Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմուած

Ինչպէս նա­խապէս յայ­տա­րարո­ւած էր, 17 Յու­լի­սի երե­կոյեան ժա­մերուն Պատ­րիար­քա­րանի մէջ գու­մա­րուած ժո­ղովով մը կազ­մո­ւեցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընտրու­թեան Նա­խաձեռ­նարկ մար­մի­նը։ Այս մա­սին Պատ­րիար­քա­րանէն փո­խան­ցո­ւած 17 Յու­լիս 2019 թո­ւակիր եւ 11839 հա­մարով պաշ­տօ­նական զե­կոյ­ցէն վե­րահա­սու կը դառ­նանք թէ նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւած են պատ­կա­ռելի կրօ­նական ժո­ղովի ան­դամնե­րուն առըն­թեր հա­մայնքա­յին եւ թա­ղային մար­միննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը եւս։

Նիս­տին նա­խագա­հած է Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Արք. Մաշալեան։ Հեր­ման Պա­լեանի ատե­նապե­տու­թեամբ, Հրանդ Մոս­կո­ֆեանի ատե­նադպրու­թեամբ, Նա­զարէթ Էօզ­սա­հակեանի եւ Կա­րօ Պաղ­տա­տի քո­ւէախոյ­զութեամբ կազ­մո­ւած է դի­ւանը։

Ներ­կա­ներու առա­ջար­կով կազ­մո­ւած թեկ­նա­ծու­նե­րու անո­ւանա­ցան­կին վրա­յէն գաղտնի քո­ւէար­կութեամբ եւ քո­ւէնե­րու առա­ւելու­թեամբ Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի ան­դամներ ընտրո­ւած են՝ Սար­վէն Սէրթշիմ­շէք (35 քո­ւէ), Սա­րօ Պէնկլեան (33 քո­ւէ), Սար­գիս Չա­վու­շեան (32 քո­ւէ), Խոս­րով Քէօլէ­դաւի­թօղ­լու (31 քո­ւէ), Մի­նաս Աս­լան (31 քո­ւէ), Արէտ Քօ­րեան (31 քո­ւէ), Թա­մար Քա­րասու (30 քո­ւէ), Նա­զարէթ Էօզ­սա­հակեան (28 քո­ւէ), Լե­նա Ենիեօր­կան (28 քո­ւէ), Գրի­գոր Տէօշէ­մէճեան (27 քո­ւէ), Սեդ­րակ Տա­վութհան (26 քո­ւէ), Սե­լինա Տօ­ղան (26 քո­ւէ), Սե­ւան Սվա­ճըօղ­լու (25 քո­ւէ), Կար­պիս Տու­րասլան (24 քո­ւէ), Վա­լիա Հէ­ճինօղ­լու (20 քո­ւէ)։ Իսկ պա­հես­տի ան­դամներ մնա­ցին՝ Ղու­կաս Ար­զուման (20 քո­ւէ), Կար­պիս Պալ­մումճու (16 քո­ւէ) եւ Գէորգ Էր­քան (15 քո­ւէ)։ Այս կազ­մին վրայ աւել­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի կող­մէ ներ­կա­յացո­ւած Արժ. Տ. Կո­րիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Արժ. Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։

Այստեղ ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տենք թէ Պատ­րիար­քա­կան շրջա­նակ­նե­րը դի­տումնա­ւոր կեր­պով զանց կ՚առ­նեն, բո­լոր այն հա­մայնքա­յին գոր­ծիչնե­րը որոնք ան­ցեալ տա­սը տա­րինե­րու ըն­թացքին լուրջ աշ­խա­տանք ծա­ւալած են պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան իրա­կանաց­ման հա­մար։ Անոնք բա­զում ան­գամներ ժո­ղով­նե­րով հա­սարա­կու­թիւնը զգոն պա­հած են ան­ցուդարձնե­րու մա­սին միշտ օրա­կար­գի վրայ պա­հելով խնդրի այժմէակա­նու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ