«Առձեռն բառարան»ը վերահրատարակուած

Թրքա­հայ Ու­սուցչաց Հիմ­նարկը վերհրա­­տարա­­կեց Մխի­­թարեան Միաբա­­նու­­թեան վաս­­տա­­­կաւոր ու­­սուցիչ­­նե­­­րէն Հայր Արիս­­տա­­­կէս Վար­­դա­­­պետ Պօհ­­ճա­­­լեանի «Առ­­ձեռն բա­­ռարան»ը։

Հայր Արիս­­տա­­­կէս Պօհ­­ճա­­­լեան այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը առա­­ջին ան­­գամ հրա­­տարա­­կած էր 1975-ին Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան հիմ­նա­դիր Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիի ծննդեան 300-ամեակին առ­թիւ։

Պօհ­ճա­լեան նման հրա­տարա­կու­թեան մը կա­րիքը նկա­տած էր, երբ կ՚աշ­խա­տակ­ցէր Հայր Հմա­յեակ Համ­բա­րեանի մե­ծածա­ւալ եւ ար­ժէ­քաւոր հա­յերէ­նէ հա­յերէն բա­ռարա­նին։ Այն ատեն մտադ­րած էր աշա­կերտնե­րու հա­մար աւե­լի գոր­ծա­ծական առ­ձեռն բա­ռարա­նի մը, որ մօտ 45 տա­րի է կը ծա­ռայէ պոլ­սա­հայ դպրո­ցական­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ