Մեկնարկած է մեծ վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը

2019 թո­ւակա­նը հա­յաշ­խարհի հա­մար յա­տուկ նշա­նակու­թիւն ու­նի, իբ­րեւ մեծն Կո­միտա­սի եւ ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի ծննդեան 150-ամեակը։

Այս ծի­րէն ներս ար­դէն իսկ նա­խատե­սուած է եւ ծրագ­րա­ւոր­ման հանգրո­ւանին է տար­բեր բնոյ­թի զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ։ Անոնցմէ առա­ջինը տե­ղի ու­նե­ցաւ Աթէն­քի մէջ պոլ­սա­հայ երգչու­հի Քա­րին Քիւ­չիւքօղ­լո­ւի յու­նաստա­նեան հա­մեր­գով։

Հա­յաս­տա­նի մէջ աշ­խարհի ամե­նապա­տուա­բեր եր­գե­ցիկ խումբե­րու շար­քին դա­սուած պե­տական ակա­դէմիկ «Աքա­բել­լա» երգչա­խումբը հա­մեր­գով մը բա­ցու­մը կա­տարեց յո­բելեանի մի­ջոցա­ռումնե­րուն։

Խմբա­վար Յով­հաննէս Չե­քիճեանի մա­կանին ներ­քեւ երգչա­խումբը կա­տարած է մեծ վար­դա­պետի բազ­մա­թիւ գոր­ծե­րը եւ թո­ղար­կած բազ­մա­թիւ ձայ­նապնակ­ներ։

Արամ Խա­չատ­րեան հա­մեր­գասրա­հի մէջ կա­յացող այս եզա­կի հա­մեր­գին ներ­կայ էր նաեւ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան եւ իր կո­ղակի­ցը՝ տի­կին Ան­նա Յա­կոբեան։

Վար­չա­պետ Փա­շինեան հա­մեր­գէն ետք յայտնեց իր դառ­նութիւ­նը հա­մեր­գասրա­հին կի­սով դա­տարկ ըլ­լա­լուն մա­սին։ Վար­չա­պետը այս երե­ւոյ­թը մեկ­նա­բանեց մա­տու­ցո­ւած երաժշտու­թեան մա­կար­դա­կին ոմանց վրայ ճնշող դեր մը ու­նե­ցած ըլ­լա­լով։

Ազ­դակնե­րը ինչ որ ալ ըլ­լան ան­շուշտ, որ հիաս­թա­փեց­նող է այս աս­տի­ճանի կա­րեւոր մի­ջոցա­ռու­մին իր ար­ժա­նի ու­շադրու­թեան չտիրանալու երեւոյթը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ