Կոմիտասը՝ երգ ու բանով

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Ինչպէս ծանուցած էինք թեր­­­­թիս նա­­­­խորդ թի­­­­ւին մէջ, 30 Նո­­­­յեմ­­­­բեր շա­­­­բաթ երե­­­­կոյ Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նական սա­­­­նուց միու­­­­թեան սրա­­­­հին մէջ կա­­­­յացաւ «Փրկիչ» հրա­­­­տարակ­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­տան նա­­­­խաձեռ­­­­նութեամբ հրա­­­­տարա­­­­կուած «Կո­­­­միտա­­­­սի Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն Եր­­­­գեր» եւ Ռու­­­­բէն Կալ­­­­չեանի «Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան Քար­­­­տէսնե­­­­րը» հա­­­­տոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու շնոր­­­­հանդէ­­­­սը։

Միու­­­­թեան ատե­­­­նապետ Գէորգ Պիւ­­­­յիւքսիմ­­­­քէ­­­­­­­­­­­­­­­շեանի բա­­­­րի գալստեան ելոյ­­­­թէն ետք Արեւ Կա­­­­րեան ող­­­­ջունեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ները եւ ելոյթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալու հա­­­­մար բարձրա­­­­խօսը յանձնեց հրա­­­­տարա­­­­կիչ Միհ­­­­րան Փրկի­­­­չի։ Միհ­­­­րան Փրկիչ եւս իր կար­­­­գին գո­­­­հու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւն յայտնեց նա­­­­խաձեռ­­­­նութեան հան­­­­դէպ ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­բերո­­­­ւած ու­­­­շադրու­­­­թեան հա­­­­մար եւ ող­­­­ջունեց զոյգ հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք իրենց վաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կով եկան հարստաց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու մեր մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին աւան­­­­դը։ Այս կարճ ելոյթնե­­­­րէն ետք իրա­­­­ւաբան Սա­­­­րօ Պենկլիեան ստանձնեց հա­­­­ղոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­վարի պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնը եւ առիթ ընձե­­­­ռեց զրոյ­­­­ցին հե­­­­զասահ ըն­­­­թացքին հա­­­­մար։ Տի­­­­րան Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեան նախ հա­­­­կիրճ կեր­­­­պով պատ­­­­մեց իր ուսման հա­­­­մար Հա­­­­յաս­­­­տան եր­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­լու եւ ապա Կո­­­­միտա­­­­սի ար­­­­խիւնե­­­­րու պահ­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նուած գրա­­­­դարա­­­­նին մէջ ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւններ ընե­­­­լու ոդի­­­­սակա­­­­նը։ Այս հե­­­­տաքրքրա­­­­կան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը իր հետ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է բա­­­­զում դժո­­­­ւարու­­­­թիւններ, մա­­­­նաւանդ ձե­­­­ռագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու վեր­­­­ծանման առու­­­­մով։

«Եր­­­­բեմն նոյն տո­­­­ղի վրայ գրա­­­­ռումնե­­­­րուն կէ­­­­սը Եւ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­պական ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­նիշե­­­­րով, իսկ կէսն ալ համ­­­­բարձու­­­­մեան ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­նիշե­­­­րով գրո­­­­ւած կ՚ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­յին։ Սա­­­­կայն ին­­­­ծի հա­­­­մար կա­­­­րեւո­­­­րագոյն յայտնու­­­­թիւնը եղաւ Կո­­­­միտա­­­­սի ոչ հա­­­­յերէն գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Յա­­­­ջողե­­­­ցաւ գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ գոր­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­քային կա­­­­տարումնե­­­­րը առանձնաց­­­­նել եւ ահա լոյս տե­­­­սաւ այս հա­­­­տորը։ Առա­­­­ջին տպագ­­­­րութիւ­­­­նը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ հա­­­­յերէն եւ գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։ Ու­­­­րախ եմ այս ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թեան ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նացած ու­­­­շադրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ Գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րը ար­­­­դէն իսկ սկսած են զա­­­­նազան կա­­­­տարող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կող­­­­մէ մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանո­­­­ւիլ»։

Ապա բեմ բարձրա­­­­ցաւ Ռու­­­­բէն Կալ­­­­չեան եւ ան ալ իր կար­­­­գին բա­­­­ցատ­­­­րութիւններ տո­­­­ւաւ կա­­­­տարած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թեան մա­­­­սին։ Կալ­­­­չեան նախ նշեց, թէ իր այս աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը սի­­­­րողա­­­­կան հե­­­­տաքրքրու­­­­թեան մը հե­­­­տեւանքն է, քա­­­­նի որ ան որ­­­­պէս աս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րէզ ելեկտրա­­­­կան ճար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րագէտ է եւ կապ իսկ չու­­­­նի աշ­­­­խարհագ­­­­րութեան հետ։ «Ամէն ինչ ըն­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ պա­­­­տահա­­­­կանու­­­­թիւննե­­­­րու բեր­­­­մամբ։ Ման­­­­կութեան տա­­­­րինե­­­­րէ իսկ ին­­­­ծի հա­­­­մար հե­­­­տաքրքրա­­­­կան թո­ւացած են քար­­­­տէսնե­­­­րը։ Մեր տան պա­­­­տին ու­­­­նէինք հսկայ քար­­­­տէս մը, որուն դի­­­­մաց եր­­­­կար ժա­­­­մեր կրնա­­­­յի անցնել։ Ապա տա­­­­րիներ անց սկսայ աճուրդնե­­­­րով քար­­­­տէսներ գնե­­­­լու եւ նաեւ ու­­­­սումնա­­­­սիրե­­­­լու աշ­­­­խարհի քար­­­­տէսնե­­­­րը ու մա­­­­նաւանդ ալ անոնց վրայ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի դիր­­­­քը։ Վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս իմ ու­­­­սումնա­­­­սիրած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը առ­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­սարակ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նը ցոյց տո­ւող քար­­­­տէսներ են։ Անոնցմէ հնա­­­­գոյ­­­­նը բա­­­­բելո­­­­նեան կա­­­­ւէ քար­­­­տէս մըն է, որուն վրայ նշո­­­­ւած են միայն երեք եր­­­­կիրներ՝ Հա­­­­յաս­­­­տան, Ասո­­­­րես­­­­տան եւ Բա­­­­բելոն։ Եւ ու­­­­նի 2600 տա­­­­րուայ ան­­­­ցեալ։ Մա­­­­նաւանդ այս վեր­­­­ջին լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւնը պա­­­­տաս­­­­խան մըն էր, այն պնդումնե­­­­րուն, որոնք կը փոր­­­­ձեն հա­­­­յը ան­­­­հայրե­­­­նիք եւ թա­­­­փառա­­­­կան ցոյց տա­­­­լու»։

Գիր­­­­քի շնոր­­­­հանդէ­­­­սը աւար­­­­տին հա­­­­սաւ Տի­­­­րան Լոք­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կէօզեանի Կո­­­­միտա­­­­սի գեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ներէն եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րուն կա­­­­տարու­­­­մով, որոնց ըն­­­­թացքին դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­րով իրեն ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Ան­­­­նա Յա­­­­կոբեան Ուղուրլեան։

Լաւ ծրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած այս շնոր­­­­հանդէ­­­­սը հա­­­­մեստ ու փայլուն մաս­­­­նակցու­­­­թիւն մըն էր Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի յի­­­­շատակ­­­­ման ձօ­­­­նուած բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ մի­­ջոցա­­ռումներու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ