Քրիստին Սալերիի անուան գեղանկարչական մրցում

Հետզհետէ հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած միջվարժարանային գեղանկարչութեան մրցումը։ Այս տարի մրցումը կը կայանայ 23 Մարտ շաբաթ օր Փանկաթը Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Երեք աստիճանակարգի մէջ սահմանուած մրցումին մէջ մինչեւ չորրորդ դասարանի աշակերտները առաջին խումբը, իսկ հինգերորդէն ութերորդ դասարանի աշակերտները երկրորդ խումբը կը կազմեն եւ մրցումին կը մասնակցին երկուական նկարներով։ Երկրորդական վարժարաններու սաները կրնան մասնակցիլ երեքական գործով։

Ազատ ոճով պատրաստուած նկարները պիտի գնահատուին նկարիչներ Արդին Տեմիրճի, Իտա Գահրաման, Ժպիտ Պէրպէրեանի, արուեստաբան Մայտա Սարիսի եւ Ռեհան Սալերի Սարըպայի կողմէ։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 Մայիս շաբաթ օր նոյն դպրոցի սրահին մէջ։

Առաջնութեան մրցանակը նուաճողները պիտի ստանան 1,500, երկրորդները 1,000 եւ երրորդներն ալ 750 ԹԼ պարգեւ։ Այս տարի առաջին անգամ գնահատանքի արժանի գործերուն համար ալ նախատեսուած է 250 ԹԼ.-ի պարգեւատուութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ