Սանասարեան կը շարունակէ առեղծուած մնալ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հայ համայնքի յափշտակուած կալուածներուն մէջ կարեւորագոյններէն մէկն է Սանասարեան խանը, որ անցեալին բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի կողմէ գնուած էր Սանասարեան դպրոցի եկամուտ ապահովելու նպատակաւ։ Ինչպէս ծանօթ է Կարնոյ Սանասարեան Դպրոցը աւելի ետք վերածուեցաւ Պոլսոյ Կեդրոնականի եւ խանի եկամուտն ալ ինքնաբերաբար փոխանցուած եղաւ մեր այս ազգային հաստատութեան։ Սակայն օրուայ կառավարութիւնը ապօրէն կանոնադրութիւններով յափշտակեց այդ կալուածը եւ երկար տարիներ օգտագործեց քաղբանտարկեալներու տանջանքին համար։ Խանը իր այս գործադրութեամբ նիւթ դարձաւ նաեւ զանազան գրական գործերու։ Միջոցէ մը ի վեր Պատրիարքարանը իրաւական գետնի վրայ կը պայքարի խանի սեփականութեան վերատիրանալու համար։ Վճռաբեկ ատեանի իրաւաբանական առաջին բաժինը 2017-ին որոշած էր քննել Պատրիարքարանի Սանասարեան խանի վրայ իրաւունք պահանջող դատական գործողութիւնը։ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը առարկած էր այս որոշումին դէմ, պնդելով որ Պատրիարքարանը դատ բանալու իրաւասութիւն չունի։ Նաեւ պնդուած էր, որ Սանասարեան խանի վարչութիւնը փոխանցուած է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Սակայն դատարանը մերժած էր այս առարկութիւնը, ի նպաստ Պատրիարքարանին։ Այս բոլորով հանդերձ Վճռաբեկ ատեանը իր վերջին որոշումով կասեցուց Սանասարեան խանի հայ համայնքին վերադարձուելու հաւանականութիւնը եւ հիմա Պատրիարքարանին առջեւ, իբրեւ օրինական միջոց կը մնայ Սահմանադրական ատեան դիմել։

Իբրեւ պատմական տեղեկութիւն նշենք, որ խանը կառուցուած էր 1895 թուականին ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի ձեռքով։ Բարերար Մկրտիչ Սանասարեան խանը գնեց 1899-ին, եկամուտը կարիքաւոր աշակերտներուն յատկացնելու նպատակով։ Այս գործընթացը իրականացնելու համար հիմնուեցաւ բարեխնամ հաստատութիւն մը։ Խանը Ա. Աշխարհամարտի տեւողութեամբ օգտագործուեցաւ պետութեան կողմէ։ 1920-ին անոր վարչութիւնը փոխանցուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին եւ եկամուտն ալ Կեդրոնական վարժարանին։ 1928-ին Իսթանպուլի կուսակալութիւնը նախ ձեռք դրաւ խանի եկամուտներուն։ Կուսակալութեան այս քայլին դիմաց այդ օրուայ պատրիարք Նարոյեան սրբազան դատ բացաւ կուսակալութեան դէմ եւ դատը շահեցաւ։ Սակայն կուսակալութիւնը 1937-ին կրկին անգամ յափշտակեց հայապատկան այս կալուածը։ 1944-ին շէնքը վերածուեցաւ ոստիկանատունի։ Հոն տանչանքներու ենթարկուեցան Նազըմ Հիքմեթ, Էճէ Այհան, Ալփասլան Թիւրքեշ, Նիհալ Ատսըզ, Ազիզ Նեսին, Հայկ Աչըքկէօզ եւ դեռ բազմաթիւ քաղբանտարկեալներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ