ պի­­տի յա­­ջողի ձայ­­նե­­­րու ջախ­­ջա­­­խիչ մե­­ծամաս­­նութեան տի­­րանա­­լու։

Այս պատ­­կե­­­րին դի­­մաց Ազգգա­­յին ժո­­ղովի երեք տար­­րե­­­րը ընտրու­­թեան կա­­նոն­­նե­­­րու վրայ փո­­փոխու­­թիւններ ըն­­դունող օրի­­նագի­­ծը գաղտնի ժո­­ղովով մը ըն­­դունե­­ցին։ Փա­­շինեան այս զար­­գա­­­ցու­­մը լսե­­լով ան­­գամ մը եւս դի­­մեց ժո­­ղովուրդին կա­­տարո­­ւածը մեր­­ժե­­­լու եւ այս հա­­կայե­­ղափո­­խական քայ­­լը շրջան­­ցե­­­լու հա­­մար։

Գաղտնի ժո­­ղովին ըն­­դունո­­ւած բա­­նաձե­­ւը կը նա­­խատե­­սէ կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թեան Մա­­յիսին յե­­տաձ­­գո­­­ւիլը։ Ըստ իրենց աւե­­լի կա­­նուխ ընտրու­­թիւննե­­րը ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան չեն հա­­մարո­­ւիր, քա­­նի որ նա­­խապատ­­րաստու­­թեան հա­­մար բա­­ւակա­­նին ժա­­մանակ չէ մնա­­ցած։ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան հան­­րա­­­հաւա­­քի ըն­­թացքին ստո­­րագ­­րեց այս որո­­շու­­մին կողմ քո­­ւէար­­կող նա­­խարար­­նե­­­րու պաշ­­տօ­­­նան­­կութեան փաս­­տա­­­թուղթե­­րը։ ՀՀ նա­­խագահ Ար­­մէն Սարգսեան, որ կը գտնո­­ւի ԱՄՆ ինք եւս ստո­­րագ­­րեց պաշ­­տօ­­­նան­­կութեան փաս­­տա­­­թուղթե­­րը։

Փա­­շինեան յայտնեց, թէ նա­­խագահ Սարգսեանի այս օրէն­­քը վա­­ւերաց­­նե­­­լու պա­­րագա­­յին ինք պի­­տի հրա­­ժարի։ Նա­­խագա­­հը օրէն­­քը վա­­ւերաց­­նե­­­լու հա­­մար ու­­նի 21 օր։ Վար­­չա­­­պետը գի­­շերո­­ւայ ուշ ժա­­մերուն Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղով եր­­թա­­­լով հան­­րա­­­պետա­­կան­­նե­­­րուն պար­­զեց կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւննե­­րու հա­­մար իր նոր ծրա­­գիրը։ Այդ ծրագ­­րի հա­­մաձայն վար­­չա­­­պետը Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան եւ ՀՅԴ կու­­սակցու­­թիւննե­­րէն նա­­խարար­­նե­­­րը եւ մարզպետ­­նե­­­րը պաշ­­տօ­­­նանկ ընե­­լէ ետք, ինք ալ պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նէ իր հրա­­ժարա­­կանը։ «Նա­­խարար­­նե­­­րը եւ մարզպետ­­նե­­­րը պաշ­­տօ­­­նանկ ընե­­լու որո­­շու­­մին գոր­­ծադրու­­թեան հետ ես ալ պի­­տի հրա­­ժարիմ վար­­չա­­­պետի պաշ­­տօ­­­նէն, բայց պար­­տա­­­կանու­­թիւններս պի­­տի կա­­տարեմ փո­­խանոր­­դի հան­­գա­­­ման­­քով։ Եթէ մեր ժո­­ղովուրդը կ՚ու­­զէ կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւններ պի­­տի չար­­տօ­­­նենք, որ նոր վար­­չա­­­պետ մը ընտրեն»։ Փա­­շինեանի այս ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը հիմ­­նո­­­ւած է Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովին վար­­չա­­­պետ մը չի կրնալ ընտրե­­լու պա­­րագա­­յին ինքնա­­բերա­­բար կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւննե­­րու դի­­մելու կար­­գադրու­­թեան վրայ։

Այս երե­­ւոյ­­թը ժո­­ղովուրդի աչ­­քին ան­­գամ մը եւս վար­­կազրկեց ՀՅԴ կու­­սակցու­­թիւնը։ Դաշ­­նակցա­­կան­­նե­­­րը հա­­կառակ սփիւռքի մէջ իրենց վա­­յելած ժո­­ղովրդա­­կանու­­թեան, Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ չէ կրցած գո­­յաց­­նել վստա­­հելիու­­թեան երե­­ւոյ­­թը։

Այս բո­­լորին միակ դրա­­կան զար­­գա­­­ցու­­մը եղաւ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի այ­­գիին հա­­սարա­­կու­­թեան առ­­ջեւ բա­­ցուե­­լու որո­­շու­­մը։ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան հրա­­հան­­գեց, թէ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի պար­­տէ­­­զը ամ­­բողջ օրուայ ըն­­թացքին բաց պի­­տի մնայ Հա­­յաս­­տա­­­նի ժո­­ղովուրդին հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ