Մշակոյթն է տողանցողը բաղադրատոմսերու ընդմէջէն

Խոհանոցը շատ անգամ մշակոյթի ամենացայտուն դրսեւորումը կը դառնայ։ Շատ անգամ կ՚անտեսենք կամ թերեւս չենք անդրադառնար անոր իրաւ նշանակութեան։ Սակայն «Արաս» հրատարակչատան առաջին հերթին խոհանոցի հետ առնչուած ըլլալուն տպաւորութիւնը թողած հրատարակութիւնները շատ յստակօրէն կը նկարագրեն խոհանոցի ու մշակոյթի յարաբերութիւնը։ Այս ծիրէն ներս իսկոյն կը յիշենք Թագուհի Թովմասեանի բացառիկ մտերմութիւնով մը գրի առած յուշագրութիւնը, որ յաջողած էր ցնցել իր բոլոր ընթերցողները որ ազգութեան ալ պատկանին։ Հոն մենք ականատես եղանք ամբողջ ընտանիքի մը մտերմութեան եւ հաւասարապէս բաժին առինք այդ սեղանէն։ Ապա վրայ հասաւ երբեմնի Մարզուանի քոլէժի խոհարար Պօղոս Փիրանեանի նոյնքան հեզասահ պատումները, որոնց հետ միասին պիտի թափանցէինք բոլորովին ուրիշ աշխարհի մը ապրումներուն։ Այս անգամ կարծես թէ խոհանոցի եւ մշակոյթի անբաժան կապը ընթերցողին փոխանցելու խիստ կարեւոր առաքելութիւնը ստանձնած ըլլար Սիլվա Էօզյէրլի։ Վերջապէս անոր «Ամիտայի Սեղանը» խորագրեալ աշխատասիրութիւնը միայն որոշ ճաշերու բաղադրատոմսեր առաջարկելէ շատ աւելի խոր նշանակութիւն ունի։

Մենք այստեղ ակամայ պիտի տարուինք այն համոզումին, թէ Թագուհի Թովմասեան իր գործով նոր ուղղութիւն մը բացած է եւ հետ այսու իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն անպայման իր մէջ պիտի ունենայ կեանքի որոշ դրուակներ, յիշատակներ։

Սիլվա Էօզյէրլիի գիրքը թղթատողները բնականաբար երկու զատ հատուած պիտի կազմեն։ Մէկ կողմ պիտի մնան, բոլոր այն ընթերցողները, որոնք անցեալին համտեսած են այստեղ յիշուող ճաշատեսակները։ Իսկ անդին պիտի ըլլայ ընթերցողներու մի այլ խմբակ, որ թերեւս առաջին անգամ լսած ըլլայ «Մեֆթունէ», «Միջուկ» կամ «Տելի Ֆերհա» ճաշատեսակները։ Ամէն պարագային հեղինակը երկու զանգուածին համար ալ ունի խօսքը։ Խօսք մը, որուն առանցքը կը կազմէ ինչպէս քիչ առաջ ալ նշեցինք մշակութային այդ մեծ հարստութիւնը։ Անշուշտ որ աշխարհագրութիւնը իր բնորոշիչ յատկութիւնը պիտի ունենայ բոլոր սեղաններու վրայ։ Բայց մենք որքան աղքատացած ենք մոռնալով այդ հրաշք խոհանոցի համերը եւ դատապարտուելով ընթացիկին։ Ո՛չ միայն մեզ պոլսեցիներուս, այլ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին եթէ նոյնիսկ չափազանցած չենք ըլլար ամբողջ աշխարհի տարածքին նոր հասկացողութեան մը ծիլարձակման մասին խօսելով։ Ահա այդ ծիլարձակման երեւոյթը կու գայ տարբեր խոհանոցներու յայտնութիւնով։ Եւ դարձեալ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ պնդենք թէ այս նոր հոսանքը կը խոստանայ բոլորս ալ աւելի զարգացնել, ալ աւելի բազմացնել եւ երանգաւորել մեր քիմքի համը։ Տարիներ առաջ, երբ որոշ զարմանքով կը լսէինք ֆրանսացիներու աւելի քան 300 տեսակ պանիր մշակելու աւանդոյթը պատկերացում իսկ չունէինք, թէ մեր ապրած երկրի վրայ արդեօք պանիրի քանի տեսակներ կ՚արտադրուին։ Այդ մէկը իմացանք բաւական ուշացումով։ Չէինք գիտեր այս երկրի պանիրի տեսականին, հետեւաբար պատկերացում ալ չունէինք անոր բազմազանութեան մասին։ Բայց այսօր զգլխեցուցիչ է այդ տեսականին եւ նաեւ շատ անգամ ալ մատչելի եւ դիւրին հասանելի։ Ուրեմն ամէն ինչ կ՚երեւի թէ սահմանուած էր շուկայի հրամայականով եւ նաեւ մարդկանց անծանօթի դէմ վերապահութեամբ։ Հիմա զարմանալով կը դիտենք թէ ամենավերապահ գտնուողները իսկ կը փորձեն նոր բաղադրատոմսեր եւ կը համերաշխուին, եթէ իրենց քիմքին համար ընդունելի է։

Սիլվա Էօզյէրլի յաջողած է ո՛չ միայն Ամիտայի իր մանկութեան համերը երեւան հանելով, այլ այդ համերուն հետ միասին ամբողջ կեանք մը վերակենդանացնելով։ Յաջողութիւնը շատ անգամ թաքնուած է պարզ, բայց բարի միտքերու ետին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ