«Յուշամատեան» կը շարունակէ յուշ-իրեր հաւաքելու գործը

«Յու­­­շա­­­­­­­մատեան» կայ­­­քէ­­­­­­­ջը նա­­­խորդ տա­­­րի Պոլ­­­սոյ մէջ ձեռ­­­նարկած էր Օս­­­մա­­­­­­­նեան շրջա­­­նի հայ ապ­­­րումնե­­­րու յա­­­տուկ նիւ­­­թե­­­­­­­րու հա­­­ւաք­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը։ Այժմ նոյն բնոյ­­­թի աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը կը կա­­­յանայ Աթէն­­­քի մէջ։ Ութ տա­­­րուայ վաս­­­տակ ու­­­նե­­­­­­­ցող նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը թափ տո­­­ւած է նիւ­­­թե­­­­­­­րու հա­­­ւաք­­­ման եւ դա­­­սաւոր­­­ման գոր­­­ծին։ Բա­­­ցի նիւ­­­թեր հա­­­ւաքե­­­լէ, մտադ­­­րո­­­­­­­ւած է նաեւ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը իրա­­­զեկ դարձնել կա­­­տարուած աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րու մա­­­սին։ Այսպէս նա­­­խատե­­­սուած է նաեւ աշ­­­խա­­­­­­­տանոց­­­ներ, որոնք կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն այս ծի­­­րէ ներս կա­­­տարո­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը։

Յու­­­նաստա­­­նեան մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մը կը կա­­­յանայ «Հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յին» կրթա­­­կան եւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին միու­­­թեան, «Ար­­­մե­­­­­­­նիքա» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի եւ «Յու­­­շա­­­­­­­մատեան»ի հա­­­մատեղ ջան­­­քե­­­­­­­րով։

Կա­­­տարո­­­ւած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ կոչ կ՚ուղղո­­­ւի բո­­­լոր անոնց, որոնք իրենց մօտ ու­­­նին հին լու­­­սանկար­­­ներ, ան­­­տիպ յու­­­շեր, առտնին առար­­­կա­­­­­­­ներ, վա­­­ւերա­­­թուղթեր, գիր­­­քեր, եւ այլն։

Կ՚ըսո­­­ւի թէ աշ­­­խա­­­­­­­տանոց­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին այս տե­­­սակի տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի թո­­­ւայ­­­նա­­­­­­­ցուի տեղ­­­ւոյն վրայ եւ իս­­­կոյն պի­­­տի վե­­­րադար­­­ձո­­­­­­­ւին իրենց տէ­­­րերուն։ Իսկ կա­­­տարո­­­ւելիք դա­­­սախօ­­­սու­­­թիւններն ալ ՝ 28 Նո­­­յեմ­­­բեր 2019 Հինգշաբ­­­թի, ժա­­­մը 20։30ին, Ֆիք­­­սի «Արամ Մա­­­նու­­­կեան» ակումբին մէջ պի­­­տի բա­­­նախօ­­­սէ՝ Վա­­­հէ Թաշ­­­ճեան նիւթ ու­­­նե­­­­­­­նալով «Յու­­­շա­­­­­­­մատեան» ծրա­­­գիրը։ Բաց­­­ման խօս­­­քը պի­­­տի ար­­­տա­­­­­­­սանէ Յա­­­րու­­­թիւն Քիւրքճեան։

Երկրորդ դա­­­սախօ­­­սու­­­թեան հա­­­մար նա­­­խատե­­­սուած է Գո­­­քինիոյ «Զա­­­ւարեան» կեդ­­­րո­­­­­­­նը, ուր այս ան­­­գամ բաց­­­ման խօսք պի­­­տի ար­­­տա­­­­­­­սանէ Գո­­­ւին Մի­­­նասեան։

Իսկ աշ­­­խա­­­­­­­տանոց­­­նե­­­­­­­րը պի­­­տի կա­­­յանան 30 Նո­­­յեմ­­­բեր ժա­­­մը 11։00 18։00 ի մի­­­ջեւ «Արամ Մա­­­նու­­­կեան» ակումբի, 1 Դեկ­­­տեմբե­­­րին դար­­­ձեալ նոյն ժա­­­մերով այս ան­­­գամ «Զա­­­ւարեան» կեդ­­­րո­­­­­­­նի մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ