Սրբապղծութեան հերթական օրինակը Պաթմանէն

Թուրքիոյ ամե­­­­նատա­­­­րածուն չա­­­­րագոր­­­­ծութիւննե­­­­րէն մէկն է գե­­­­րեզ­­­­մաննե­­­­րու կո­­­­ղոպու­­­­տը։ Ան­­­­ցեալին յա­­­­ճախ անդրա­­­­դար­­­­ձած ենք երկրի այս կամ այն ան­­­­կիւնը, իբ­­­­րեւ թէ հա­­­­յերու կող­­­­մէ թա­­­­ղուած գան­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­րը գտնե­­­­լու հա­­­­մար կա­­­­տարո­­­­ւած սրբապղծու­­­­թեան զա­­­­նազան օրի­­­­նակ­­­­ներու։ Նոյ­­­­նիսկ պե­­­­տական պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեաներ ներ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­շուած են այդ չա­­­­րագոր­­­­ծութեան եւ հետզհե­­­­տէ գո­­­­յացած է գան­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­խոյ­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­րու կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւններ։ Այդ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւննե­­­­րը նոյ­­­­նիսկ կը յանդգնին իրենց գոր­­­­ծի նրբու­­­­թիւննե­­­­րը ծա­­­­նօթաց­­­­նող պար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րական­­­­ներ հրա­­­­տարա­­­­կելու։ Այս շա­­­­բաթա­­­­վեր­­­­ջին եր­­­­կու ան­­­­ջատ դէպ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու բեր­­­­մամբ նիւ­­­­թը ան­­­­գամ մը եւս այժմէակա­­­­նու­­­­թիւն ստա­­­­ցաւ։ Նախ Տիար­­­­պէ­­­­­­­­­­­­­­­քիրի Սիլ­­­­վան գա­­­­ւառի մէջ գան­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­խոյզներ փոր­­­­ձե­­­­­­­­­­­­­­­ցին շէն­­­­քի մը մէջ թա­­­­ղուած գանձ փնտռե­­­­լու։ Երբ տեղ­­­­ւոյն բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը այս մա­­­­սին բո­­­­ղոք յայտնե­­­­ցին ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թեան, շու­­­­տով յայտնի դար­­­­ձաւ թէ այդ նոյն ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­դէն իրենք եւս մի­­­­ջամուխ եղած են կա­­­­տարո­­­­ւած կո­­­­ղոպու­­­­տին եւ ոս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­կանա­­­­կան ինքնա­­­­շարժներ ղրկե­­­­լով փոր­­­­ձած են ստեղ­­­­ծել այն տպա­­­­ւորու­­­­թիւնը, թէ կա­­­­տարո­­­­ւած պե­­­­ղումնե­­­­րը պե­­­­տու­­­­թեան հսկո­­­­ղու­­­­թեան տակ են։

Միւս կող­­­­մէ 3 Փետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւարին Պաթ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նի մեր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կայ Չի­­­­ներա գիւ­­­­ղի մէջ եւս պա­­­­տահե­­­­ցաւ խիստ ան­­­­մարդկա­­­­յին կո­­­­ղոպու­­­­տի փորձ մը։ Գիւ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­ցիներ շու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­չոցէն անդրա­­­­դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով գա­­­­ցին մօ­­­­տակայ գե­­­­րեզ­­­­ման ու տե­­­­սան թէ բա­­­­ցուած է շի­­­­րիմ մը, ուր 15 տա­­­­րի առաջ թա­­­­ղուած էր երի­­­­տասար­­­­դուհի մը՝ Սա­­­­րա Կիր։ Սա­­­­րա էզ­­­­տի մըն էր եւ մա­­­­հացած էր Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիոյ մէջ եւ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը անոր դին փո­­­­խադ­­­­րած էին իրենց գիւ­­­­ղը, իրենց կրօ­­­­նական աւան­­­­դոյթնե­­­­րով հո­­­­ղին յանձնե­­­­լու հա­­­­մար։

Չի­­­­ներա գիւ­­­­ղի բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն Ճեն­­­­կիզ Քըյ սար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փով կը պատ­­­­մէ պա­­­­տահա­­­­ծը, ըսե­­­­լով թէ այս դէպ­­­­քը, որ առա­­­­ջին հեր­­­­թին ատե­­­­լու­­­­թիւն կը յի­­­­շեց­­­­նէ, իրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ գան­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­խոյզնե­­­­րու ագա­­­­հու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ու­­­­րիշ նշա­­­­նակու­­­­թիւն մը չու­­­­նի։ «Մեր մահ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­տական հա­­­­րեւան­­­­ներն ալ խիստ ան­­­­հանգիստ են կա­­­­տարո­­­­ւածէն։ Ի՞նչ ու­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­ցին այդ աղջկան շի­­­­րիմէն։ Պէտք է գիտ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յին, որ էզտինե­­­­րը իրենց ննջե­­­­ցեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը զար­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ղէնով, գո­­­­հարե­­­­ղէնով թա­­­­ղելու նի­­­­ման սո­­­­վորոյթ մը չեն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած»։

Չի­­­­ներա Ռա­­­­ման լե­­­­րան ստո­­­­րոտին պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան գիւղ մըն է, որուն բնա­­­­կիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ան­­­­ցեալին բո­­­­լորո­­­­վին էզ­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ներ եղած են։ Պաթման 1980-ական տա­­­­րեթիւերուն աւե­­­­լի քան 10 հա­­­­զար էզ­­­­տի բնա­­­­կիչ­­­­ներ ու­­­­նէր։ Անոնք ձանձրա­­­­նալով իրենց դէմ կա­­­­տարո­­­­ւած հա­­­­լածան­­­­քէն, գաղ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­ցին դէ­­­­պի եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական եր­­­­կիրներ։ Այ­­­­սօր հա­­­­զիւ մէկ կամ եր­­­­կու էզ­­­­տի ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք կը բնա­­­­կին Չի­­­­ներա­­­­յի մէջ։ Տեղ­­­­ւոյն օրի­­­­նապահ մար­­­­միննե­­­­րը այժմ կ՚աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տին այս սրբապղծու­­­­թիւնը իրա­­­­կանաց­­­­նողնե­­­­րուն ինքնու­­­­թիւնը պարզելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ