Մահ՝ Կարպիս Ե. Մուրատեանի

95տա­րեկան հա­սակին մա­հացած է պոլ­սա­հայ մա­մու­լի բազ­մա­մեայ գոր­ծիչ Կար­պիս Ե. Մու­րա­տեան։ Ան ծնած էր 1924 թո­ւակա­նին Պո­լիս։ Ու­սա­նած էր Արամեան- Ունճեան վար­ժա­րանը եւ ապա ֆրան­սա­կան երկրոր­դա­կան դպրո­ցը։ Յա­ճախած էր Փա­րիզի հա­մաշ­խարհա­յին դպրո­ցի հա­ղոր­դակցու­թեան բա­ժինը։ Պոլ­սա­հայ թեր­թե­րու՝ «Ժա­մանակ» եւ «Մար­մա­րա»ի մէջ ստո­րագ­րած էր բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ «Իրի­կուան Տոմ­սեր» եւ «Ակ­նարկներ» խո­րագիր­նե­րով։ Իր յօ­դուած­նե­րէն կազ­մո­ւած երկու ընտրա­նի լոյս տե­սան «Ակնարկներ» եւ «Ու­թե­րորդ գիւ­ղը» խորագիրներով։

Կար­պիս Ե. Մու­րա­տեանի առող­ջութիւ­նը հետզհե­տէ խան­գա­րուած էր վեր­ջին տա­րինե­րուն, ուր կը դժո­ւարա­նար իր գրու­թիւննե­րը խմբագ­րե­լու։

Իր մա­հով պոլ­սա­հայ մա­մու­լի աշ­խարհը կորսնցու­ցած կ՚ըլ­լայ բե­ղուն գրիչ մը, որ կա­րեւոր նպաստ բե­րած էր քա­ղաքի բազ­մա­թիւ թեր­թե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ