37 մահավճիռներ գործադրուեցան Սուտի Արաբիոյ մէջ

Միջազգային Ներման Կազմակերպութեան (ՄՆԿ) Միջին արեւելեան հետազօտութիւններու բաժնի վարիչ Լին Ալուֆ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Սուտի Արաբիոյ մէջ գործադրուած մահապատիժներու մասին։ Սուտի Արաբիոյ մէջ վերջերս մահավճիռները գործադրուեցան 37 բանտարկեալներու՝ որոնք Սուտական իշխանութեան կողմէ կը մեղադրուէին ահաբեկչութեամբ։ Իսկ մեղադրանքին յենակէտն էր անոնց մասնակցած բողոքի ցոյցերը։ Մահապատժի դատապարտուող եւ սպաննուողներու մեծամասնութիւնը կը կազմէին շիաներ։ Անոնց հետ միասին մահավճիռ գործադրուեցաւ 11 իրանցիներու դէմ, որոնք մեղադրուած էին լրտեսութեամբ։

Նշենք որ սպաննուածներուն մէջ կան մեղադրութեան թուականին անչափահաս համարուողներ, որոնք եւս զոհը դարձան շերիաթական օրէնքի կանոններուն։ ՄՆԿ կը յայտնէ թէ մահապատժի ենթարկուածներու ընտանիքները նախապէս տեղեակ չեն եղած վճիռի գործադրութենէն։ Այս տարի Սուտի Արաբիոյ մէջ մահավճիռի գործադրութեամբ մահացողներու թիւը արդէն հասած է 104-ի, որոնցմէ 44-ը ուրիշ երկիրներու քաղաքացիներ են։ Իսկ 2018-ին Սուտի Արաբիոյ մէջ 149 հոգի մահուան դատապարտուած եւ սպաննուած են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ