Կանոնագիրը ճար չեղաւ

Հիասթափեցնող կանոնագիր

23 Սեպտեմբերի երեկոյեան վերջապէս հասաւ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան թե­լադ­րած կա­նոնա­գիրը։ Թէ տե­ղապա­հը եւ թէ Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նը պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը առաջ տա­նելու հա­մար կը սպա­սէին սոյն կա­նոնա­գիրը։ Սա­կայն եկած կա­նոնա­գիրը իր հետ բերաւ նաեւ նոր տա­րակար­ծութիւններ, քա­նի որ ան կը փոր­ձէր մի­ջամ­տել ընտրու­թեան աւան­դա­կան կա­նոն­նե­րուն։ Նա­խարա­րու­թեան ղրկած կա­նոնա­գիրը կը թե­լադ­րէր պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան հա­մար թեկ­նա­ծու­թիւնը սահ­մա­նափա­կել միայն Թուրքիոյ մէջ գոր­ծող եպիս­կո­պոս­նե­րով։ Պայ­ման մը, որ նա­խապէս խնդրոյ առար­կայ չէր եղած եւ ամ­բողջու­թեամբ կը հա­կասէր մեր եկե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րուն։ Հա­մայնքա­յին կարգ մը շրջա­նակ­ներ ար­դէն կը սպա­սէին նման մեր­ձե­ցում մը, քա­նի որ հա­մայնքէ ներս կարգ մը շրջա­նակ­ներ ար­դէն իսկ իրենց յոյ­սը կա­պած էին նման սահ­մա­նափա­կու­մի մը։ Կա­տարո­ւածին դէմ առա­ջին դժգո­հու­թիւն բարձրաց­նո­ղը եղաւ Կրօ­նական Ժո­ղովի ատե­նապետ Արամ արք. Աթէ­շեան, յայտնե­լով թէ նման սահ­մա­նափա­կու­մը ստուեր պի­տի ածէ ընտրու­թեան ար­դա­րու­թեան վրայ։

Իս­կոյն այս մտա­հոգու­թեան ձայ­նակցե­ցաւ նաեւ տե­ղապահ Սա­հակ եպսկ. Մա­շալեան եւ այս զար­գա­ցումներէն ետք հա­մայնքայինու­շադրու­թիւնը ուղղուեցաւ դէ­պի Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի ար­տա­կարգ ժո­ղովին։ Այս հանգրո­ւանին իս­կա­պէս ալ կա­րեւոր է Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնին դիր­քո­րոշու­մը։ Մար­մի­նը կրնայ առար­կել կա­տարո­ւածին դէմ եւ նաեւ կրնայ հա­մակեր­պիլ պար­զո­ւած պար­տադրան­քին։

Այս մա­սին ընդհա­նուր հա­կու­մը կ՚ուղղո­ւի պար­տադրան­քը մեր­ժե­լու ուղղու­թեամբ։ Արդարեւ երեկոյեան ուշ ժամերուն ժողովը աւարտեցաւ առանց յայտարարութեան։

Բա­րեփո­խումներ

Մինչ այդ կա­տարո­ւած կարգ մը փո­փոխու­թիւննե­րը դժգո­հու­թիւն չեն յա­ռաջա­ցու­ցած, քա­նի որ մնա­ցած են որոշ տրա­մաբա­նու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ։ Օրի­նակի հա­մար նոր կա­նոնագ­րութիւ­նով առիթ ըն­ձե­ռուած է երի­տասարդնե­րու, որ­պէս պատ­գա­մաւոր թեկ­նա­ծու ըլ­լա­լուն առ­ջեւ։ Նա­խապէս պատ­գա­մաւո­րութեան թեկ­նա­ծու ըլ­լա­լու հա­մար կը պա­հան­ջուէր 30 տա­րեկա­նը լրա­ցու­ցած ըլ­լա­լու պայ­մա­նը, ինչ որ հի­մա թէ քո­ւէար­կե­լու եւ թէ թեկ­նա­ծու ներ­կա­յանա­լու հա­մար տա­րիքի սահ­մա­նը զեղ­չո­ւած է 18-ի, այնպէս ինչպէս որ կը կա­տարո­ւի երկրի կա­ռավա­րու­թիւնը ընտրե­լու գոր­ծընթա­ցին մէջ։

Նոր կա­նոնագ­րութիւ­նը կը բարձրաց­նէ նաեւ պատ­գա­մաւոր­նե­րու թի­ւը, որ դար­ձեալ առանց վա­րանու­մի ըն­դունե­լի կը դա­տուի բո­լորին կող­մէ։

Սա­կայն թեկ­նա­ծու­թեան առ­ջեւ նոր սահ­մա­նափա­կումներ պար­տադրող կա­նոնա­գիրը կը կա­րօտի սրբագ­րութեան։

Պատ­գա­մաւոր­նե­րու թի­ւը բարձրա­ցած

Տա­րակար­ծութեան նիւթ մըն ալ կրնար դառ­նալ պատ­գա­մաւոր­նե­րու թի­ւը։ Նա­խապէս աւե­լի մեծ թի­ւով պատ­գա­մաւոր­նե­րով ներ­կա­յացող կարգ մը թա­ղեր, այս ան­գամ կ՚ապ­րին որոշ կրճա­տում։ Միւս կող­մէ ընդհա­նուր պատ­գա­մաւոր­նե­րու թի­ւը զգա­լիօրէն բարձրա­ցած է եւ հա­սած 120-ի։ Անոնցմէ 22 կը պատ­կա­նի ամե­նաշատ բնակ­չութիւն ու­նե­ցող Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ։ Որ­պէս բազ­մութիւն բնակ­չութիւն ու­նե­ցող թաղ երկրորդ կար­գի վրայ է Պա­քըր­գիւղը 14 պատ­գա­մաւոր­նե­րով։ Եշիւլգիւղցի­ներ 10, գա­տըգիւղցի­ներ 7, սա­մաթիացի­ներ 6, Մայր եկե­ղեց­ւոյ, Օր­թա­գիւ­ղի եւ Գնա­լը Կղզիի թա­ղեցի­ներն ալ 3 պատ­գա­մաւոր­նե­րով պի­տի ներ­կա­յաց­նեն իրենց կամ­քը։ Սկիւ­տա­րի Սուրբ Կա­րապետ, Սուրբ Խաչ եւ Պէ­յօղ­լուի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեցի­ները պի­տի ընտրեն 2-ական պատ­գա­մաւոր։ Մնա­ցեալ բո­լոր եկե­ղեցի­ները կ՚ու­նե­նան մէ­կական պատ­գա­մաւոր, որոնց վրայ կու գայ աւել­նա­լու հո­գեւո­րական 17 պատ­գա­մաւոր­ներ եւ այսպէ­սով ընդհա­նուր թի­ւը կը հաս­նի 120-ի։

Ան­շուշտ որ եր­կու հանգրո­ւանով կա­յացող ընտրու­թիւնն ալ բա­ւակա­նին դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռող երե­ւոյթ է, քա­նի որ մար­դիկ չեն ու­զեր իրենց ձայ­նը վստա­հիլ պատ­գա­մաւոր­նե­րու եւ կը նա­խընտրեն ուղղա­կի իրենք ընտրել պատ­րիարք։

Հա­կազ­դե­ցու­թիւններ

Ինչպէս պի­տի ակնկա­լուէր նա­խարա­րու­թեան ընտրու­թեան դէմ մի­ջամ­տութիւ­նը տե­ղի տո­ւած է բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու։ Սա­կայն այս բո­լորը կը հան­դի­պի այնպի­սի ժա­մանա­կի մը, ուր պոլ­սա­հայ հա­մայնքը ար­դէն իսկ կորսնցու­ցած է միաս­նա­կան կամք մը դրսե­ւորե­լու կա­րողու­թիւնը։ Երե­ւոյթ մը՝ որու մա­սին ար­դէն որոշ զգու­շացման նմոյշներ կա­յին Արամ արք. Աթէ­շեանի ընդվզման մէջ։ Ար­դա­րեւ Աթէ­շեան սրբա­զան կը յայտնէր, թէ նման որո­շու­մի մը ետին կայ կարգ մը տխուր շրջա­նակ­նե­րու ջան­քե­րը։ Գաղտնիք չէ թէ, այստեղ նշո­ւած այդ շրջա­նակ­նե­րը իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­նան նաեւ զա­նազան կազ­մե­րէ ներս։ Որ­պէս «Ակօս» փոր­ձե­ցինք կար­ծի­քը շօ­շափել զա­նազան շրջա­նակ­նե­րուն եւ մեր քա­ղած տպա­ւորու­թիւննե­րով յայտնի դար­ձաւ տա­րածուն դժգո­հութեան մը առ­կա­յու­թիւնը։ Հա­մայնքա­յին բազ­մա­թիւ շրջա­նակ­ներ անըն­դունե­լի կը գտնեն յա­ռաջ բե­րուած սահ­մա­նափա­կու­մը եւ կ՚առա­ջար­կեն շու­տա­փոյթ առար­կութիւն։

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան նիւ­թը փո­խան­ցած է խորհրդա­րան եւ հար­ցումով մը դի­մած է Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րին։ Ան այսպէս կը հարցնէ թէ ի՞նչ հե­ռան­կա­րով կա­րիքը զգա­ցուած է նման սահ­մա­նափա­կու­մի մը, քա­նի որ այդ սահ­մա­նափա­կու­մը մա­նաւանդ ապա­գայի հա­մար կը սպառ­նայ պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը ան­կա­րելի դարձնե­լու հա­ւանա­կանու­թեան։

Փայ­լան մա­նաւանդ կը շեշ­տադրէ հո­գեւոր ճե­մարա­նի մը բա­ցակա­յու­թիւնը եւ ապա կը հարցնէ, թէ այս պայ­մաննե­րու տակ ո՞ւր պի­տի ու­սա­նին Պոլ­սա­հայ հո­գեւո­րական­նե­րը, որ­պէսզի կա­րողա­նան ապա­գային ստանձնել պատ­րիար­քի պաշ­տօ­նը։ Նշենք թէ այս նոյն մտա­հոգու­թեան կը հան­դի­պինք նաեւ Արամ եւ Սա­հակ սրբա­զան­նե­րու առար­կութիւննե­րուն մէջ եւս։ Բա­ցի այդ ան­ցեալին այս նիւ­թով բա­ւակա­նին միտք մա­շեցու­ցած շրջա­նակ­ներ ալ կը բաժ­նեն նման կար­ծիքներ։

Այսպէս Մտքի հար­թակ շար­ժումը եւս ելոյթ ու­նե­ցած եւ ըսած է թէ անհրա­ժեշ­տութիւն է կա­տարո­ւած սխա­լի շու­տա­փոյթ սրբագ­րութիւ­նը։

Ընդվզում յայտնած է նաեւ նա­խապէս պատ­րիար­քա­կան տե­ղապահ ընտրո­ւած Գա­րեգին արք. Պէք­ճեան, դի­տել տա­լով թէ այս որո­շու­մով վտան­գո­ւած կ՚ըլ­լայ ո՛չ միայն ներ­կայ ընտրու­թեան օրի­նակա­նու­թիւնը, այլ նաեւ ապա­գայի բո­լոր պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը։ Կաս­կած չկայ թէ այս զար­գա­ցու­մով ստո­ւերի ծանր քօղ մը իջած է ընտրու­թեան ար­դա­րու­թեան վրայ եւ այժմ Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնին կը վի­ճակի այդ շու­քը վե­րաց­նել իր ներ­կա­յաց­նե­լիք առար­կութիւ­նով։ Այս մա­սին խոր­հուրդը ժո­ղով գու­մա­րեց, բայց թերթս հրա­տարա­կու­թեան տրո­ւած պա­հուն տա­կաւին չէր կա­յացած յստակ որո­շում մը։ Եթէ ժո­ղովը գու­մա­րուե­ցաւ միայն մէկ օրա­կար­գով եւ եթէ ժա­մեր անց տա­կաւին որո­շում մը չէ կա­յացած,այս երե­ւոյթն ալ ինքնին ապա­ցոյց է Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նէ ներս տի­րող տա­րակար­ծութիւննե­րու։

Իսկ այս փու­լին ինչպէ՞ս չմտա­ծել Արամ արք. եպիս­կո­պոսի տե­ղապա­հի ընտրու­թե­նէն ետք ըրած յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։ Սրբա­զանը կը պնդէր թէ տեղապահի ընտրութեան օրով կա­շառք առա­ջար­կո­ւած է կարգ մը քո­ւէար­կողնե­րու։ Ու­րեմն այս պա­հուն դժո­ւար է միան­շա­նակ որո­շու­մի մը հան­գիլ։

Ըստ երե­ւոյ­թի խնդի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի գլխա­ցաւ ըլ­լալ մին­չեւ, որ յստա­կանայ այս անե­լը յաղ­թա­հարե­լու եղա­նակ­նե­րը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ