Յարատեւութեան մաղթանքներով

Ամբողջ ութը տասնամեակներ շարունակ Պոլսոյ հայութեան կարեւորագոյն լրատուամիջոցը հանդիսացաւ Սուրէն Շամլեանի հիմնած «Մարմարա» օրաթերթը։ Այս 80 տարիներու մէջ երկար տասնամեակներ թերթին հրատարակութեան վրայ իր դրոշմը դրաւ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։ Իր շնորհիւ թերթը ունեցաւ գրական շատ յատուկ երանգ մը։ Անշուշտ այս պահուն կ՚արժէ յիշել նաեւ փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեանին շատ կարեւոր ներդրումը։ Արդարեւ Պիւյիւքյակոբեան Հատտէճեանի երկարատեւ խմբագրապետութեան տարիներուն հանդիսացաւ իր գլխաւոր օգնականը։

«Մարմարա» աւանդութեան մը խորհրդանշանն է Պոլսոյ մէջ, որ վառ կը պահէ հայատառ մամուլի խիստ կարեւոր գոյութիւնը։ Այս առթիւ «Ակօս» իր բարեմաղթութիւնները կը յղէ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի անձին մէջ թերթի ամբողջ անձնակազմին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ