Անյաղթ Փիլիսոփայ Դաւիթը (Մաս Ա.)

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Երուանդ Լալաեանը մի հրա­­­շալի պատ­­­մութիւն ու­­­նի գրի առած, որ նրան պատ­­­մել էր Բոր­­­չա­­­­­­­լուի գա­­­ւառէն Այ­­­գե­­­­­­­հատ­­­ցի 90-ամեայ Օխ­­­նանց Պա­­­պը։ Այդ պատ­­­մութիւ­­­նը Դա­­­ւիթ Ան­­­յաղթի մա­­­սին է, սա­­­կայն այստեղ մենք քիչ մը ու­­­րիշ Դա­­­ւիթ Ան­­­յաղթ կը տես­­­նենք՝ ան­­­շուշտ՝ իմաս­­­տուն եւ հնա­­­րամիտ, բայց նաեւ՝ մո­­­գու­­­թիւն կի­­­րառող եւ յա­­­ճախ վրէժխնդիր լի­­­նող։

Դա­­­ւիթը Կա­­­խեթիայում կ՚ապ­­­րէր, ազ­­­նո­­­­­­­ւական ըն­­­տա­­­­­­­նիքի զա­­­ւակ մըն էր։ Պա­­­տանի հա­­­սակում կը ձգէ իր հայ­­­րե­­­­­­­նի տու­­­նը եւ կ՚եր­­­թայ Անա­­­տոլի քա­­­ղաքը՝ ու­­­սում առ­­­նե­­­­­­­լու։

Այստեղ 12 աշա­­­կերտ կը պատ­­­րաստուէին գնալ Սէյ­­­րա­­­­­­­նու քա­­­ղաքը՝ ու­­­սումը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելու հա­­­մար։ Սա­­­կայն այնպէս կը պա­­­տահի, որ տաս­­­ներկու աշա­­­կերտնե­­­րէն մի­­­նը վեր­­­ջին օրով կը հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նայ, եւ Դա­­­ւիթը նրանց կը խնդրէ այդ հի­­­ւանդ աշա­­­կեր­­­տի փո­­­խարէն նրան վերցնել իրենց հետ։

Աշա­­­կերտնե­­­րը կը հա­­­մաձայ­­­նին, եւ նրանք միասին ճամ­­­բայ կ՚ընկնեն։ Հաս­­­նե­­­­­­­լով Սէյ­­­րա­­­­­­­նու քա­­­ղաք՝ Դա­­­ւիթն ու 11 աշա­­­կերտնե­­­րը թա­­­գաւո­­­րի մօտ կ՚եր­­­թան եւ վեր­­­ջի­­­­­­­նիս հրա­­­մանով կ՚ըն­­­դունո­­­ւեն տե­­­ղի դպրո­­­ցը։

Քիչ ժա­­­մանակ անց նրանք այնքան կ՚առա­­­ջադի­­­մեն իրենց ուսման մէջ, որ կրկին կը դի­­­մեն թա­­­գաւո­­­րին եւ կը տե­­­ղափո­­­խուեն Սո­­­ղոմո­­­նի դպրոց։

Սո­­­ղոմո­­­նի դպրո­­­ցում իրենց ու­­­սուցի­­­չը մի շատ փոք­­­րիկ սե­­­նեակում կ՚ու­­­սուցա­­­նէր, այնպէս որ միայն տաս­­­ներկու հո­­­գի կը տե­­­ղաւո­­­րէր։ Ուստի ամէն ան­­­գամ հարկ էր, որ աշա­­­կերտնե­­­րէն մի­­­նը դուրս գայ սե­­­նեակէն։ Եւ քա­­­նի որ 11 աշա­­­կերտնե­­­րը մի­­­մեանց հետ շատ մտե­­­րիմ էին, ամէն ան­­­գամ Դա­­­ւիթին դուրս կ՚ընէին սե­­­նեակէն։

Բայց Դա­­­ւիթը պա­­­րապ տե­­­ղը չէր մնար եւ իր ազատ ժա­­­մանա­­­կը զուր չէր վատ­­­ներ։

Սո­­­ղոմո­­­նի դպրո­­­ցի պատշգամ­­­բում բարձր սիւն մը կար կանգնե­­­ցուած։ Այդ սիւ­­­նը 32 կողմ ու­­­նէր, որոնց վրայ գրուած էր երե­­­սուն եւ եր­­­կու հա­­­զարեան գի­­­տու­­­թիւնը։

Ամէն ան­­­գամ անմռունչ դուրս գա­­­լով սե­­­նեակէն՝ Դա­­­ւիթը կը կար­­­դար սիւ­­­նի գրո­­­ւածքնե­­­րը։

Որոշ ժա­­­մանակ անց քննու­­­թիւն կը նշա­­­նակո­­­ւի։ Դա­­­ւիթը ամէն­­­քէն լաւ կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ հար­­­ցե­­­­­­­րուն եւ միւս աշա­­­կերտնե­­­րու վրայ խալ­­­ֆա կը կար­­­գո­­­­­­­ւի՝ նրանց սո­­­վորեց­­­նե­­­­­­­լու։

Շատ չան­­­ցած Դա­­­ւիթը իր աշա­­­կերտնե­­­րին կը պա­­­տուի­­­րէ, որ այ­­­սուհետ ամէն տեղ ասեն, թէ ան­­­յաղթ է մեր Դա­­­ւիթ փի­­­լիսո­­­փան։

Այս մա­­­սին կը լսեն տե­­­ղացի եր­­­կու անո­­­ւանի փի­­­լիսո­­­փայ եւ իրենց զար­­­մանքը կը յայտնեն թա­­­գու­­­հուն, թէ այդ ինչպէս է, որ Անա­­­տոլիայէն եկած փի­­­լիսո­­­փան ան­­­յաղթ կը կո­­­չուի, մինչդեռ իրենք՝ լոկ փի­­­լիսո­­­փայ։

Թա­­­գու­­­հին, որ յայտնի էր իր իմաստնու­­­թեամբ, կը յայտնէ, թէ ինքն ան­­­ձամբ կը քննէ Դաւ­­­թի գի­­­տու­­­թիւնը։

Հե­­­տեւեալ կի­­­րակի օրը թա­­­գու­­­հին ճա­­­շի կը հրա­­­ւիրէ Դաւ­­­թին, նրա ու­­­սուցչին եւ 11 աշա­­­կերտնե­­­րին ու եր­­­կու բո­­­ղոքող փի­­­լիսո­­­փանե­­­րին։

Եր­­­կու փի­­­լիսո­­­փանե­­­րը կը հարցնեն 12 աշա­­­կերտնե­­­րէն, թէ ար­­­դեօք նրանք բան մը սո­­­վորել են։ Աշա­­­կերտնե­­­րը կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նին, թէ՝ այո՛, քիչ մը բան գի­­­տեն։ «Ապա, մի մի բան գրե­­­ցէ՛ք», - կ՚առա­­­ջար­­­կեն փի­­­լիսո­­­փանե­­­րը։

11 աշա­­­կերտնե­­­րը կը սկսին ինչ-որ բա­­­ներ գրել, իսկ Դա­­­ւիթը թղթի վրայ շրջա­­­նակ մը կը գծէ եւ կու տայ թա­­­գու­­­հուն։ Թա­­­գու­­­հին կը նա­­­յէ եւ կը բա­­­ցական­­­չէ. «Յի­­­րաւի Ան­­­յաղթ է Դա­­­ւիթ փի­­­լիսո­­­փան»։

Դաւ­­­թի գնա­­­լուց յե­­­տոյ 2 փի­­­լիսո­­­փանե­­­րը սրտնե­­­ղած կը հարցնեն թա­­­գու­­­հուն, թէ այդ ինչ է գրել Դա­­­ւիթը, որ թա­­­գու­­­հին նրան ան­­­յաղթ հռչա­­­կեց։

Թա­­­գու­­­հին կը պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէ, թէ նա ան­­­յաղթ է, որով­­­հե­­­­­­­տեւ շրջա­­­նակ մը գծե­­­լով, նա ձեր ան­­­միտ առա­­­ջար­­­կին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց, թէ աշ­­­խարհի ո՞ր բա­­­նի մա­­­սին կը կա­­­միք որ գրեմ։

Փի­­­լիսո­­­փանե­­­րը վշտա­­­ցած կը հե­­­ռանան...

(շարունակելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ