Հոգեճաշ Արա Կիւլէրի համար

25Հոկտեմբեր հինգշաբթի երեկոյ Թաքսիմի «Փոինդ» հիւրանոցի մէջ հոգեճաշ մը սարքուեցաւ, նորօք հանգուցեալ Արա Կիւլէրի համար։ Հոգեճաշին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին, բացի Կիւլէրի բարեկամներէ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Վաղարշակ սարկաւագ Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմետ Միսպահ Տեմիրճան, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Կղզիներու քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, Հանրապետական կուսակցութեան Իսթանպուլի նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլու եւ բազմաթիւ ֆօթօ-լրագրողներ ու թղթակիցներ։

Հոգեճաշը սկսաւ Գերապայծառ Զէքիեանի աղօթքով եւ ապա հանրածանօթ տուտուկահար Էրթան Թեքինի նուագով։

Գերապայծառը աւելի ետք ծանօթութիւններ փոխանցեց Արա Կիւլէրի կենսագրութենէն եւ յուշեր պատմեց իր պատանութեան օրերու հանդիպումներէն։ Ապա ելոյթ ունեցան նաեւ Արա Կիւլէրի անմիջական օգնական Ֆաթիհ Ասլան, քաղաքապետներ Տեմիրճան եւ Ինէօնիւ, լրագրողներ՝ Ճոշկուն Արալ եւ Արա Գօչունեան, «Փոինդ» հիւրանոցի սեփականատէր Տուրսուն Էօզպեք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ